Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Մեզի Համար Որեւէ Լուծումի Գլխաւոր Բանալին Պատերազմը Դադրեցնելը, Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելն Ու Նախագահ Ընտրելն Է»

Նոյեմբեր 7, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան նիստի սկիզբը խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Իսրայէլեան վայրագ պատերազմը կը շարունակուի` թիրախաւորելով ամբողջ Լիբանանը, անոր բնակիչները, բժշկական ու շտապ օգնութեան անձնակազմերը, պաշտամունքի վայրերը, հիւանդանոցները եւ կեանքի բոլոր երեւոյթները, ինչպէս նաեւ բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ին վրայ յարձակումները բացայայտ կերպով կը խախտեն բարոյական կանոնները, միջազգային օրէնքներն ու մարդկային արժէքները, իսկ լիբանանցիները նահատակներ ու վիրաւորներ են»:

«Այս ամսուան սկիզբը հայրենիքը մուտք գործեց հանրապետութեան նախագահի աթոռի դատարկութեան երրորդ տարին, եւ ասիկա սահմանադրական պարտաւորութիւն է բոլորին համար», նշեց Միքաթի:

Ան աւելցուց. «Կը վերահաստատենք քաղաքական բոլոր հեղինակութիւններուն միջեւ երկխօսութեան մեր մնայուն կոչը` հասնելու համար հասարակաց կէտի մը, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հիմք կը դառնայ»:

«Օտար եւ արաբ պաշտօնատարներու միջազգային եւ արաբական այցելութիւնները, ինչպէս նաեւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին, Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի, Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի, Իրլանտայի վարչապետ Սայմըն Հարիսի եւ Լիբանանի աջակցութեան համար Փարիզի խորհրդաժողովին մասնակից նախագահներուն ու արաբական ու բարեկամ պետութիւններու նախարարներուն հետ հանդիպումներս եղբայրական ու բարեկամ մեծ պետութիւններու Լիբանանի նկատմամբ միջազգային զօրակցութիւնն ու հետաքրքրութիւնը ցոյց կու տան: Սակայն, դժբախտաբար Իսրայէլ կը տապալէ զինադադարի հաստատման միջազգային բոլոր փորձերը»:

«Կառավարութեան ու Լիբանանի անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ֆրանսային` անոր մարդասիրական նախաձեռնութեան համար, եւ կը գնահատենք բանակի կարողութիւններուն ամրապնդման վերաբերեալ անոր դերակատարութիւնը եւ անհամբեր կը սպասենք Լիբանանը այս դառն տագնապէն ու Լիբանանի վրայ իսրայէլեան բանակի յարձակումի յաղթահարման կարող դարձնելու յաւելեալ նախաձեռնութիւններու», ըսաւ Միքաթի:

«Կը դատապարտենք եւ միջազգային ընտանիքը պատասխանատու կը նկատենք Լիբանանի վրայ իսրայէլեան ցեղասպանական պատերազմին, Իսրայէլի կողմէ գիւղաքաղաքներ ու քաղաքներ քանդելուն, քաղաքայիններ սպաննելուն, բանակի անդամներ ահաբեկելուն, բժշկական անձնակազմերը, Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը եւ շտապ օգնութեան անձնակազմերը թիրախաւորելուն համար, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի վրայ յարձակումին համար: ՖԻՆԻՒԼ-ի թիրախաւորումը միջազգային ընտանիքին ու Ապահովութեան խորհուրդին թիրախաւորում է` նկատի ունենալով անոր միջազգային օրինականութիւնը: Եւ այս քանդումը կը շարունակուի ներառելով հիւանդանոցները, դպրոցներն ու կրթական հաստատութիւնները», աւելցուց ան:

«Մեր դիրքորոշումն ու որոշումը Լիբանանի արժանապատուութիւնը պահելն է, ինչպէս նաեւ նախանձախնդրութիւնը ազգային գերիշխանութեան բոլոր երեւոյթներու յարգման նկատմամբ, եւ որեւէ խախտումի ու յարձակումի նկատմամբ աչք պիտի չփակենք», ըսաւ ան:

«Լիբանանի վրայ շարունակուող ու մագլցում արձանագրող իսրայէլեան յարձակումները վերածուեցան մարդկութեան դէմ ոճիրներու, եւ Լիբանանի կողմէ ընդունելի որեւէ լուծումի բանալին մեր վրայ շղթայազերծուած պատերազմի դադրեցումն է, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութիւնը եւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան ձեռնարկումը, որուն շնորհիւ հաստատութիւնները կը կանոնաւորուին, կայունութիւնը կը վերականգնենք եւ պատերազմին բոլոր քանդածներուն վերաշինութեան ու կառուցման աշխատանքին կը ձեռնարկենք:

«Այս առումով կ՛ողջունենք եւ կը գնահատենք լիբանանցիներուն` իրենց հարազատներուն եւ իրենց գիւղերն ու տուները լքելու ստիպուած հարազատներուն հետ միասնականութեան կեցուածքները»:

Միքաթի ողջունեց կրթութեան նախարարի եւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատարներուն աշխատանքը:

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատարը նաեւ շնորհաւորեց Տանըլտ Թրամփը` իր Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուելուն առիթով` նշելով. «Այս առտու հրապարակուեցան Միացեալ Նահանգներու ընտրութեան նախնական արդիւնքները, ուստի պէտք է շնորհաւորել ընտրուած նախագահն ու ամերիկացի ժողովուրդը ժողովրդավարութեան կիրարկման համար»:

 

Նախորդը

Պու Հապիպ. «Պատրաստ Ենք Ամրապնդելու Լիթանի Գետէն Հարաւ Բանակի Ներկայութիւնը»

Յաջորդը

«Մեր Համոզումն Է, Որ Միայն Մէկ Բան Պատերազմը Կը Դադրեցնէ` Մարտի Դաշտը» Կ՛ըսէ Շէյխ Քասեմ

RelatedPosts

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին  Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու»  Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու» Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը

Յուլիս 15, 2025
Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ  Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար  Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման

Յուլիս 15, 2025
Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ  Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց  Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ  Շարունակելու Կարելիութիւնը»
Լիբանանեան

Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ Շարունակելու Կարելիութիւնը»

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?