Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթիի Հետ Հանդիպումէն Ետք. «Տար Ֆաթուան Կ՛աջակցի Եւ Կը Զօրակցի Լիբանանը Սիոնական Յարձակումէն Փրկող Միքաթիի Բոլոր Ջանքերուն» Կ՛ըսէ Հանրապետութեան Միւֆթին

November 8, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրին վարչապետարանին մէջ ընդունեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիանը եւ անոր հետ քննարկեց ներկայ զարգացումները:

Միքաթի յայտնեց, որ հանրապետութեան միւֆթիի ազգային կեցուածքները լաւագոյնս կ՛արտայայտեն Տար Ֆաթուայի մարմնաւորած լիբանանեան ազգային ոգին` շեշտելով. «Ներկայ փուլը լիբանանեան բոլոր ղեկավարներուն գործակցութեան ու միասնականութեան կը կարօտի` դիմակայելու համար Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքները եւ լիբանանցիները պաշտպանելու համար չարիքներէն ու սադրանքներէն, որոնց իսրայէլացի թշնամին կը ձգտի»:

Հանրապետութեան միւֆթին յայտարարեց. «Տար Ֆաթուան իր ազգային ու իսլամական կշիռով կ՛աջակցի եւ կը զօրակցի Միքաթիի` Լիբանանը սիոնական յարձակումէն, ինչպէս նաեւ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական ու կենցաղային տագնապներէն փրկելու բոլոր ջանքերուն»:

Միւֆթին նշեց, որ Միքաթիի մօտ նշմարած է բոլոր հարցերը իմաստութեամբ, համբերութեամբ եւ Լիբանանի քաղաքական բոլոր կողմերու հետ գործակցութեամբ լուծելու խոր նախանձախնդրութիւն մը: Որովհետեւ վարչապետ Միքաթին բացառիկ պետական այր է, եւ պէտք է, անոր օգնել եւ անոր կողքին կանգնիլ»:

«Ժամանակն է, որ բոլոր քաղաքական ուժերը վճռեն նախագահական ընտրութեան հոլովոյթի կատարումը, եւ Լիբանան չի կրնար առանց հանրապետութեան նախագահի մնալ: Բոլորը պէտք է գործակցին կարելի եղածին չափ շուտ նախագահ ընտրելու համար, այլապէս երկիրը ենթակայ պիտի մնայ բոլոր տեսակի կարելիութիւններուն, եւ մեզ մեծապէս կը հետաքրքրէ, որ այս երկիրը ըլլայ կայուն, անվտանգ ու հանդարտ, եւ կայունութեան ու ապահովութեան առաջին քայլերէն մէկն է զինադադարը եւ բոլորը միատեղող նախագահի ընտրութիւնը», ըսաւ շէյխ Տրիան:

«Լիայոյս ենք, որ վարչապետը լիբանանցիներուն յոյսերն ու ձգտումները պիտի ներկայացնէ Սէուտական Արաբիոյ մէջ նախատեսուած արաբական վեհաժողովին, որ կը գումարուի Սէուտական Արաբիոյ Սալման Պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հրաւէրով», նշեց հանրապետութեան միւֆթին:

Նախորդը

Միքաթի Ընդունեց Դեսպան Աթաբէկեանը

Յաջորդը

«Լիբանանի Հետ Բանակցելու Պարտականութիւնը Պիտի Ստանձնեմ» Կ՛ըսէ Թրամփի Խորհրդական Պուլոս

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.