Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի. Պայտըն Պիտի Ձգտի Իր Նստաշրջանի Աւարտէն Առաջ Կազայի Եւ Լիբանանի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալ

November 7, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Տանըլտ Թրամփ պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ նախագահը, սակայն մինչեւ 20 յունուար` անոր երդման արարողութիւնը, Ճօ Պայտըն եւ անոր տեղակալ Քամալա Հարիս պիտի շարունակեն պաշտօնավարել:

Օրաթերթը նշեց, որ այդ իրողութիւնը Իսրայէլի եւ աշխարհի համար կը նշանակէ, թէ Պայտըն պիտի շարունակէ յառաջիկայ երկու ամսուան ընթացքին վարել Միացեալ Նահանգներու ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնը, եւ Իսրայէլ պէտք է ուշադիր ըլլայ եւ իր քաղաքականութիւնը կարելի եղածին չափ համակարգէ համաշխարհային ուժին հետ, որ իր դաշնակիցն է` աւելցնելով, որ պէտք է գնահատել, թէ իր նստաշրջանի մնացեալ բաժինի ընթացքին Պայտընի քաղաքականութիւնը ի՛նչ պիտի ըլլայ:

«Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի համաձայն, ընտրութեան աւարտով, Պայտըն այլեւս ընտրական կապանքներէն ազատ պիտի ըլլայ, այսինքն` պիտի չստիպուի շարունակ ուշադրութիւն դարձնել հրէական կամ իսլամական քուէներուն, «եւ որոշ չափով պիտի ազատուի ծայրայեղական յառաջդիմական թեւի ահաբեկումէն, որ զինք մղեց Իսրայէլի նկատմամբ դիրքորոշումը կարծրացնելու»:

Օրաթերթին համաձայն, Պայտըն պիտի փորձէ իր ետին յստակ ժառանգութիւն մը ձգել, եւ թէեւ ամերիկեան ներքին հարցերուն մէջ շատ բան չունի ընելիք, սակայն կ՛ուզէ Միջին Արեւելքի մէջ հետք ձգել` իբրեւ Կազայի եւ Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տուող, պաղեստինցիներու տառապանքին վերջ տուող եւ Իրանը զսպող:

Հաւանական է նաեւ, որ ան կրցածին չափ օգնէ Ուքրանիոյ` գիտակցելով, որ Թրամփ կրնայ ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ կատարել շրջադարձ մը, որ աւելի Վլատիմիր Փութինին կ՛օգնէ, քան Վոլոտիմիր Զելենսքիին:

«Ետիոթ Ահրոնոթ» նաեւ կը նշէ. «Միայն մայիսէն յուլիս 2025 երկարող ժամանակաշրջանին կարելի պիտի ըլլայ սկսիլ հասկնալ Թրամփի վարչակազմի մասնաւորաբար պատերազմին եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի նկատմամբ քաղաքականութիւնը»:

 

 

Նախորդը

Միւֆթի Տրիան Կոչ Կ՛ուղղէ Միքաթիի Կողքին Կանգնելու

Յաջորդը

Պու Հապիպ. «Պատրաստ Ենք Ամրապնդելու Լիթանի Գետէն Հարաւ Բանակի Ներկայութիւնը»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.