Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը կիրակի օր «Լիբանանեան դիմադրութեան նահատակներու» հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին նշեց. «Խաղաղութիւնը իրաւունքէն զիջում չէ, որովհետեւ կը կառուցուի կամքով, քաջութեամբ, արդարութեամբ եւ իրաւունքին կառչելով»:
«Հասարակական պաշտօնը, եթէ ծառայութեան համար չէ, տիրապետման կը վերածուի, եւ քաղաքականութիւնը, եթէ մարդոց ծառայութեան համար չէ, բաժնեմասերու շուրջ տեւական պայքարի կը վերածուի», ըսաւ ան:
«Լիբանանը այսօր կարիքը ունի պետական այրերու, որոնք հայրենիքը իրենց դիրքերէն վեր կը դասեն: Լիբանանը հասարակութեան մէջ ալ կարիքը ունի մարդոց, որոնք կը մերժեն գրգռութեան հռետորաբանութիւնը, տեղեկատուութեան մէջ` պատասխանատու խօսքի, որ տարակարծութիւնը թշնամանքի չի փոխեր, իսկ տուներուն մէջ դաստիարակութեան, որ հին ատելութիւնները նոր սերունդին ժառանգ չի ձգեր», նշեց մարոնիներու պատրիարքը:
«Լիբանանի պաշտպանութիւնը կը սկսի զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելով, ուժեղ բանակով, ամբողջական գերիշխանութեամբ, անոր որոշումը պաշտպանող անկողմնակալութեամբ, ամբողջական Հարաւով եւ պետութեամբ մը, որ իր զաւակներուն վստահութեան կը վերատիրանայ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Լիբանանը իր անկողմնակալութեամբ իր շրջապատէն փախուստ չի տար եւ արդար դատեր չի լքեր, այլ երկխօսութեան վրայ կը կեդրոնանայ»:
«Հարաւային Լիբանանը բանակցութեան խաղաքարտ չէ, այլ` լիբանանեան հող, անոր բնակիչները քաղաքացիներ են, որոնք անվտանգութեան, կեանքի եւ կայունութեան իրաւունք ունին: Պէտք է յարձակումները դադրին, եւ հողն ու իրաւունքները պահպանուին», շեշտեց մարոնիներու պատրիարքը:
«Ինչ կը վերաբերի բանակցութիւններուն, մենք կը զօրակցինք ամէն քաղաքական ու դիւանագիտական լուրջ ուղիի, որ կը պաշտպանէ Լիբանանը, զայն պատերազմէ զերծ կը կացուցէ, ինչպէս նաեւ հեռացումը, իրաւունքները, գերիշխանութիւնը, անվտանգութիւնը եւ կայունութիւնը կ՛իրագործէ», նշեց Ռայի պատրիարքը:


