«Ախպար» օրաթերթը կը գրէ. «Հակառակ թրքական պետութեան լիբանանեան պետութեան ղեկավարներուն հետ բաց դռներու քաղաքականութիւն վարելուն, թուրք պաշտօնատարները մինչեւ հիմա չյաջողեցան Տար Ֆաթուայի հետ իրողական յարաբերութիւններ մշակել` հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիանի այդ հարցին նկատմամբ խանդավառ չըլլալուն պատճառով: Դիտորդներ այդ կեցուածքը կը վերագրեն, Սէուտական Արաբիան չգրգռելու անոր նախանձախնդրութեան հաւանականութեան»:
«Ախպար»-ի տեղեկութեան համաձայն, Տար Ֆաթուան վերջերս մերժած է ժամադրութիւն ճշդել մարդասիրական օժանդակութեամբ զբաղող թրքական դիւանագիտական պատուիրակութեան մը, որ կ՛ուզէր շէյխ Տրիանի հետ հանդիպում ունենալ:
Պատուիրակութիւնը նախքան այդ այցելած էր շարք մը քաղաքական եւ հոգեւոր հեղինակութիւններու, ինչպէս` մարոնիներու Ռայի պատրիարքին, եւ պատուիրակութեան այցելութեան նպատակը քաղաքականէն աւելի հիմնականին մէջ օժանդակութեան թղթածրարներու առնչուած է:
«Տար Ֆաթուայի դռները Անգարայի առջեւ փակ պահելու Տրիանի որոշումը նոր չէ: Հանրապետութեան միւֆթին յաճախ կ՛այցելէ Թուրքիա, որովհետեւ այդտեղ տուն ունի, սակայն չէ պատահած, որ թրքական քաղաքական որեւէ հեղինակութեան այցելէ, ինչպէս նաեւ թրքական իշխանութիւնները անոր պաշտօնական ընդունելութիւն չեն պատրաստած», կը գրէ օրաթերթը:


