. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «վարչապետ Սալամ Նիւ Եորք իր այցելութեան ընթացքին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին իր արտասանելիք խօսքին մէջ եւ հանդիպումներուն ընթացքին պիտի փոխանցէ Իսրայէլի հետ բանակցային հոլովոյթին կառչելու Լիբանանի դիրքորոշումը եւ վերահաստատէ զէնքի մենաշնորհման ծրագիրները գործադրելու պետութեան վճռակամութիւնը»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «ՖԻՆԻՒԼ-ին այլընտրանքային եւրոպական ուժի մը փոխարինման ընտրանքը տակաւին ամէնէն շատ առիթը ունի, եւ Ֆրանսան ու Իտալիան աշխատանք կը տանին յստակացնելու տարազը եւ ճշդելու այս ուժին առաքելութիւնն ու իրաւասութիւնները»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «ՖԻՆԻՒԼ-ի այլընտրանքին շուրջ համաձայնութիւնը չէ ապահովուած. մինչ Լիբանան կը պնդէ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը երկարաձգելու վրայ, Իսրայէլ կը մերժէ անոր այլընտրանքին մէջ իտալական ուժերու ներկայութիւնը, իսկ Իտալիան հետագային վերապահութիւն յայտնեց, երբ իմացաւ, թէ Հըզպալլան իր համակիր զանգուածին մէջ գտնուելու համար իրեն անհրաժեշտ ծածկոյթ չէ ապահոված»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ հաւաստի տեղեկութիւններ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Տակաւին մեծ խոչընդոտներ արգելք կը հանդիսանան ՖԻՆԻՒԼ-ը հարաւային Լիբանանի մէջ պահելու կամ անոր այլընտրանքային ծիրի մշակման համար, եւ այս հարցին վերաբերեալ ամերիկեան կողմը պաղ վերաբերմունք կը ցուցաբերէ»:
. ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «ՖԻՆԻՒԼ-ի թղթածրարը մեր հիմնական մտահոգութիւնն է, որովհետեւ պէտք է լուծուի` իբրեւ հարաւային Լիբանանի մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հաստատման տարր: Խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան միջազգային տարբեր մակարդակներու վրայ եւ ՄԱԿ-ի մակարդակով»:
. ՄԱԿ-էն բարձրաստիճան աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Չեմ յաւակնիր իմանալ, թէ պետութիւնները ի՛նչ կը ծրագրեն կամ կառավարութիւնները ի՛նչ կրնան որոշել, սակայն ընդհանուր պատկերի առարկայական դիտարկումով մը կ՛ենթադրեմ, թէ հարցերը ճահճացման կամ սառեցումի ենթարկուած են եւ տեղքայլի մէջ պիտի մնան, մինչեւ Քնեսեթի ընտրութիւններն ու Ամերիկայի ընտրութիւններէն ետք»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի հաստատ տեղեկութիւններուն համաձայն, «կացութեան ներկայ վատթարացման պատճառով նախարարական փոփոխութիւններ կատարելու գաղափարը պաշտօնատարներուն միջեւ հաղորդակցութիւններէն ետք տարածուած է` կառավարութեան եւ ժողովուրդին դրական խթան հաղորդելու նպատակով»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Իսրայէլեան բանակին մէջ մտավախութիւն կայ, որ Հըզպալլան յառաջիկայ ձմրան եղանակը օգտագործելով` մշուշէն օգտուելով ներթափանցէ եւ լարէ ականներ, որոնք հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բանակի ուժերը կը թիրախաւորեն»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Տէյր Միմասի միջադէպը գործնական օրինակ տուաւ, թէ պետութիւնը ինչպէ՛ս կը կառավարէ հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլի կողմէ որեւէ բախում կամ խախտում` ամրապնդելով այդտեղ գտնուող օրինական զինուորական ներկայութիւնը եւ զայն կապելով միջազգային համակարգման եւ հաղորդակցման ուղիներու հետ»:
. ՍՈՒՐԻ եւ Պընթ Ժպէյլի գաւառներու գիւղերէն ու գիւղաքաղաքներէն եկողներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Գիւղերուն մէջ ապրիլը անկարելի դարձաւ, երբ թշնամին զանոնք վերածեց անապատի` առանց ջուրի, առանց կեանքի, առանց անվտանգութեան եւ առանց ապահովութեան»:
. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ»-Ի դաշտային տեղեկութիւններուն համաձայն, «իսրայէլեան բանակը դիտաւորեալ կերպով կրակի տուաւ Մէյս Ժապալի հիւանդանոցը, եւ բոցերը տարածուեցան հիւանդատար մեքենաներուն, մազութի պահեստանոցներուն եւ բժշկական բոլոր պարագաներուն»:
. ՍԵԶԱՐ Ապի Խալիլ «Սաութ Քուլ Լուպնան»-ին. «Կառավարութեան գործունէութեան քննարկման նիստը թերացման ծաւալը ցոյց տուաւ եւ հակասութիւններ բացայայտեց կառավարութեան մէջ, որուն բաղկացուցիչ կողմերը չեն կրնար անոր վստահութեան քուէ շնորհել, ապա անմեղ ձեւանալ»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-ի համաձայն, շարք մը հաստատութիւններ այսօրուընէ սկսեալ դիմած են աշխատանքի ժամը օրական մէկ ժամով կրճատելու քայլին` ելեկտրականութեան հաշուեցոյցի գինը նուազեցնելու եւ գործառնական բեռը նուազեցնելու նպատակով:
. ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ականաւոր աղբիւր մը «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին մտավախութիւն յայտնած է, որ նաւթամթերքի գիներու շարունակուող բարձրացումը յանգեցնէ Լիբանանի մէջ բազմաթիւ հաստատութիւններու եւ աշխատատեղիներու փակման` իբրեւ հետեւանք մեծ աճին փոխադրութեան եւ ելեկտրականութեան գիներու, որոնք տնտեսական ներկայ կացութեան մէջ ընկերութիւններուն եւ հաստատութիւններուն համար հիմնական բեռ կը ներկայացնեն:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերու մեծամասնութիւնը բաժանորդները կը զգուշացնեն մազութի գիներու ահաւոր բարձրացման լոյսին տակ իբրեւ անխուսափելի ընտրանք խնայողութեան դիմելէ, որովհետեւ մազութի մէկ թոնը հասած է շուրջ 1500 տոլարի, եւ շարժակներու շահագործման ծախսերը դարձած են ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերէն շատերուն համար անտանելի, ինչ որ բաժանորդները կ՛ենթարկէ երկար ժամերով ելեկտրականութեան չգոյութեան վտանգի, ինչ որ ելեկտրականութեան ճգնաժամը կրնայ վերադարձնել իր վատագոյն ժամանակին:


