«Իսրայէլ կը կիրարկէ հրկիզուած հողի քաղաքականութիւն», յայտարարեց երեսփոխան Ապտել Ռահման Պըզրի երէկ` անդրադառնալով Լիբանանի գծով Իսրայէլի որդեգրած քաղաքականութեան: Պըզրի նշեց, որ Իսրայէլ կը գտնուի նախընտրական փուլի մէջ եւ կ՛ուզէ Լիբանանի հետ իր հարցը օգտագործել իբրեւ ընտրական խաղաքարտ` դիտել տալով, որ պէտք է սպասել մինչեւ այդ ընտրութեան արդիւնքներն ու կացութեան յստակացումը: Պըզրի յիշեցուց, թէ Իսրայէլ կը հրկիզէ իր տիրապետած լիբանանեան հողատարածքները` փորձելով կանխարգիլել հարաւցիներու տունդարձը:
«Շրջանին մէջ լուծման նախանշաններուն կարելի է սպասել հազիւ շրջանային ամերիկեւիրանեան պատերազմի ու ամերիկեան կիսամեայ ընտրութեանց արդիւնքներէն ետք», դիտել տուաւ Պըզրի: Պըզրի անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի գործօն մասնակցութիւնը միջազգային քուլիսային հանդիպումներուն, «որովհետեւ Լիբանան իրաւունքով է, եւ անոր աշխուժ մասնակցութիւնը առաւել եւս կը հիմնաւորէ իր դատին արդարացի ըլլալը միջազգային հայթակներու վրայ», ընդգծեց Պըզրի:


