ՄԱԿ-ի ժողովին իր մասնակցութեան զուգահեռ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր երկիրներու ղեկավարներուն հետ: Խօսակցութիւնները հիմնականին մէջ կեդրոնացան շրջանին եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ անդորրութեան ու կայունութեան ամրապնդման քայլերուն եւ Լիբանանի հետ յարաբերութեանց աշխուժացման ճիգերուն վրայ: Նմանապէս, վարչապետը ընդգծեց հարաւային գրաւեալ շրջաններու վերակառուցման եւ իսրայէլեան ուժերու հեռացման հրամայականն ու տեղահանուածներու ապահով տունդարձի անհրաժեշտութիւնը:
Արդարեւ, անցնող երկու օրերուն իր տեսակցութեանց անդրադառնալով` վարչապետ Սալամ «Էքս» հարթակի իր էջին մէջ նշած է իր տեսակցած ղեկավարներուն անուններն ու արծարծուած հարցերը:
Այս ծիրին մէջ Սալամ տեսակցած է Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Եուսեֆ Ռաժժիի եւ Ասաատ Շիպանիի: Քննարկուած են հիմնականին մէջ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ միացեալ գերագոյն յանձնախումբի վերաշխուժացման, Լիբանանի մէջ խաղաղութեան, գերիշխանութեան ու կայունութեան ամրապնդման քայլերը, ինչպէս նաեւ` շրջանին մէջ հաղորդակցութեան, յատկապէս` ելեկտրականութեան, ուժանիւթի, փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառոյցի վերակենդանացման կարելիութիւնները:
Նիւ Եորքի մէջ 22-28 սեպտեմբերի միջեւ գումարուող ՄԱԿ-ի 81-րդ Ընդհանուր ժողովին զուգահեռ վարչապետ Սալամ նաեւ հանդիպում ունեցած է Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքեանի հետ` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարարներ Ապպաս Արաղչիի եւ Եուսեֆ Ռաժժիի: Այս առիթով Լիբանանի վարչապետը կայունութիւն եւ խաղաղութիւն մաղթած է Իրանին` նշելով, որ Լիբանանը զերծ պէտք է պահել շրջանային հակամարտութեանց հետեւանքներէն ու յարգել Լիբանանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը: Այս առիթով վարչապետ Սալամ Իրանի նախագահին առաջարկեց Լիբանանի մէջ նոր դեսպան նշանակել եւ նոր էջ բանալ Լիբանանի հետ:
Սալամ նաեւ մասնակցած է շրջանային մակարդակի քաղաքական ու տնտեսական օրակարգերով հանդիպումներու, ինչպէս նաեւ անջատ հանդիպումներ ունեցած է շրջանային թէ միջազգային երկիրներու համապատասխան ներկայացուցիչներուն հետ, ինչպէս` Ծոցի երկիրներուն, Եգիպտոսի, Յորդանանի, Քուէյթի, Եմէնի, Սուրիոյ, Արաբական Միացեալ էմիրութեանց, Սպանիոյ, Ռումանիոյ, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ ՄԱԿ-ի բարձրագոյն յանձնախումբերու, Եւրոպական Միութեան եւ այլ մարմիններու պատասխանատուներուն հետ:
Այս հանդիպումներուն ծիրին մէջ ուշագրաւ էր Լիբանանի կայունութեան եւ վերականգնումին համար Եւրոպական Միութեան տրամադրած հինգ հարիւր հինգ (505) միլիոն եւրոյի ծրարի յատկացումը:


