. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը կը մերժեն ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը ներկայ տեսքով նոյնիսկ կարճ ժամանակով երկարաձգելը, եթէ մտադրութիւնը նոյն ուժերն ու նոյն լիազօրութիւնները պահելն է: Կը պահանջուի փոփոխութեան ենթարկել առաքելութեան բնոյթը, անոր գործունէութեան մեթոտները եւ լիազօրութեան սահմանները»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «փորձնական շրջաններու քննարկումը գործնականին մէջ վերջ գտաւ, եւ փորձին մահը գուժուեցաւ, երբ ան բախեցաւ այն իրողութիւններուն, զորս պէտք էր փորձարկէր»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Ասաս Միտիա»-ին. «Լիբանանեան կողմը հիմա շահ չի տեսներ յաջորդ հոկտեմբերին` Քնեսեթի ընտրութիւններէն շաբաթներ կամ օրեր ետք, բանակցութիւններու փուլ կատարելու մէջ, եւ կը նախընտրէ, որ անիկա տեղի ունենայ այս ժամկէտի աւարտէն ետք, նոյնիսկ եթէ ատիկա ժամանակ պահանջէ, որովհետեւ իսրայէլացիները պատրաստ չեն որեւէ բան տալու»:
. «ԱՍԱՍ ՄԻՏԻԱ» կը հաղորդէ, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն կը զօրակցի Հըզպալլայի հետ երկխօսութեան եւ կը սպասէ կուսակցութեան կողմէ իր զէնքը յանձնելու վերաբերեալ հրապարակային յայտարարութեան մը կամ դիրքորոշման մը, սակայն կը մերժէ զէնքին վերաբերեալ կառավարութեան որոշումներէն ետդարձ կատարելու կամ բանակցութիւնները դադրեցնելու Հըզպալլայի նախապայմանները, որոնք, նախագահին խօսքով, տեղի պիտի չունենան:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին յայտնած են, որ իրենց վերլուծութեան համաձայն, աշխատաւորական միութիւններու ձեռնարկած մագլցումն ու վատթարացող տնտեսական ու ապրուստի պայմաններու դէմ բողոքի ցոյցերու սպառնալիքները կը համընկնին նախագահութեան եւ շիի երկեակին միջեւ քաղաքական լուրջ վէճին: Աղբիւրները նշած են, թէ աշխատաւորական միութիւններու շարժումները ղեկավարող քանի մը հիմնական դէմքեր կապուած է շիի երկեակի քաղաքական ուժերուն, մասնաւորաբար խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան քուլիսներուն մէջ նախարար Ճօ Ստիի «հրաժարական» բառը տակաւին չէ արտաբերուած, եւ կուսակցութիւնը ունի բազմաթիւ տարբերակներ, որոնց կրնայ ձեռնարկել, եթէ կառավարութիւնը չարձագանգէ նախարար Ստիի ուժանիւթի թղթածրարին վերաբերեալ պահանջներուն, մասնաւորաբար` պետութեան Լիբանանի Ելեկտրականութեան ընկերութեան ունեցած պարտքերուն վերաբերեալ:


