Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի Գործունէութիւնը

September 26, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ո՛վ կամաւորներ, դուք չէք գիտեր, թէ վիրաւորը ի՛նչ  կը զգայ, երբ դուք կը հասնիք իր մօտ», յայտարարեց նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Կարմիր խաչի եւ Կարմիր մահիկի 12-րդ համագումարին առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ:

Նախագահ Աուն խիստ բարձր գնահատեց այս զոյգ կամաւորական կազմակերպութիւններուն գործունէութիւնը: Աուն նշեց, որ այդ տղաքը շուտափոյթ եւ անշահախնդիր արկածախնդրութեամբ օգնութեան հասան կարօտեալին, վիրաւորին, մահամերձին, առանց որեւէ հարցականի ենթակայի ինքնութեան թէ այս կամ այն պատկանելիութեան մասին:

Հանրապետութեան նախագահը վկայակոչեց յատկապէս ապահովական ահաւոր պայմաններուն եւ Քորոնայի համավարակի օրերուն մարդոց օգնութեան հասնելու փութացող կամաւորներու յանձնառութիւնը, անոնք յաճախ իրենց անձը վտանգեցին` փրկելու համար զիրենք սպասող վիրաւորը: Նախագահ Աուն այս  գծով թուեց կարգ մը նահատակներու եւ վիրաւորներու անուններ, որոնք զոհ գացած էին իսրայէլեան յարձակումներուն ընթացքին`  իրենց առաքելութեան ճամբուն վրայ, ինչպէս` նահատակներ Եուսեֆ Ռեմոն Ասսաֆ եւ Հասան Ալի Պատաուի:

Ան ողջունեց այս կազմակերպութիւններու օրինակելի եւ վարակիչ կեցուածքն ու ոգին: Երբ մարդիկ սարսափով կը խուսափէին Քորոնայով վարակուած հիւանդներուն մօտենալէ, այս կամաւորներն էին, որոնք խիզախ ու համարձակօրէն կը փութային վարակեալի օգնութեան: Անոնց շտապ օգնութեան ինքնաշարժին ճչակն անգամ յոյսի նշոյլ մը կը թուէր ըլլալ մահամերձ վիրաւորներուն համար:

Նախագահ Աուն այս առիթով կոչ ուղղեց բոլորին զօրավիգ կանգնելու այս կամաւոր կազմակերպութիւններու նուիրեալ անդամներուն եւ դիւրացնելու անոնց երթեւեկն ու գործունէութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ռաժժի. «Մենք Մեր Ձեռքերը Կ՛երկարենք Որեւէ Կողմի»

RelatedPosts

Ռաժժի. «Որոշումը Պատմական, Վճռական Ու Վերջնական Էր, Եւ Անկէ Ետդարձ Չկայ»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Մենք Մեր Ձեռքերը Կ՛երկարենք Որեւէ Կողմի»

September 26, 2026
Հաժ Հասան. «Կը Դիմակալենք Շրջանին Մէջ  Արձանագրուող Հսկայական Փոփոխութիւնները»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Կը Դիմակալենք Շրջանին Մէջ Արձանագրուող Հսկայական Փոփոխութիւնները»

September 26, 2026
Ընկերային Եւ Ապրուստի Հրատապ Հարցերը  Առանցքը Կազմեցին  Նախագահ Ժոզեֆ Աունի Հանդիպումներուն
Լիբանանեան

Ընկերային Եւ Ապրուստի Հրատապ Հարցերը Առանցքը Կազմեցին Նախագահ Ժոզեֆ Աունի Հանդիպումներուն

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.