– ԱԶԳԱՅԻՆ համաձայնութիւն երեսփոխանական պլոքի մօտիկ աղբիւր մը «Նաշրա»-ին յայտնած է, որ շաբաթ օր ժողով գումարած է մասնակցութեամբ երեսփոխաններ Ֆայսալ Քարամէի, Ֆուատ Մախզումիի եւ Ապտելռահման Պըզրիի` մասնակցութեամբ Մաշարիհ միութեան քաղաքական խորհրդատու Ահմետ Տապպաղի:
Աղբիւրը նշեց, որ պլոքը նախապէս զօրակցած էր նախագահի պաշտօնին Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան, «սակայն նախարար Ֆրենժիէ այլեւս նախագահական թեկնածու չէ եւ ընտրապայքարէն դուրս է, ուստի պլոքը ներքին խորհրդակցութիւն պիտի կատարէ ոեւէ նախագահի թեկնածու ընդունելու կամ չընդունելու պայմաններուն շուրջ:
– ԼԻԲԱՆԱՆԻ հարցով միջազգային հնգեակին մօտիկ աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեցին, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը անկասկածօրէն տեղի պիտի ունենայ, եւ տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, թէ երեսփոխանական պլոքներուն միջեւ համաձայնութեան հոլովոյթը սկսած է յստականալ, ինչ կը վերաբերի ճշդուած ժամկէտին իրերայաջորդ նիստերով ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութեան:
Աղբիւրները, սակայն, մտահոգութիւն յայտնեցին, որ եթէ նախագահի պաշտօնին առաջադրուած լուրջ թեկնածուներուն թիւը երեքէն աւելի ըլլայ, ատիկա կրնայ յանգեցնել քուէներու տարտղնման եւ խորհրդարանի նախագահը մղել նիստը կարճ ժամանակով փակելու, ապա վերստին գումարելու, կամ քանի մը օրով յետաձգելու:
– ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ պապը Քորսիքայի մայրաքաղաք Աժաքսիոյի տաճարին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Խաղաղութի՜ւն Պաղեստինին, Իսրայէլին, Լիբանանին, Սուրիոյ եւ ամբողջ Միջին Արեւելքին, ինչպէս նաեւ ուքրանացի եւ ռուս ժողովուրդներուն: Խաղաղութի՜ւն ամբողջ աշխարհին: Պատերազմը միշտ պարտութիւն է»:
– ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հարաւային Լեռնալիբանանի բաժանմունքը Քաթրամայայի մէջ իր կեդրոնատեղիին մէջ հոսանքի քաղաքական գրասենեակի անդամ Ռիֆաաթ Սաատի, աշխատանքներու համակարգող Ուալիտ Սարհալի մասնակցութեամբ բազմամարդ հանդիպումի ընթացքին ձեռնարկեց 14 փետրուարին` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան 20-ամեակի ոգեկոչման նախապատրաստման աշխատանքին: