Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահժահ. «Զինադադարի Համաձայնութիւնն ու Ասատի Վարչակարգի Տապալումը Լիբանանի Վերակառուցման Իսկական Առիթներ Են»

December 17, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց. «Զինադադարի համաձայնութիւնն ու Սուրիոյ մէջ Ասատի վարչակարգի տապալումը իսկական առիթներ են վերակառուցելու Լիբանանը, որ օր մը աշխարհի մեծաթիւ երկիրներու համար ներշնչման աղբիւր էր»:

«Արգելակիչ պայմանները, որոնք մեզի չարտօնեցին Լիբանանի կառուցումը շարունակել եւ անոր ու Պէյրութին դիրքը պահպանել, ներկայիս հիմնականին մէջ չքացան, ուստի մեր առջեւ ճամբայ բացուեցաւ, որպէսզի կարենանք հայրենիք վերակառուցել, բան մը, որ վերջին 30 տարուան ընթացքին ապահովուած չէր, որովհետեւ այդ փուլին Լիբանանի մէջ ոչ միայն մեզի պետութեան գոյութիւնը կը պակսէր, այլեւ հայրենիք չունէինք, Լիբանանը առանց հաշիւ պահանջողի եւ հսկողի բաց տարածք էր», նշեց Ժահժահ:

Ան Օթաուայի մէջ իր կուսակցութեան մասնաճիւղին կազմակերպած Ս. Ծննդեան ընթրիքի ընթացքին առցանց իր ուղերձին մէջ յայտնեց. «Այս տարի տօնը եռիմաստ է: Մենք, ինչպէս սովորաբար պարզապէս Ս. Ծննդեան տօնը կը տօնէինք, իսկ այս տարի Սուրբ Ծնունդը երկու եւ երեք ծնունդ է, որովհետեւ կը տօնենք Ս. Ծնունդը, միւս կողմէն Լիբանանը ականատես կը դառնայ մեծ փոփոխութիւններու, եւ այլեւս գոյութիւն ունին դասաւորումներ, որոնք մեզ պիտի հանգստացնեն այն բոլորէն, որոնցմէ նախկին ժամանակաշրջանին տառապեցանք: Այլեւս մեծ յոյս կայ Լիբանանի մէջ ազդու պետութեան գոյացման նկատմամբ: Իսկ երրորդ կողմէն` Ասատի վարչակարգը տապալեցաւ, եւ թէկուզ հիմա վստահ կերպով չենք գիտեր զայն փոխարինող վարչակարգին ձեւն ու ինքնութիւնը, սակայն ինչ որ ալ ըլլայ, Ասատի վարչակարգի տապալումը ինքնին ձեռքբերում է»:

Ժահժահ արտերկրի լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց` Լիբանան վերադառնալու պատրաստուելու:

 

Նախորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Ներքին Գործոց Նախարարին

Յաջորդը

Միւֆթի Տրիան. «Լիբանանի Մէջ Կայունութիւն Պիտի Չըլլայ, Եթէ Նախագահ Չընտրուի Եւ Արդիւնաւէտ Կառավարութիւն Չկազմուի»

RelatedPosts

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Նապաթիէի Մէջ Բանակի Մեքենային Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

October 1, 2026
Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին  Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած  Դիրքորոշումները Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Վարչապետի Գրասենեակը Սալամին Եւ Ռուպիոյին Վերագրուած Դիրքորոշումները Կը Հերքէ

October 1, 2026
Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի  Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կ՛ուզենք Իրանի Եւ Սուրիոյ Հետ Նոր Էջ Բանալ»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.