Քաթարեան «Շարք» օրաթերթը հաղորդեց, որ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պետական նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ազիզ Սալեհ Խլէյֆի երկուշաբթի օր Պէյրութի մէջ հանդիպում ունեցած է վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ եւ անոնց հետ քննարկած Լիբանանի մէջ նախագահական աթոռի դատարկութեան վերջ տալու ջանքերը:
«Խլէյֆի նախանձախնդիր էր փոխանցելու Քաթարի` Լիբանանի հանրապետութեան, անոր տարածքային ամբողջականութեան ու անվտանգութեան նկատմամբ հաստատ դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ շարունակ անոր ժողովուրդին կողքին կանգնիլը, ազգային ջանքերու միատեղման եւ լիբանանցիները միաւորելու կարեւորութիւնը` շրջանցելու համար ներկայ մարտահրաւէրները, զորս երկիրը կը դիմագրաւէ, եւ աջակցելու Լիբանանի կայունութեան, ինչպէս նաեւ չափազանց կարեւորութիւնը, շրջանին դիմագրաւած հետզհետէ աճող ապահովական ու քաղաքական մարտահրաւէրներու լոյսին տակ, Լիբանանի մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման, պետութեան գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման մէջ լիբանանեան բանակի դերին»:
«Լիբանանի Հանրապետութեան ու լիբանանցի ժողովուրդին ամէն տեսակի, ամէն ժամանակի եւ պայմաններու մէջ աջակցելու, Լիբանանի կայունութեան երաշխաւորման եւ անոր ժողովուրդի բարգաւաճման համար անոր ժողովուրդին անոր դիմագրաւած քաղաքական ու տնտեսական տագնապներէն դուրս գալու օգնելու չուշացող Քաթարի պետութեան դիրքորոշումը կ՛արտացոլացնէ Լիբանանի Հանրապետութեան անվտանգութեան ու կայունութեան նկատմամբ անոր մեծ նախանձախնդրութիւնը», ընդգծեց օրաթերթը:


