Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռաատ. «Այն, Ինչ Որ Սուրիոյ Մէջ Տեղի Ունեցաւ, Արդիւնք Է Շրջանային Եւ Միջազգային Կողմերու Պատրաստած Ծրագիրին»

December 17, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց. «Այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ, մետասաներորդ պահու զարգացում մը չէ, այլ արդիւնքը ծրագիրի մը, որ պատրաստեցին շրջանային եւ միջազգային կողմեր, որոնց շահերը համընկնեցան Սուրիոյ մէջ իշխանութեան հարցին մէջ` նկատի ունենալով, որ ատիկա շարք մը հորիզոններ կը բանայ եւ այդ կողմերուն շահերը կամ այդ շահերուն մէկ մասը կ՛իրագործէ, ըստ իւրաքանչիւր կողմի ուժին եւ ազդուութեան»:

Ռաատ յայտնեց, որ Սուրիոյ վրայ Իսրայէլի յարձակումները ցոյց կու տան, որ ան կ՛ուզէ Սուրիոյ մէջ նոր վարչակարգի եւ իշխանութեան դասաւորման մէջ աւարի կիսման մասնակից դառնալ:

«Պէտք չկայ աճապարել վերլուծելու տարակարծութիւնները Լիբանանի մէջ Իսլամական դիմադրութեան եւ սուրիացի զինեալ խմբաւորումներուն եւ ընդդիմադիրներուն, որոնք 7-12-2024-ին Սուրիոյ մէջ իշխանութեան հասան, որովհետեւ շատ գրգռութիւններ, պնդումներ եւ սուտեր ըսուեցան այդ առնչութեամբ: Բայց եւ այնպէս, նախ եւ առաջ պէտք է նշել այն, որ Իսլամական դիմադրութիւնը կը ճանչնայ սուրիացի եղբայրական ժողովուրդի իր քաղաքական վարչակարգի ճակատագիրն ու նաեւ իր ճակատագիրը ճշդելու իրաւունքը, եւ փոփոխութեան մասին պէտք է ամբողջ սուրիացի ժողովուրդին, իր բոլոր բաղադրիչ մասերով, խօսի: Ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը հիմնական հարց է, որուն կարելի չէ ձեռք տալ, նոյնն է պարագան Սուրիոյ դիրքին, դերակատարութեան, ռազմավարական հայեցակարգին, շրջանային ու միջազգային յարաբերութիւններուն, որոնք արժեչափեր են, որոնց վրայ կը հիմնուի իւրաքանչիւրը, որ կը հետեւի Սուրիոյ կացութեան», նշեց Ռաատ:

 

Նախորդը

Ուահապ. «Իսրայէլի Հետ Խաղաղութեան Դիմենք, Եւ Միջնորդ Էի` Արեւմտեան Կողմի Մը Ճամբով Անկէ Պատգամներ Կը Փոխանցէի Սուրիոյ»

Յաջորդը

«Կը Յուսանք, Որ Պըրրիի Եւ Երեսփոխաններու Աջակցութեամբ Կը Հասնինք Լիբանանը Ամէն Բանէ Վեր» Նշանաբանը Կրող Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութեան» Կ՛ըսէ Ֆրեմ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.