Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Քասեմ. «Զինադադարի Համաձայնութիւնը Յարձակումը Դադրեցնելու Համար Է, Եւ Ոչ Թէ` Դիմադրութեան Վերջ Տալու»

Դեկտեմբեր 16, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Նայիմ Քասեմ շաբաթ օր պատկերասփռուած ուղերձի ընթացքին յայտնեց. «Դիմադրութիւնը յաղթեց, որովհետեւ թշնամին չկրցաւ իրագործել իր նպատակները, որ Հըզպալլան ոչնչացնելն է, եւ չկրցաւ բնակեցուածները առանց համաձայնութեան իրենց տուներ վերադարձնել, եւ երբ իսրայէլեան թշնամին անդրադարձաւ, որ Հըզպալլայի դիմադրութեան դիմակայման հորիզոնները փակ են, յարձակումի դադրեցման համաձայնութեան դիմեց»:

«Այս համաձայնութիւնը կիրառական համաձայնութիւն է, որ կը բխի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումէն եւ կ՛առնչուի բացառաբար Լիթանի գետի հարաւին, իսկ մենք` իբրեւ Հըզպալլա, կը հետեւինք տեղի ունեցող դէպքերուն եւ կը վարուինք շահի մեր գնահատման համաձայն, եւ Հըզպալլայի դիմադրութիւնը հաւատքով ու նախապատրաստութեամբ կը շարունակուի», շեշտեց շէյխ Քասեմ:

Ան նաեւ յայտարարեց. «Կուսակցութեան աշխատանքին ծիրին մէջ են պետութեան օժանդակութեամբ վերակառուցումը եւ 9 յունուարին նախագահ ընտրելու ուղղութեամբ լուրջ քայլը»:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը շեշտեց, որ զինադադարի «այս համաձայնութիւնը յարձակումը դադրեցնելու համար է եւ ոչ թէ Դիմադրութեան վերջ տալու»:

«Եզրափակելով, Հըզպալլան հզօր է եւ իր վէրքերէն կը դարմանուի, Հըզպալլան կը շարունակէ գործել, Դիմադրութիւնը կը շարունակուի, Լիբանանը իր ուժի տարրերով կը շարունակուի, Լիբանան հզօր է իր բանակով, ժողովուրդով եւ Դիմադրութեամբ` չարտօնելու այս եռամիասնութեան կառոյցին եւ Լիբանանի կառոյցին մէջ սադրանքի սողոսկումը:

«Ան, որ կը յուսար, որ Հըզպալլան վերջ պիտի գտնէ, յուսախաբ եղաւ, ան, որ Իսրայէլին վստահեցաւ իր քաղաքական ուժը ուրիշներէն հզօրացնելու, ձախողեցաւ իր գնահատականին ու ընտրանքներուն մէջ, իսկ ան, որ Հըզպալլան քաղաքական կեանքին մէջ գործօն ու ազդու ուժ կը տեսնէ, մեզմէ ողջոյնի պիտի արժանանայ, եւ քաղաքական, տնտեսական գետնի վրայ հզօր ու կայուն Լիբանանի վերականգնման ի շահ գործակցութեան արժանանայ: Լիբանանը իր բոլոր զաւակներով ու տարրերով ոտքի կը կանգնի», ըսաւ շէյխ Քասեմ:

Անդրադառնալով Սուրիոյ զարգացումներուն` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց. «Մենք Սուրիոյ աջակցեցանք, որովհետեւ Իսրայէլին հակադիր դիրքի վրայ է եւ նպաստեց իր հողերուն ճամբով Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ Դիմադրութեան կարողութիւններու ամրապնդման, իսկ հիմա վարչակարգը տապալեցաւ նոր ուժերու ձեռամբ. մենք չենք կրնար այդ նոր ուժերուն վերաբերեալ դատողութիւն կազմել նախքան անոնց կայունացումը, յստակ դիրքորոշումներ որդեգրելը եւ Սուրիոյ մէջ վարչակարգի յստակացումը:

«Մեկնելով ասկէ, կ՛ըսենք, որ մեր ուզածներուն մէկ մասը կը նշենք տեսակէտի եւ դիրքորոշման ձեւով: Կը մաղթենք, որ նոր վարչակարգին ու սուրիացի ժողովուրդի ընտրանքը Լիբանանի եւ Սուրիոյ ժողովուրդներուն եւ կառավարութիւններուն միջեւ հաւասարութեան ու կարելիութիւններու փոխանակման հիմամբ գործակցութիւնն է: Երկրորդ` կը մաղթենք, որ Սուրիոյ մէջ բոլորը, բոլոր համայնքներն ու բաղադրիչները կը մասնակցին նոր իշխանութեան ձեւաւորման եւ մաս կը կազմեն նոր իշխանութեան, որպէսզի Սուրիոյ մէջ իշխանութիւնը ըլլայ սուրիացի քաղաքացիի մակարդակով եւ ոչ թէ խումբի մը` առանց միւսին: Երրորդ` նաեւ կը մաղթենք, որ այս իշխող նոր կողմը Իսրայէլը կը նկատէ թշնամի եւ անոր հետ յարաբերութիւնները չի բնականոնացներ: Ասոնք են այն վերնագիրները, որոնք կ՛ազդեն մեր եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնոյթին վրայ:

«Սուրիացի ժողովուրդը իրաւունք ունի իր ղեկավարները, իշխանութիւնը, սահմանադրութիւնն ու ապագան ընտրելու, եւ կը մաղթենք, որ ձգտի ընտրութիւններու, որոնք Սուրիոյ մէջ ախորժակներ ունեցող այլ պետութիւններէն ոչ մէկը կը ղեկավարէ:

«Այո՛, Հըզպալլան այս փուլին կորսնցուց Սուրիոյ ճամբով զինուորական մատակարարման ճամբան, սակայն այս կորուստը Դիմադրութեան յաղթանակին մէջ մանրամասնութիւն մըն է, կրնայ նոր վարչակարգ մը գալ, եւ ճամբուն բնականոն վիճակը վերականգնիլ», յայտնեց շէյխ Քասեմ:

Նախորդը

Ուալիտ Ժոմպլաթ Շնորհաւորեց Ժուլանին. Անոնք Համաձայնեցան Մօտ Օրէն Դամասկոսի Մէջ Հանդիպիլ

Յաջորդը

Միքաթի. «Յանձնառու Ենք Թիւ 1701 Որոշումին Գործադրութեան, Եւ Զինադադարի Համաձայնութիւնը Ճամբան Կը Հարթէ Դիւանագիտական Ուղիին, Որուն Մեր Կառավարութիւնը Կը Զօրակցի»

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?