Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթ օր հեռաձայնեց Սուրիական զինուորական գործողութիւններու վարչութեան, Հայըաթ Թահրիր Շամ խմբաւորման ղեկավար Ահմետ Շարհին` շէյխ Ապու Մոհամետ Ժուլանիին` շնորհաւորելով զինք եւ սուրիացի ժողովուրդը «բռնաճնշման վարչակարգին դէմ արձանագրուած յաղթանակին եւ 45 տարուան բռնատիրութենէ ետք իր ազատութիւնը ստանալուն առիթով»:
Ժոմպլաթ եւ Շարհ շեշտը դրին Սուրիոյ բոլոր շրջաններու միասնականութեան վրայ եւ մերժեցին մասնատման բոլոր ծրագիրները, շեշտեցին կարեւորութիւնը կառուցելու նոր ու միասնական Սուրիան եւ վերակառուցելու իր բոլոր զաւակները միախմբող պետութիւնը:
Անոնք նաեւ համաձայնեցան մօտ օրէն Դամասկոսի մէջ հանդիպիլ:
Շարհ յայտնեց. «Ժոմպլաթ սուրիական անիրաւ վարչակարգին պատճառով մեծ գին վճարեց` սկսելով Քամալ Ժոմպլաթի նահատակութենէն, եւ առաջին պահէն մնայուն ան համակիր էր սուրիացի ժողովուրդի յեղափոխութեան»: