Լիբանանեան

Քարամէ. «Կան Բնական Երկու Թեկնածուներ`  Ֆրենժիէն Եւ Բանակի Հրամանատարը»

Քարամէ. «Կան Բնական Երկու Թեկնածուներ` Ֆրենժիէն Եւ Բանակի Հրամանատարը»

Ազգային համաձայնութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց. «Ներկայ փուլը կը նմանի այն փուլին, երբ որդեգրեցինք Թաէֆի համաձայնագիրը, զէնքերը հաւաքեցինք, միլիսները լուծարեցինք եւ սկսանք պետութեան կառուցման: Այսօր բոլոր ոլորտներուն մէջ պատմական առիթի առջեւ կը գտնուինք»: Քարամէ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ. «Շիի համայնքը պետութեան կողմէ հոգատարութեան կը կարօտի, եւ պահը յարմար է պետութեան կառուցման ուղղութեամբ ընթանալու»: «Լիբանանի...

Ժոմպլաթ. «Կը Թուի, Թէ Պատերազմը Պիտի Չաւարտի,  Եւ Մենք Անոր Սկիզբն Ենք. Լիբանանի Մէջ  Լուծումը Փոխզիջումն Է»

Ժոմպլաթ. «Բանակի Հրամանատարի Թեկնածութեան Զօրակցիլ Որոշեցինք, Որովհետեւ Կարեւոր Հաստատութիւն Կը Ներկայացնէ Եւ Լիբանանի Կայունութեան Համար Հոյակապ Աշխատանք Կատարեց»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Արաբական-ամերիկեան յարաբերութիւններու խորհուրդին հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի նախագահի պաշտօնին թեկնածութեան զօրակցիլ որոշեցինք, որովհետեւ ան կարեւոր հաստատութիւն մը կը ներկայացնէ եւ Լիբանանի կայունութեան համար հոյակապ աշխատանք կատարեց, ան ներկայ փուլին երկիրն մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան համար շատ կարեւոր է»: «Կը նախընտրեմ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի նստաշրջանի ընթացքին նախագահ...

«Ամերիկան Կը Խօսի Լիբանանի Վերակառուցման  Մասին Եւ Չէ Հետաքրքրուած Նախագահի  Թեկնածուներու Անուններով»  Կ՛ըսէ Կապրիէլ

«Ամերիկան Կը Խօսի Լիբանանի Վերակառուցման Մասին Եւ Չէ Հետաքրքրուած Նախագահի Թեկնածուներու Անուններով» Կ՛ըսէ Կապրիէլ

Լիբանանի համար ամերիկեան աշխատանքի խմբակի նախագահ Էտ Կապրիէլ «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեց. «Պէտք է Լիբանանի մէջ արագօրէն հանրապետութեան նախագահ ընտրել` նկատի ունենալով անոր Լիբանանի եւ շրջանին համար դրական ազդեցութիւնը»: «Յառաջիկայ նախագահը պէտք է աւելի նման ըլլայ ծրագիրի, եւ Միացեալ Նահանգներ չեն հետաքրքրուած անուններով, եւ չեմ կարծեր, որ գործարք կայ Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի միջեւ, որ անուններու հարցը կը...

Ժեմայել. «Լիբանան Դէպի Վերականգնում  Կ՛ուղղուի»

Ժեմայել. «Լիբանան Դէպի Վերականգնում Կ՛ուղղուի»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայել բացառեց, որ լիբանանցիները 9 յունուարէն` նախագահի ընտրութեան խորհրդարանական նիստէն առաջ մէկ կամ աւելի անուններու շուրջ փոխըմբռնում չգոյացնեն, մանաւանդ որ բաց եւ իրերայաջորդ նիստերու ընթացքին փոխըմբռնման բացակայութիւնը երեսփոխանական պլոքերը կրնայ ենթարկել «հաւասարակշռութիւնները գլխիվայր դարձնող անակնկալի վտանգի»: Ժեմայել քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեց. «Նախագահական ընտրութեան մէջ հաւանական անակնկալը բոլոր կողմերը ճնշումի պիտի ենթարկէ նախքան նիստը մէկ կամ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԱՐԱԲԱԿԱՆ լաւատեղեակ դիւանագիտական աղբիւր մը «Նաշրա» կայքին յայտնեց, որ արաբական մայրաքաղաքները Լիբանանի նախագահի ընտրութեան չեն միջամտեր եւ որոշ թեկնածուի մը` ի վնաս այլ թեկնածուի չեն զօրակցիր, այլ կը փորձեն լիբանանեան տարբեր ուժերուն միջեւ տարակարծութիւններու բացը մերձեցնել: Ան նշեց, որ արաբական պետութիւնները չեն զօրակցիր Լիբանանի մէջ որեւէ կողմին ոեւէ նախագահի պարտադրման, եւ հիմնականին մէջ առնչակից պիտի ըլլան զօրակցելու բարեկարգչական կառավարութեան...

Ֆրենժիէ. «Կը Շարունակեմ Նախագահի Պաշտօնին  Թեկնածու Մնալ Եւ Դրական Կ՛ընկալեմ Ներկայ  Փուլին Պատշաճ Եղող Ոեւէ Անուն»

Ֆրենժիէ. «Կը Շարունակեմ Նախագահի Պաշտօնին Թեկնածու Մնալ Եւ Դրական Կ՛ընկալեմ Ներկայ Փուլին Պատշաճ Եղող Ոեւէ Անուն»

«Մարատա» հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց. «Հանրապետութեան նախագահի թեկնածուներու շարք մը անուններ առաջարկեցինք, հիմա զանոնք պիտի չնշենք, սակայն մենք կը կեդրոնանանք նոր նախագահի արժեչափերուն վրայ»: «Աթոռին պատշաճ եղող նախագահ մը չենք ուզեր, այլ դիրքին, որ կ՛աշխատի Լիբանանը նոր փուլ փոխադրելուն վրայ», ըսաւ Ֆրենժիէ: «Մենք արժեչափերու վրայ հիմնուած պատկերացում մը առաջարկեցինք, եւ եթէ որոշեմ ետդարձ կատարել, չենք կրնար 9 յունուարին առանց...

Զարգացող Երկիրներու Վեհաժողովի Ընթացքին.  Միքաթի. «Պէտք Է Ձեռք-Ձեռքի Գործենք,  Որպէսզի Մեր Խօսքը Մէկ Ըլլայ»

Զարգացող Երկիրներու Վեհաժողովի Ընթացքին. Միքաթի. «Պէտք Է Ձեռք-Ձեռքի Գործենք, Որպէսզի Մեր Խօսքը Մէկ Ըլլայ»

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Գահիրէի մէջ Զարգացող ութ երկիրներու տնտեսական գործակցութեան կազմակերպութեան 11-րդ վեհաժողովի բացման նիստի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնելով Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին յայտնեց. «Մեծապէս շնորհակալ եմ այն ազնիւ վերաբերմունքին համար, որ Լիբանանի եւ Կազայի նիւթերը դրիք այս վեհաժողովի սեղանին վրայ»: Միքաթի յայտնեց, որ նախագահներէ, վարչապետներէ եւ նախարարներէ լսած է այն խօսքը, թէ պահանջուածը լուրջ աշխատանքն է, յարատեւումն...

Մահեր Շարհ. «Լիբանանի Հետ Համակարգումը Կայ,  Եւ Մօտ Օրէն Հանդիպում Պիտի Ունենամ  Լիբանանի Առողջապահութեան Նախարարին Հետ»

Մահեր Շարհ. «Լիբանանի Հետ Համակարգումը Կայ, Եւ Մօտ Օրէն Հանդիպում Պիտի Ունենամ Լիբանանի Առողջապահութեան Նախարարին Հետ»

Սուրիոյ փոխանցման կառավարութեան մէջ առողջապահութեան նախարար Մահեր Շարհ «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մեր եւ լիբանանեան պետութեան միջեւ հաղորդակցութիւնը առաջին օրէն կայ, եւ մեր փոխանցման կառավարութեան ու լիբանանեան կառավարութեան միջեւ տարբեր թղթածրարներու շուրջ համակարգում գոյութիւն ունի. մօտ օրէն իմ եւ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարին միջեւ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ»:

Ֆայեատ Իր Թուրք Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց  Ելեկտրականութեան Ցանցին Կրած Վնասները  Եւ Քարիւղի Հորատման ու Պըսրի Ամբարտակի Թղթածրարները

Ֆայեատ Իր Թուրք Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Ցանցին Կրած Վնասները Եւ Քարիւղի Հորատման ու Պըսրի Ամբարտակի Թղթածրարները

Լիբանանի ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ իր թուրք պաշտօնակից Ալփասլան Պայրաքտարի հետ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն միջեւ ելեկտրականութեան ոլորտին մէջ գործակցութեան կարելիութիւնները եւ նախապէս թրքական «Նուրոլ» ու «Էզալթին» ընկերութիւններուն վստահուած եւ Պէյրութի ու Լեռնալիբանանին ջուրի մատակարարման համակարգին կապուած Պըսրի ամբարտակի աշխատանքի վերականգնման հեռանկարները: Ֆայեատ ներկայացուց իսրայէլեան յարձակումին պատճառով Լիբանանի ելեկտրականութեան ընկերութեան կրած վնասները...

Քանաան. «Իբրեւ Երեսփոխաններ Պէտք Է  9 Յունուարին Մեր Պարտականութիւնը Կատարենք»

Քանաան. «Իբրեւ Երեսփոխաններ Պէտք Է 9 Յունուարին Մեր Պարտականութիւնը Կատարենք»

Երեսփոխանական խորհրդակցական անկախ պլոքի անդամներ Էլիաս Պու Սաապ, Իպրահիմ Քանաան, Ալեն Աուն եւ Սիմոն Ապի Ռամիա այցելեցին Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում ունեցան հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տրիանի հետ: Երեսփոխան Քանաան հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Պէտք է միախմբուիլ փրկութեան յստակ ծրագիրի մը շուրջ եւ վերադառնալ սահմանադրութեան, գերիշխանութեան, ազգային համաձայնութեան ուխտին, վերադառնալ միջազգային օրինականութեան»: «Պէտք է բոլորը վերադառնան պետութեան գիրկը եւ յարգեն...

Միքաթի Եւ Էրտողան Անգարայի Մէջ Յայտարարեցին,  Որ Պիտի Կանգնին Սուրիոյ Կողքին

Միքաթի Եւ Էրտողան Անգարայի Մէջ Յայտարարեցին, Որ Պիտի Կանգնին Սուրիոյ Կողքին

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց Թուրքիա, ուր հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: «Լիբանանն ու Թուրքիան Սուրիոյ կողքին պիտի ըլլան` յառաջիկայ փուլին անոր վերականգնման համար», յայտարարեց Էրտողան` աւելցնելով. «Իսրայէլ Լիբանանի եւ Կազայի վրայ յարձակում գործելով շրջանը դէպի անդունդ կը մղէ, եւ մենք Լիբանանի մէջ կայունութեան քայքայման որեւէ փորձի դէմ պիտի կանգնինք»: Միքաթի իր կարգին յայտնեց. «Իսրայէլացի...

Ժողովրդավարական Հանդիպում Երեսփոխանական  Պլոքը Որդեգրեց Նախագահի Պաշտօնին  Զօր. Ժոզեֆ Աունի Թեկնածութիւնը

Ժողովրդավարական Հանդիպում Երեսփոխանական Պլոքը Որդեգրեց Նախագահի Պաշտօնին Զօր. Ժոզեֆ Աունի Թեկնածութիւնը

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքը Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի ներկայութեամբ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին դատապարտեց զինադադարի համաձայնութեան իսրայէլեան խախտումներու շարունակումը եւ շեշտեց հարաւային Լիբանանի, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու եւ Պեքայի վերաշինութեան սկսելու համար ծրագիրներու որդեգրման կարեւորութիւնը: Պլոքը շեշտեց, որ 9 յունուարի խորհրդարանական նիստի ընթացքին անհրաժեշտ է հանրապետութեան նախագահ ընտրել` իր զօրակցութիւնը յայտնելով լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի...

Ռայի Պատրիարքը Խորհրդարանի 9 Յունուարի  Նիստի Ընթացքին Նախագահի Ընտրութեան  Նկատմամբ Յոյս Կը Յայտնէ

Ռայի Պատրիարքը Խորհրդարանի 9 Յունուարի Նիստի Ընթացքին Նախագահի Ընտրութեան Նկատմամբ Յոյս Կը Յայտնէ

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը Սայիտաթ Ժապալի հանդիպումէն պատուիրակութեան մը հետ տեսակցութեան ընթացքին յայտնեց. «Սահմանադրութիւնը Լիբանանի ողնասիւնն է, եւ երբ անիկա ոտնահարուի, երկիրը կանգ կ՛առնէ»: «Սահմանադրութիւնն ու Թաէֆի համաձայնութիւնը զիրար կ՛ամբողջացնեն, ուստի կը պահանջենք գործադրել անոր տառն ու ոգին, եւ ան որ չ՛ուզեր Թաէֆի համաձայնութիւնն ու զայն կը մերժէ, իր շահերուն դէմ ըլլալուն համար է, որ զայն չ՛ուզեր ու կը մերժէ», աւելցուց...

Խազեն. «Յառաջիկայ 9 Յունուարին  Լիբանան Նոր Նախագահ Պիտի Ունենայ»

Խազեն. «Յառաջիկայ 9 Յունուարին Լիբանան Նոր Նախագահ Պիտի Ունենայ»

Երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն Պքերքէի մէջ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Ռայի պատրիարքը լիովին կը գիտակցի Լիբանանի համար նախագահի ընտրութեան գործընթացի կարեւորութեան եւ զայն 9 յունուարին որոշուած ժամկէտին կատարելու անհրաժեշտութեան»: «Սահմանադրական այս գործընթացը պէտք է արդիւնաւէտ ըլլայ եւ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան յանգի», շեշտեց Խազեն: «Ռային դրի հանրապետութեան նախագահի անունի շուրջ համաձայնութեան հասնելու նպատակով երեսփոխանական պլոքներու տեսակէտները...

Շէյխ Քապալան. «Չենք Ուզեր Հանրապետութեան  Նախագահ Մը, Որ Քրիստոնեաները Չի Գոհացներ,  Ինչպէս Նաեւ Չենք Ուզեր Նախագահ Մը,  Որ Իսլամներուն Ազգային Շահերը Չ՛երաշխաւորեր»

Շէյխ Քապալան. «Չենք Ուզեր Հանրապետութեան Նախագահ Մը, Որ Քրիստոնեաները Չի Գոհացներ, Ինչպէս Նաեւ Չենք Ուզեր Նախագահ Մը, Որ Իսլամներուն Ազգային Շահերը Չ՛երաշխաւորեր»

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Մենք նախագահի ընտրութեան նիստէն` երկրին Ազգային ուխտին ապագային համար ներկայացուցած պատմական պահէն քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ ենք. անկեղծօրէն կ՛ըսեմ` չենք ուզեր հանրապետութեան նախագահ մը, որ քրիստոնեաները չի գոհացներ, ինչպէս նաեւ չենք ուզեր հանրապետութեան նախագահ մը, որ չ՛երաշխաւորեր իսլամներու ազգային շահերը` իբրեւ լիբանանեան ընտանիքին հիմք: «Եւ իբրեւ ազգային ներկայացուցչութեան հիմք Ազգային...

Շէյխ Խաթիպ. «Շիի Համայնքը Կառչած Է Ուժեղ  ու Արդար Պետութեան Ծրագիրին  Եւ Հայրենասէր Հզօր Բանակին»

Շէյխ Խաթիպ. «Շիի Համայնքը Կառչած Է Ուժեղ ու Արդար Պետութեան Ծրագիրին Եւ Հայրենասէր Հզօր Բանակին»

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ ողջունեց ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան արտակարգ իրավիճակներու կառավարական յանձնախումբին վերջին դէպքերուն հետեւանքով Սուրիա եւ սահմանամերձ շրջաններ ապաստանած լիբանանցիներու մարդասիրական կարիքները բաւարարելու պարտականութիւն տալը: Շէյխ Խաթիպ Մարդու ակադեմիայի նախագահ Նեժի Խուրին ընդունելու ընթացքին յայտնեց, որ շիի համայնքը կառչած կը մնայ ուժեղ ու արդար պետութեան ծրագիրին եւ հայրենասէր հզօր բանակին, որ հայրենիքի սահմանները կը պաշտպանէ: «Նախանձախնդիր...

Մաքրոն. «Ֆրանսան Մնայուն Կերպով Կը Կանգնի  Լիբանանի Կողքին Եւ Կ՛աջակցի  Անոր Առողջապահութեան Մարզին»

Մաքրոն. «Ֆրանսան Մնայուն Կերպով Կը Կանգնի Լիբանանի Կողքին Եւ Կ՛աջակցի Անոր Առողջապահութեան Մարզին»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտնեց, որ Ֆրանսան մնայուն կերպով կը կանգնի Լիբանանի կողքին եւ բազմազան ծրագիրներու միջոցով կ՛աջակցի անոր առողջապահութեան մարզին: Ան այս մասին յայտարարեց Լիոնի մէջ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ակադեմիայի բացման արարողութեան ընթացքին, որուն ներկայ էին նաեւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմը եւ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատը: Ապիատ իր գնահատանքը յայտնեց նախագահ Մաքրոնին Լիբանանի մէջ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը հաղորդեց. «Իսրայէլացի քաղաքացիներ սահմանէն անցան Լիբանան եւ Մարուն Ռաս շրջանին մէջ վրաններ լարեցին. այս վտանգաւոր դէպքին շուրջ հետաքննութիւնը ընթացքին մէջ է»: - «ՆԱՇՐԱ» կայքը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը Նաքուրայի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութեան կեդրոնատեղիին մօտ պայթումներ կատարած է, իսկ իսրայէլեան բանակին պատկանող քարշակ մը Մարուն Ռասի մէջ տուն մը եւ գիւղին մզկիթը քանդած է: Իսրայէլեան ուժերը նաեւ Շիհին...

Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի

Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի  ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Խորհրդակցական այս հանդիպումին արծարծուեցան շրջանային հարցերը, նորագոյն զարգացումները եւ անոնց լոյսին տակ Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը: Ընդգծուեցաւ խորհրդարանի 9 յունուարի նիստի կայացման կարեւորութիւնը: Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ անպայման նախատեսուած թուականին պիտի ընտրուի Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը:  

Պըրրի. «Նախագահի Ընտրութեան Նիստը  Արդիւնաւէտ Պիտի Ըլլայ, Եւ Լարուած Թակարդի  Մասին Խօսքերը Զարմանալի Են»

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Եգիպտոսի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Շրջանային Հարցեր

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան երէկ այցելեցին Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպանին: Հանդիպումին հիմնական նիւթը շրջանին մէջ արագօրէն արձանագրուող իրադարձութիւններն էին  եւ անոնց նկատմամբ արաբական երկիրներու եւ յատկապէս այս պարագային Գահիրէի դիրքորոշումները: Դեսպանը խօսեցաւ նաեւ իրադարձութիւններու շարժառիթներուն, առնչուած պետութիւններու մօտեցումներուն եւ յատկապէս ստեղծուած նոր իրավիճակներուն հետ կապուած խնդիրներուն մասին: Խօսակիցները...

Page 153 of 986 1 … 152 153 154 … 986

Արխիւներ