Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն. «Ֆրանսան Մնայուն Կերպով Կը Կանգնի Լիբանանի Կողքին Եւ Կ՛աջակցի Անոր Առողջապահութեան Մարզին»

December 19, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտնեց, որ Ֆրանսան մնայուն կերպով կը կանգնի Լիբանանի կողքին եւ բազմազան ծրագիրներու միջոցով կ՛աջակցի անոր առողջապահութեան մարզին:

Ան այս մասին յայտարարեց Լիոնի մէջ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ակադեմիայի բացման արարողութեան ընթացքին, որուն ներկայ էին նաեւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմը եւ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատը:

Ապիատ իր գնահատանքը յայտնեց նախագահ Մաքրոնին Լիբանանի մէջ առողջապահութեան մարզին Ֆրանսայի տրամադրած աջակցութեան համար` յոյս յայտնելով, որ այս աջակցութեան մէկ մասը տրամադրուի պատերազմի ընթացքին վնասուած մարզի վերակառուցման:

Ան գնահատեց Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի մնայուն զօրակցութիւնը, մասնաւորաբար 24 հոկտեմբերին Լիբանանի վրայ պատերազմի պայմաններուն մէջ գումարուած խորհրդաժողովին համար:

Ապիատ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի առողջապահութեան նախարար Ժենեւիեւ Տարիոսալի հետ` քննարկելով լիբանանեան եւ ֆրանսական հիւանդանոցներուն միջեւ համագործակցութիւն ստեղծելու եւ առողջապահութեան մարզին մէջ մարդուժի պակասի դարմանման կարելիութիւնները:

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատարը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն տոքթ. Թետրոս Ատհանոմի հետ:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան առողջապահութեան մարզի կարիքները, առողջապահական համակարգի հզօրացման համար ծառայութիւններու զարգացման եւ արտակարգ իրավիճակներու ու համաճարակներու պատրաստուելու կարեւորութիւնը` ստեղծելով կեդրոնական տարրալուծարան մը` գործակցութեամբ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւ այլ գործընկերներու:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Շէյխ Խաթիպ. «Շիի Համայնքը Կառչած Է Ուժեղ ու Արդար Պետութեան Ծրագիրին Եւ Հայրենասէր Հզօր Բանակին»

RelatedPosts

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը  Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»
Լիբանանեան

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»

September 21, 2026
Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը  Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»

September 21, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.