Լիբանանեան

Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Բագրատունին

Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Բագրատունին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Միքաթի ներկայացուց ներկայ փուլի իր պատկերացումը` արտաքին կողմերու հետ կատարած վերջին հաղորդակցութիւններէն ետք: Ան յատկապէս անդրադարձաւ Եգիպտոս եւ Թուրքիա տուած այցելութիւններէն ստացած տպաւորութեան: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ, որ 9 յունուարի խորհրդարանի նիստը արդիւնաւորուի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ, որուն կը հետեւի նոր կառավարութեան...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Յորդանանի  Դեսպանին Հետ Քննարկեց Շրջանային  Վերջին Զարգացումները

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Յորդանանի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Շրջանային Վերջին Զարգացումները

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան 26 դեկտեմբերին այցելեցին Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Հատիտին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան տարածաշրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս` Սուրիոյ վարչակարգի անկումէն ետք: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ Սուրիոյ ժողովուրդին կամքի արտայայտութեան յարգումը` երկրի հողային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան, ժողովրդավարութեան եւ կրօնական ու անհատական իրաւունքներու պաշտպանութեան սկզբունքներու շրջագիծին մէջ: Քննարկուեցաւ նաեւ...

Հոքշթայն Այսօր Պէյրութ Կ՛այցելէ

Ըստ «Ժատիտ»-ի. Կը Նախատեսուի, Որ Շարք Մը Պատուիրակներ, Ներառեալ Սէուտցի Պատուիրակ Մը, Պէյրութ Այցելեն

Երեսփոխանական աղբիւրներ, անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան հոլովոյթին, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին. «Տակաւին բանակցութեան նշաձողը բարձրացնելու համար խուսանաւումներու փուլի մէջ ենք (բոլորը իրենց զէնքերուն կառչած են, սակայն նորութիւն չկայ), եւ լուրջ աշխատանքը պիտի սկսի յառաջիկայ շաբաթ»: Աղբիւրները նաեւ նշած են. «Կը նախատեսուի, որ շարք մը պատուիրակներ, ներառեալ սէուտցի պատուիրակ մը, Պէյրութ այցելեն»: «Ժատիտ» հաղորդեց, որ չորեքշաբթի օր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար...

Իսրայէլեան Ուժ Մը Յառաջացաւ  Դէպի Քանթարա Եւ Ուատի Հուժէյր

Իսրայէլեան Ուժ Մը Յառաջացաւ Դէպի Քանթարա Եւ Ուատի Հուժէյր

«Մերքաւա» տիպի երեք հրասայլերէ եւ երկու պուլտոզըրներէ բաղկացած իսրայէլեան ուժ մը երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին Ուատի Սլուքիէն յառաջացաւ դէպի հարաւային Լիբանանի Քանթարա գիւղ եւ Ուատի Հուժէյր` ճամբուն ընթացքին մերձակայ անտառներուն ուղղութեամբ կրակելով: Քանթարա գիւղին մէջ գտնուող շարք մը ընտանիքներ տեղափոխուեցան Ղանտուրիէ գիւղին ուղղութեամբ: Իսրայէլեան ուժերը, աւելի ուշ, նաեւ ներթափանցեցին Ատշիթ Քուսէյր գիւղ: Լիբանանեան բանակը փակեց Քաաքաայիէի կամուրջին մօտ գտնուող իր...

Շիպանի-Պու Հապիպ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Շիպանի-Պու Հապիպ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հեռաձայնած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի: Այս մասին հաղորդեց ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Պու Հապիպ յայտնած է, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կը կանգնի սուրիական նոր կառավարութեան կողքին, եւ շնորհաւորած է սուրիացի ժողովուրդը իր արձանագրած յաղթանակին առիթով: Շիպանի իր կարգին ընդգծած է սուրիացի եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն միջեւ եղբայրական ու...

ՖԻՆԻՒԼ Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Իսրայէլեան  Բանակի Բնակելի Շրջաններու Եւ Գիւղատնտեսական  Հողատարածքներու Քանդման Շարունակման Նկատմամբ

ՖԻՆԻՒԼ Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Իսրայէլեան Բանակի Բնակելի Շրջաններու Եւ Գիւղատնտեսական Հողատարածքներու Քանդման Շարունակման Նկատմամբ

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերը` ՖԻՆԻՒԼ-ը հաղորդակցութիւն հրապարակելով յայտնեց, որ կը շարունակէ իսրայէլեան բանակը յորդորել ճշդուած ժամանակին հեռանալու, ինչպէս նաեւ կը յորդորէ լիբանանեան բանակը տարածելու հարաւային Լիբանանի մէջ եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը ամբողջութեամբ գործադրելու` իբրեւ դէպի խաղաղութեան տանող ամբողջական ուղի: ՖԻՆԻՒԼ նշեց, որ սերտօրէն կ՛աշխատի լիբանանեան զինեալ ուժերուն հետ, մինչ անոնք կ՛արագացնեն զինուորագրման եւ հարաւային Լիբանանի մէջ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը կը պատրաստուի Հըզպալլայի հետ զինադադարի համաձայնութեան մէջ նշուած 60 օրուան պայմանաժամի աւարտէն ետք հարաւային Լիբանանի մէջ իր ուժերու տեղակայման շարունակելու: Օրաթերթը կը նշէ, որ իսրայէլեան բանակը մտադիր չէ իր ուժերը Լիբանանէն հեռացնել, եթէ լիբանանեան բանակը չյարգէ համաձայնութիւնը եւ հարաւային Լիբանանը իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ չառնէ: - ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Կաթողիկէ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ չորեքշաբթի, 25 եւ հինգշաբթի, 26 դեկտեմբեր 2024-ին: Մեր յաջորդ թիւը` ուրբաթ, 27 դեկտեմբեր 2024-ին:

Եազպեք. «Բանակի Հրամանատարը Մեր Թեկնածուն Չէ,  Եւ Ժոմպլաթին Անոր Թեկնածութիւնը  Առաջադրելու Աճապարելը Մեզ Զարմացուց»

Հարաւի Մէջ Բանակի Առաջնագիծի Դիրքեր Այցելելով` Միքաթի. «Բանակը Պիտի Փաստէ, Որ Կարող Է Իրմէ Պահանջուած Ամէն Առաքելութիւն Կատարելու»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի այցելեց հարաւային Լիբանան` աչքէ անցընելու համար առաջնագիծին վրայ գտնուող բանակի միաւորները, եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունէն ծանօթանալու հարաւային արեւելեան շրջանի կացութեան: Միքաթիի այցելութեան առաջին փուլը Մարժաայունի մէջ բանակի զօրանոցն էր, ուր խօսք մը արտասանելով ողջունեց հայրենիքի հողին պաշտպանութեան համար բանակի նահատակները եւ ըսաւ. «Ձեր դէմքերը կը դիտեմ եւ հպարտ կը զգամ, որովհետեւ կը զգամ հակառակ...

Իզէտտին. «Կը Մերժենք, Որ Բանակը Խախտումներն  ու Յարձակումները Հաշուող Դառնայ, Որովհետեւ  Անոր Առաքելութիւնը Հայրենիքն  ու Ժողովուրդը Պաշտպանելն Է»

Իզէտտին. «Կը Մերժենք, Որ Բանակը Խախտումներն ու Յարձակումները Հաշուող Դառնայ, Որովհետեւ Անոր Առաքելութիւնը Հայրենիքն ու Ժողովուրդը Պաշտպանելն Է»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզէտտին յայտնեց. «Լիբանանը մարտահրաւէր նետող նախագահ չի հանդուրժեր, եւ միայն ազգային փոխըմբռնումով ու համակեցութեամբ կը կառուցուի, ուստի ընտրութեան (նախագահի, «Ա.») հարցով ազնիւ ու ազատ մրցակցութիւն կ՛ուզենք, եւ ասիկա ոչ ոքի կը վիրաւորէ: Քուէարկութեան տուփ կ՛երթանք, եւ իւրաքանչիւր երեսփոխան կը զետեղէ անունը այն թեկնածուին, որ կը կրէ արժանիքներն ու արժեչափերը, որոնք զինք յարմար կը դարձնեն...

Եազպեք. «Բանակի Հրամանատարը Մեր Թեկնածուն Չէ,  Եւ Ժոմպլաթին Անոր Թեկնածութիւնը  Առաջադրելու Աճապարելը Մեզ Զարմացուց»

Եազպեք. «Բանակի Հրամանատարը Մեր Թեկնածուն Չէ, Եւ Ժոմպլաթին Անոր Թեկնածութիւնը Առաջադրելու Աճապարելը Մեզ Զարմացուց»

Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղայաս Եազպեք «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց. «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան որդեգրած պետութեան կառուցման երթին կողքին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը որդեգրած էր եւ կը շարունակէ պետութեան ծրագիրին հակասող ուղիով ընթանալ: Սակայն ատիկա չ՛արգիլեր ներկայիս համաձայնիլ Լիբանանի շահը իրագործող հանրապետութեան նախագահի մը անունին շուրջ, ինչպէս նախապէս համաձայնեցանք նախկին նախարար Ժիհատ Ազհուրի անունին շուրջ»: «Ազգային...

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Կը Յուսայ,  Որ Շարհի Յայտարարութիւնները Փոխադարձ  Յարգանքի Վրայ Հիմնուած Յարաբերութիւններու  Նոր Փուլի Մը Սկիզբը Ըլլան

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Կը Յուսայ, Որ Շարհի Յայտարարութիւնները Փոխադարձ Յարգանքի Վրայ Հիմնուած Յարաբերութիւններու Նոր Փուլի Մը Սկիզբը Ըլլան

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար Ահմետ Շարհի Լիբանան-Սուրիա յարաբերութիւններուն շուրջ վերջին յայտարարութիւնները դրական շրջադարձ մըն են եւ կարեւոր քայլ մը դէպի հաւասարակշռուած յարաբերութիւններ, որոնք կը յարգեն երկու երկիրներու գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը: Այդ հիմամբ ալ կ՛ողջունենք Լիբանանի նկատմամբ սուրիական նոր դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ կ՛ողջունենք անոր կեցուածքը ահաբեկումներուն նկատմամբ, զորս Ասատի վարչակարգը գործեց լիբանանցի ղեկավարներու...

Հակառակ Յայտարարուող Խոստմնալից  Կեցուածքներուն.  Ժողովրդային Ցոյցերն Ու Բողոքի  Ելոյթները  Շարունակուեցան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԼԻԲԱՆԱՆԻ ելեկտրականութեան ընկերութիւնը յայտարարեց, որ տօնական օրերու ընթացքին ելեկտրականութեան օրական մատակարարումը շուրջ 4-6 ժամի եւ մինչեւ 6-8 ժամի պիտի բարձրացնէ: - ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը յայտարարեց, որ ստանձնած է Քուսայա-Զահլէի մէջ նախապէս Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատ-ընդհանուր հրամանատարութեան պատկանող կեդրոնը, ինչպէս նաեւ այդ խմբաւորման պատկանող փապուղիները: Բանակը նշեալ վայրէն գրաւած է զէնքեր, զինամթերք եւ սպառազինութիւն: - ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր...

Ուալիտ Ժոմպլաթ Հանդիպում Ունեցաւ  Ահմետ Շարհի Հետ

Ուալիտ Ժոմպլաթ Հանդիպում Ունեցաւ Ահմետ Շարհի Հետ

Ուալիտ Ժոմպլաթի գլխաւորութեամբ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը` ընկերակցութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքէն երեսփոխաններու եւ տիւզի շէյխերու, երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար, Հայըաթ Թահրիր Շամի ղեկավար Ահմետ Շարհի (Ապու Մոհամետ Ժուլանիի) հետ: Շարհ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Սուրիան մտահոգութիւն եւ նեղութիւն պատճառելու աղբիւր էր, եւ լիբանանեան հարցերուն մէջ անոր միջամտութիւնը ժխտական էր: Սուրիական վարչակարգը սպաննեց...

Բանակը Պեքայի Մէջ Պաղեստինի Ազատագրութեան  Ժողովրդային Ճակատի Երկու Նախկին Կեդրոններ  Եւ Ֆաթհ Ինթիֆատայի Նախկին Ճամբար Մը Ստանձնեց

Բանակը Պեքայի Մէջ Պաղեստինի Ազատագրութեան Ժողովրդային Ճակատի Երկու Նախկին Կեդրոններ Եւ Ֆաթհ Ինթիֆատայի Նախկին Ճամբար Մը Ստանձնեց

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ բանակը ստանձնած է արեւմտեան Պեքայի մէջ Սուլթան Եաաքուպ եւ Հըշմըշ կեդրոնները, որոնք կը գտնուին Քուսայա ու կեդրոնական Պեքայի Տէյր Ղազալ գիւղերուն միջեւ եւ նախապէս կը պատկանէին Պաղեստինի ազատագրութեան Ժողովրդային ճակատ-ընդհանուր հրամանատարութեան: Բանակը ստանձնեց նաեւ Հլուէ-Ռաշայա ճամբարը, որ նախապէս կը պատկանէր Ֆաթհ Ինթիֆատա կազմակերպութեան, եւ գրաւեց զէնքեր, զինամթերք եւ շարք մը սպառազինութիւն: Բանակի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ...

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանցիներուն Հետ  Կը Սպասենք Ամօթալի Դատարկութենէն Ետք  Ներկայ Փուլին Յարմար Նախագահի Ընտրութեան»

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանցիներուն Հետ Կը Սպասենք Ամօթալի Դատարկութենէն Ետք Ներկայ Փուլին Յարմար Նախագահի Ընտրութեան»

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ լիբանանցիները կը սպասեն 9 յունուարի օրուան, երբ երեսփոխանները պիտի ընդառաջեն երկու տարի եւ երկու ամիս տեւողութեամբ եւ սահմանադրութեան մէջ որեւէ արդարացում չունեցող դատարկութենէ ետք հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրելու հրաւէրին: «Կ՛աղօթենք, որպէսզի ժողովուրդին երեսփոխանները ընտրեն երկրի իր արժանիքներով ներկայ պատմական իւրայատուկ փուլին յարմարագոյնը եղող նախագահը: Երկիրը կարիքը ունի նախագահի մը, որ...

Քումաթի. «Այն Երազը, Թէ Լիբանանը Պէտք Է Առանց  Դիմադրութեան Զէնքին Մնայ,  Եւ Անոր Կարիքը Չկայ, Պիտի Չիրականանայ»

Քումաթի. «Այն Երազը, Թէ Լիբանանը Պէտք Է Առանց Դիմադրութեան Զէնքին Մնայ, Եւ Անոր Կարիքը Չկայ, Պիտի Չիրականանայ»

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ, նախկին նախարար Մահմուտ Քումաթի յայտնեց. «Քաղաքական գետնի վրայ առաւելագոյն մակարդակով համագործակցող եւ դրական պիտի ըլլանք, որովհետեւ այդպէս էինք եւ տակաւին այդպէս ենք ու պիտի մնանք, որովհետեւ կը կարծենք, որ այս հայրենիքը արդիւնքներու հասնելու համար կարիքը ունի լիբանանեան բոլոր կողմերուն միջեւ փոխհասկացողութեան, քաղաքական երկխօսութեան եւ գործակցութեան, եւ մենք կ՛ըսենք, որ բոլոր հարցերը երկխօսութեան ենթակայ են, մենք պատրաստ...

Մակրոյի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ Կոչ Կ՛ուղղէ` Ընտրելու Բարեկարգչական  Ծրագիր Գործադրելու Եւ Լիբանանը Գերիշխան  Պետութեան Կացութեան Փոխադրելու Ունակ Նախագահ Մը

Մակրոյի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ Կոչ Կ՛ուղղէ` Ընտրելու Բարեկարգչական Ծրագիր Գործադրելու Եւ Լիբանանը Գերիշխան Պետութեան Կացութեան Փոխադրելու Ունակ Նախագահ Մը

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի հետ, որուն կ՛ընկերակցէր քաղաքական եւ տեղեկատուական հարցերու կցորդ Ռոման Քաւարին: Ժահժահի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են շրջանին մէջ արձանագրուող զարգացումներն ու Լիբանանի վրայ անոնց ազդեցութիւնները, ինչպէս նաեւ զինադադարի համաձայնութեան եւ առնչակից միջազգային որոշումներուն գործադրութիւնը: Քննարկուած են նաեւ նախագահի ընտրութիւնն...

Խրէյս. «Կռուեցանք Մեր Հայրենիքին Մասնատումն  ու Բռնագրաւումը Արգիլելու Համար Եւ Պիտի Շարունակենք  Ամբողջ Ուժով Զայն Պաշտպանել»

Խրէյս. «Կռուեցանք Մեր Հայրենիքին Մասնատումն ու Բռնագրաւումը Արգիլելու Համար Եւ Պիտի Շարունակենք Ամբողջ Ուժով Զայն Պաշտպանել»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց. «Մեր ապրած փուլը բոլորին համար ամէնէն դժուարն էր, սակայն կը հպարտանանք մեր ժողովուրդին տոկունութեամբ եւ իր հողին կառչածութեամբ, եւ այս է, որ մեզի սորվեցուց անյայտացուած իմամ Մուսա Սատըրը»: «Լիբանանը իր բոլոր զաւակներուն վերջնական հայրենիքն է, եւ բոլոր քաղաքացիները պէտք է ատիկա որդեգրեն, ատոր վրայ պէտք է հիմնուինք մեր միասնականութեան ընթացքին եւ...

Շարհ. «Չենք Ուզեր Լիբանանի Ներքին  Գործերուն Միջամտել Եւ Բոլոր Լիբանանցիներէն  Նոյն Հեռաւորութեան Վրայ Պիտի Կանգնինք»

Շարհ. «Չենք Ուզեր Լիբանանի Ներքին Գործերուն Միջամտել Եւ Բոլոր Լիբանանցիներէն Նոյն Հեռաւորութեան Վրայ Պիտի Կանգնինք»

Սուրիոյ նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար Ահմետ Շարհ (Ապու Մոհամետ Ժուլանի) «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Սուրիական յեղափոխութիւնը վարչակարգի տապալումով վերջ գտաւ, եւ պիտի չարտօնենք զայն որեւէ այլ տեղ արտածել: Սուրիան որեւէ արաբական երկրի կամ Ծոցի որեւէ պետութեան վրայ յարձակումի շղթայազերծման կամ մտահոգութիւն պատճառելու հարթակ պիտի չըլլայ: Շատեր սուրիական յեղափոխութեան մէջ մուտք գործեցին, սակայն այսօր կը գտնուինք նոր փուլի...

Page 152 of 986 1 … 151 152 153 … 986

Արխիւներ