Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Մենք նախագահի ընտրութեան նիստէն` երկրին Ազգային ուխտին ապագային համար ներկայացուցած պատմական պահէն քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ ենք. անկեղծօրէն կ՛ըսեմ` չենք ուզեր հանրապետութեան նախագահ մը, որ քրիստոնեաները չի գոհացներ, ինչպէս նաեւ չենք ուզեր հանրապետութեան նախագահ մը, որ չ՛երաշխաւորեր իսլամներու ազգային շահերը` իբրեւ լիբանանեան ընտանիքին հիմք:
«Եւ իբրեւ ազգային ներկայացուցչութեան հիմք Ազգային ազատ հոսանքի գոհ ըլլալուն եւ Լիբանանեան ուժերու գոհ ըլլալուն վրայ կը պնդենք, եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը Լիբանանը ներկայացնելու ապագային մէջ ազգային գործընկեր է, եւ չափանիշը ազգային ներկայացուցչութեան գործընկերութիւնն է, ուստի բացարձակապէս դիմակայման նախագահ չենք ուզեր, այլապէս երկիրը մեծ պառակտումի կը մատնուի», նշեց շէյխ Քապալան:
Ան զգուշացուց ի վնաս սիւննիներու ներկայացուցչութեան որեւէ գործարքէ:
«Սէուտական Արաբիոյ կամ արաբական ու իսլամական մերձակայքին հետ (ներառեալ Սուրիան) դիմակայման նախագահ պիտի չընդունինք: Եղբայրներէն ոչ ոքի դէմ ենք, մանաւանդ Ծոցի պետութիւններուն: Ամալ շարժումն ու Հըզպալլան ազգային հիմնաքար են, եւ Լիբանանը իր հիմնաքարերով կը կանգնի: Առանց Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի համաձայնութեան որեւէ ազգային ներկայացուցչութիւն կը սպառնայ երկրին Ազգային ուխտի արժէքին եւ սահմանադրական ու հասարակական հաստատութիւններուն:
«Սլէյման Ֆրենժիէն ազգային որոշումին ձեւաւորման մէջ գործընկեր է, իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին` Ազգային ուխտի պատմական պահակ, երկրի, հայրենիքի, հաստատութիւններու, համայնքներու երաշխաւոր, մասնաւորաբար նախագահի ընտրութեան նիստի ընթացքին», նշեց շէյխ Քապալան: