Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժեմայել. «Լիբանան Դէպի Վերականգնում Կ՛ուղղուի»

Դեկտեմբեր 21, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայել բացառեց, որ լիբանանցիները 9 յունուարէն` նախագահի ընտրութեան խորհրդարանական նիստէն առաջ մէկ կամ աւելի անուններու շուրջ փոխըմբռնում չգոյացնեն, մանաւանդ որ բաց եւ իրերայաջորդ նիստերու ընթացքին փոխըմբռնման բացակայութիւնը երեսփոխանական պլոքերը կրնայ ենթարկել «հաւասարակշռութիւնները գլխիվայր դարձնող անակնկալի վտանգի»:

Ժեմայել քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեց. «Նախագահական ընտրութեան մէջ հաւանական անակնկալը բոլոր կողմերը ճնշումի պիտի ենթարկէ նախքան նիստը մէկ կամ աւելի թեկնածուի շուրջ փոխհասկացողութիւն կամ համաձայնութիւն գոյացնելու, որպէսզի նիստը գոհացուցիչ արդիւնքով դուրս գան»:

Ան զօրակցութիւն յայտնեց ժողովրդավարութեան կանոններուն հիմամբ եւ լիբանանեան խմբաւորումներուն միջեւ նախապէս գոյացած համաձայնութենէ անկախ նախագահ ընտրելու գաղափարին:

«Ներկայիս ոեւէ թեկնածուի վերաբերեալ որեւէ դիրքորոշում պիտի չորդեգրենք նախքան ընդդիմադիր խմբաւորումներուն միջեւ խորհրդակցութեան եւ քննարկումի աւարտը, թէեւ ունինք շարք մը բարեկամներ, որոնց շարքին է բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն հետ հայրենասիրական հասարակաց սկզբունքներ ունինք, ուստի արգելք չունինք, որ անոնցմէ ոեւէ մէկը նախագահի աթոռին նստի», նշեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավարը:

«Կ՛ուզենք նախագահ մը, որ կը յարգէ զինադադարի համաձայնութիւնը, զէնքը բացառապէս լիբանանեան բանակին ձեռքը ըլլալը: Նախագահ մը, որ կարող է լիբանանցիները միախմբել եւ անոնց միջեւ վստահութիւն կառուցել», շեշտեց Ժեմայէլ` աւելցնելով. «Շիի զոյգը ընդհանրապէս, մասնաւորաբար Հըզպալլան պէտք է գիտակցի, որ լիբանանցիները այսուհետեւ պիտի չընդունին անոր հոգատարութեան տակ մնալ եւ երկու կարգի քաղաքացիներ ըլլալ: Ինչպէս նաեւ պէտք է գիտակցի, որ ոեւէ մէկէն վրէժ լուծելու չենք պատրաստուիր, ո՛չ ալ ոեւէ մէկը քաղաքական հաւասարակշռութենէն մեկուսացնել կամ հեռացնել եւ երկրին մէջ նոր խնդիրներ ստեղծել: Մենք բոլորի միախմբման հետ ենք, սակայն պետութեան պայմաններով, սահմանադրութեան, օրէնքներու եւ հաստատութիւններու ճիշդ աշխատանքի նշաձողին տակ»:

Պատասխանելով Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամներուն Դիմադրութեան եւ «բանակ-ժողովուրդ-Դիմադրութիւն» եռամիասնութեան գոյատեւման ակնարկներուն` Ժեմայել նշեց. «Ատիկա կը նշանակէ, որ զինադադարը պիտի չշարունակուի, եւ Հըզպալլան կը պնդէ պետութեան կառոյցներէն ու լիբանանեան գոյացութենէն մնացածը քանդելու վրայ, եւ ո՛չ յառաջիկայ 9 յունուարին, ո՛չ ալ այլ օր նախագահ պիտի ընտրուի: Սանձարձակութեան ժամանակը վերջ գտաւ, եւ այսուհետեւ միայն լիբանանեան բանակին զէնքը պիտի ընդունինք»:

Ժեմայել նաեւ ըսաւ, որ պէտք է Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ իրերահաւասարութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ ըլլան, իսկ դիւանագիտական յարաբերութիւնները սահմանափակուին երկու երկիրներուն մէջ գտնուող դեսպանատուներով:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Ամերիկան Կը Խօսի Լիբանանի Վերակառուցման Մասին Եւ Չէ Հետաքրքրուած Նախագահի Թեկնածուներու Անուններով» Կ՛ըսէ Կապրիէլ

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?