Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ ողջունեց ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան արտակարգ իրավիճակներու կառավարական յանձնախումբին վերջին դէպքերուն հետեւանքով Սուրիա եւ սահմանամերձ շրջաններ ապաստանած լիբանանցիներու մարդասիրական կարիքները բաւարարելու պարտականութիւն տալը:
Շէյխ Խաթիպ Մարդու ակադեմիայի նախագահ Նեժի Խուրին ընդունելու ընթացքին յայտնեց, որ շիի համայնքը կառչած կը մնայ ուժեղ ու արդար պետութեան ծրագիրին եւ հայրենասէր հզօր բանակին, որ հայրենիքի սահմանները կը պաշտպանէ:
«Նախանձախնդիր ենք, որ մեր զաւակներն ու ժողովուրդը խաղաղութեան ու ապահովութեան մէջ ապրին` հսկողութեանը տակ բանակի մը, որ զիրենք եւ իրենց շրջանները կը պաշտպանէ իսրայէլեան ոտնձգութիւններէ, եւ եթէ սկիզբէն այդպիսի պետութիւն գոյութիւն ունեցած ըլլար, դիմադրութեան, նահատակներու, նիւթական մեծ ծախսերու կարիք չէր ըլլար», յայտնեց շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահը: