Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քարամէ. «Կան Բնական Երկու Թեկնածուներ` Ֆրենժիէն Եւ Բանակի Հրամանատարը»

December 21, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային համաձայնութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց. «Ներկայ փուլը կը նմանի այն փուլին, երբ որդեգրեցինք Թաէֆի համաձայնագիրը, զէնքերը հաւաքեցինք, միլիսները լուծարեցինք եւ սկսանք պետութեան կառուցման: Այսօր բոլոր ոլորտներուն մէջ պատմական առիթի առջեւ կը գտնուինք»:

Քարամէ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ. «Շիի համայնքը պետութեան կողմէ հոգատարութեան կը կարօտի, եւ պահը յարմար է պետութեան կառուցման ուղղութեամբ ընթանալու»:

«Լիբանանի վերաբերեալ սէուտական պատկերացումը այն է, որուն Լիբանանի մէջ միշտ կը ձգտէինք` բարեկարգում եւ այլն, եւ անիկա կը ներկայացնէ լիբանանցի ժողովուրդի մեծամասնութեան ձգտումները, եւ Լիբանանի մէջ առանց Սէուտական Արաբիոյ բարգաւաճում կամ վերակառուցում չկայ», շեշտեց երեսփոխանը:

«Կարելի չէ աւանդական զէնքներով դիմակայել յառաջիկայ փուլն ու գործադրել Թաէֆի համաձայնագիրը, մասնաւորաբար լիբանանեան պետութենէն դուրս զէնքի գոյութիւն չունենալու հարցը, ինչպէս նաեւ զինադադարի համաձայնութիւնը, լիբանանեան բանակի ամրապնդումը եւ հարաւի եւ հիւսիսի մէջ մեր ժողովուրդի պաշտպանութիւնը»:

«Եթէ տեսնենք, որ խումբ մը տրամաբանական առաջարկ կը ներկայացնէ եւ յանձնառու կ՛ըլլայ սահմանադրութեան, ապա արգելք չունինք անոր քուէարկելու, եւ մենք անկախ պլոք ենք, ունինք ամբողջական պատկերացում եւ կ՛ուզենք հայրենիքը փրկել», ըսաւ ան:

«Համակարգում կը կատարենք Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ, ան դժուար թէ շարունակէ, ինչպէս նշեց, եւ մենք` իբրեւ պլոք, մինչեւ այս պահս ոեւէ մէկուն նկատմամբ յանձնառութիւն չենք ստանձնած, եւ քննարկում կը կատարուի, որպէսզի թեկնածուի մը շուրջ համաձայնած մեծ խմբակ դուրս գայ», յայտնեց Քարամէ` աւելցնելով. «Ես կապի մէջ եմ Սլէյման Ֆրենժիէի հետ եւ անոր հետ հաղորդակցութեանս ընթացքին յստակ ու անկեղծ կերպով ըսի, որ պէտք է իրմէ զատ թեկնածու որդեգրել, եւ ան իր առիթները նուազած կը տեսնէ»:

Ազգային համաձայնութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամը շեշտեց. «Հիմնականին մէջ կան երկու բնական թեկնածուներ` Ֆրենժիէն ու լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, եւ չեմ գիտեր, եթէ սահմանադրական փոփոխութիւն կատարելու օրինաթիւ եւ բաւարար քուէ ապահովելու կարողութիւն կայ»:

Անդրադառնալով Սուրիոյ զարգացումներուն` Քարամէ յայտնեց. «Զիս հետաքրքրողը Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն է, եւ սուրիացի ժողովուրդը ուրախ կ՛երեւի, ուստի կ՛ուզեմ զայն շնորհաւորել, եւ կարեւորը մեր ներքին կացութեան վրայ անոր ազդեցութիւնն է»:

Նախորդը

Ժոմպլաթ. «Բանակի Հրամանատարի Թեկնածութեան Զօրակցիլ Որոշեցինք, Որովհետեւ Կարեւոր Հաստատութիւն Կը Ներկայացնէ Եւ Լիբանանի Կայունութեան Համար Հոյակապ Աշխատանք Կատարեց»

Յաջորդը

Շարհ. «Չենք Ուզեր Լիբանանի Ներքին Գործերուն Միջամտել Եւ Բոլոր Լիբանանցիներէն Նոյն Հեռաւորութեան Վրայ Պիտի Կանգնինք»

RelatedPosts

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը  Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն  Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»
Լիբանանեան

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»

November 10, 2026
Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք.  Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց,  Որ Մեծ Փոփոխութիւններու  Առջեւ Կանգնած Ենք»
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք. Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց, Որ Մեծ Փոփոխութիւններու Առջեւ Կանգնած Ենք»

November 10, 2026
Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք  Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման  Իրագործման Համար Բանակցութեան»
Լիբանանեան

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման Իրագործման Համար Բանակցութեան»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.