Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Եւ Էրտողան Անգարայի Մէջ Յայտարարեցին, Որ Պիտի Կանգնին Սուրիոյ Կողքին

December 19, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց Թուրքիա, ուր հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

«Լիբանանն ու Թուրքիան Սուրիոյ կողքին պիտի ըլլան` յառաջիկայ փուլին անոր վերականգնման համար», յայտարարեց Էրտողան` աւելցնելով. «Իսրայէլ Լիբանանի եւ Կազայի վրայ յարձակում գործելով շրջանը դէպի անդունդ կը մղէ, եւ մենք Լիբանանի մէջ կայունութեան քայքայման որեւէ փորձի դէմ պիտի կանգնինք»:

Միքաթի իր կարգին յայտնեց. «Իսրայէլացի թշնամիին կատարած առօրեայ ոտնձգութիւնները զինադադարի համաձայնութեան խախտում են»` աւելցնելով. «Ձեր աջակցութիւնը հիմնական է յարձակումին դադրեցումը արագացնելու եւ վնասուած հասարակութիւններու վերականգնման աշխատանքին ձեռնարկելու համար»:

«Լիբանանի նկատմամբ ձեր անձնական սէրն ու մեր սերտ անձնական յարաբերութիւնները գործակցութեան եւ օժանդակութեան բազմաթիւ դռներ պիտի բանան», աւելցուց Միքաթի:

«Այսօր նաեւ յոյս կը կապենք ձեր դերակատարութեան եւ շրջանին ու աշխարհին մէջ Թուրքիոյ ազդու ներկայութեան վրայ, մասնաւորաբար մեր աշխարհագրական շրջապատին մէջ քաղաքական արմատական փոփոխութիւններուն մէջ, մանաւանդ Սուրիոյ մէջ, որուն հողերուն մէկ մասը բռնագրաւուած է, եւ պէտք ուժեղ կերպով ճնշում բանեցնել անոր անմիջապէս վերջ տալու համար», ըսաւ Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատարը:

Նախորդը

Ժողովրդավարական Հանդիպում Երեսփոխանական Պլոքը Որդեգրեց Նախագահի Պաշտօնին Զօր. Ժոզեֆ Աունի Թեկնածութիւնը

Յաջորդը

Ալիեւ Բացայայտած Է, Թէ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Ո՛ր Կէտերուն Շուրջ Երեւանն ու Պաքուն Համաձայնութիւն Չեն Գոյացուցած

RelatedPosts

Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի  Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ  Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»
Լիբանանեան

Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»

November 9, 2026
Եաշար Կուսակցութիւն. «Այզենքոթ Լիբանանէն  Հեռանալու Բանակցութիւններ Չի Վարեր»
Լիբանանեան

Եաշար Կուսակցութիւն. «Այզենքոթ Լիբանանէն Հեռանալու Բանակցութիւններ Չի Վարեր»

November 9, 2026
«Լիբանանի Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան  Պահպանումը Ֆրանսայի Առաջնահերթութիւններէն Է»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը
Լիբանանեան

«Լիբանանի Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Պահպանումը Ֆրանսայի Առաջնահերթութիւններէն Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.