Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի այցելեց հարաւային Լիբանան` աչքէ անցընելու համար առաջնագիծին վրայ գտնուող բանակի միաւորները, եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունէն ծանօթանալու հարաւային արեւելեան շրջանի կացութեան:
Միքաթիի այցելութեան առաջին փուլը Մարժաայունի մէջ բանակի զօրանոցն էր, ուր խօսք մը արտասանելով ողջունեց հայրենիքի հողին պաշտպանութեան համար բանակի նահատակները եւ ըսաւ. «Ձեր դէմքերը կը դիտեմ եւ հպարտ կը զգամ, որովհետեւ կը զգամ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն հողը պաշտպանելու ձեր բարձր տրամադրութիւնն ու վճռականութիւնը»:
«Զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբին հետ ժողով պիտի գումարենք, եւ մեր դիմաց շատ աշխատանքներ կան, որոնց գլխաւորը թշնամիի հեռացումն է բոլոր այն հողերէն, ուր իր վերջին յարձակումի ընթացքին ներթափանցեց, եւ այդ ատեն բանակը ամբողջովին պիտի կատարէ իր առաքելութիւնը: Բանակը ոչ իսկ օր մը թերացած է իր առաքելութեան մէջ: Մենք դժուար քննութեան առջեւ կանգնած ենք, եւ բանակը պիտի փաստէ, որ կրնայ իրմէ պահանջուած ամէն առաքելութիւն կատարել, եւ ես այդ առնչութեամբ ամբողջական վստահութիւն ունիմ», ըսաւ Միքաթի:
Վարչապետի պաշտօնակատարը նաեւ նշեց, որ բանակը «շարունակ փաստեց, որ ինք այս հայրենիքին միասնականութիւնը կը ներկայացնէ եւ իր պարտաւորութիւնները կը կատարէ, եւ բոլոր լիբանանցիները բանակին կողքին են ու անոր կը զօրակցին: Աստուած ձեզ պահապան, եւ այս հայրենիքին պահապան»:
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն իր կարգին ողջունեց վարչապետի պաշտօնակատարը` շնորհակալութիւն յայտնելով բանակին անոր ամբողջական զօրակցութեան համար:
«Հակառակ իր համեստ կարելիութիւններուն, բանակը տոկուն մնաց իր դիրքին վրայ եւ քաղաքայինները պաշտպանեց: Պիտի շարունակենք մեր առաքելութիւնը, որովհետեւ կը հաւատանք մեր կատարածին», յայտարարեց զօր. Աուն:
Միքաթի նաեւ բանակի հրամանատարին ընկերակցութեամբ այցելեց հարաւային Լիբանանի արեւելեան շրջանին մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութեան կեդրոնը, որ կը գտնուի Ըպըլ Սաքի գիւղին մէջ, ուրկէ զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան հսկողութեան յանձնախումբի ամերիկացի եւ ֆրանսացի անդամներուն հետ ուղղուեցաւ Խիամ:
Վարչապետի պաշտօնակատարը Խիամ գիւղէն յայտարարեց. «Բանակը պատրաստ է հարաւային Լիբանանի մէջ իր դերը լիովին կատարելու, եւ հսկողութեան յանձնախումբը պէտք է իսրայէլացի թշնամիին վրայ ճնշում բանեցնէ, որպէսզի դադրեցնէ իր խախտումներն ու քանդումները, եւ հեռանայ նախապէս իր ներթափանցած հողերէն»:
Միքաթի նշեց, որ զինադադարի համաձայնագիրի գործադրութեան հսկողութեան յանձնախումբի նիստ պահանջած է` քննարկելու համար զինադադարի մեքանիզմները: