Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ, նախկին նախարար Մահմուտ Քումաթի յայտնեց. «Քաղաքական գետնի վրայ առաւելագոյն մակարդակով համագործակցող եւ դրական պիտի ըլլանք, որովհետեւ այդպէս էինք եւ տակաւին այդպէս ենք ու պիտի մնանք, որովհետեւ կը կարծենք, որ այս հայրենիքը արդիւնքներու հասնելու համար կարիքը ունի լիբանանեան բոլոր կողմերուն միջեւ փոխհասկացողութեան, քաղաքական երկխօսութեան եւ գործակցութեան, եւ մենք կ՛ըսենք, որ բոլոր հարցերը երկխօսութեան ենթակայ են, մենք պատրաստ ենք անոնց շուրջ երկխօսութիւն կատարելու, իսրայէլեան յարձակումէն ետք կառուցելու համար այս երկիրը` Լիբանանը, ուստի ամենայն հասկացողութեամբ պիտի հասնինք նախագահական գործընթացին, իսկ լիբանանեան հայրենասիրական զոյգը նախագահական գործընթացին եւ բոլոր միւս գործընթացներուն նկատմամբ մէկ դիրքորոշում պիտի ունենայ` այս երկիրը վերականգնելու եւ վերաշինելու համար»:
«Եթէ հայրենիքին մէջ իսկական գործընկերներ ենք, պէտք է մշակենք այս հայրենիքը պաշտպանելու ատակ պաշտպանական ռազմավարութիւն մը, որովհետեւ բանակը առանձինը չի կրնայ թշնամին դիմակայել, եւ բոլորս ատիկա գիտենք, եւ երանի կարենար, որովհետեւ մենք դէմ չենք, որ ան կարենայ առանձինը դիմակայել: Ուստի կարիքը կայ մեր հայրենիքի պաշտպանութեան համար Դիմադրութեան եւ բանակին միջեւ անհրաժեշտ եւ անխուսափելի գործընկերութեան, եւ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ եւ տեղի կ՛ունենայ մեր ամբողջ շրջապատին մէջ, ատոր փաստն է: Մենք չենք ընդունիր, որ Լիբանանը շրջանային եւ միջազգային օրակարգերէն քշուի», ըսաւ Քումաթի:
Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահը նաեւ շեշտեց. «Ոմանց երազն ու չարասիրտ մաղթանքները, թէ Լիբանանը պէտք է առանց Դիմադրութեան զէնքին մնայ եւ անոր կարիքը չունի, պիտի չիրականանան: Մենք կ՛ըսենք, որ բանակին ու Դիմադրութեան միջեւ հասարակաց եւ ժողովուրդի աջակցութեամբ եղող օրինական զէնքը անխուսափելի է եւ անհրաժեշտ: Ասիկա է այն միակ միջոցը, որ Լիբանանը կը պաշտպանէ: Մենք մեր հայրենիքը, անոր ուժը, անոր ազգային պաշտպանութեան ուժը չենք լքեր արտասահմանին կապուած ոմանց սիրոյն, կամ ոմանց կեղտոտ լեզուներուն ու լրատուական անբարոյութեան համար, ատիկա տեղի պիտի չունենայ»:
«Դիմադրութեան երթը յառաջիկայ սերունդներուն երթն է, ոչ թէ որովհետեւ Դիմադրութիւնը ինքնանպատակ է, այլ որովհետեւ հպարտութեան, արժանապատուութեան, յաղթանակի, անկախութեան, ազատութեան, կրօնի, բարոյականութեան ու մարդկայնականութեան պաշտպանութեան ուղի է, ուստի զայն պիտի չլքենք: Իսկ այն ամբաստանութիւնները, թէ Դիմադրութիւնը իրանեան է իրանեան ծրագիրի համար, եւ սուրիական է սուրիական ծրագիրի համար, անիկա Դիմադրութիւն է շրջանային ծրագիրի համար եւ ոչ թէ ազգային լիբանանեան տեղական ծրագիր, ապա այս պնդումները կը փորձեն ապակողմնորոշել եւ աղարտել այս Դիմադրութիւնն ու անոր նպատակը, մանաւանդ որ մեր ծրագիրը լիբանանեան ազգային ծրագիր մըն է, որ հայրենիքը կը պաշտպանէ արտաքին թշնամիներէն, եւ ոչ թէ ներքին համայնքային կամ այս կամ այն պետութեան կապուած արտաքին շրջանային որեւէ նպատակի համար», շեշտեց Քումաթի: