– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը կը պատրաստուի Հըզպալլայի հետ զինադադարի համաձայնութեան մէջ նշուած 60 օրուան պայմանաժամի աւարտէն ետք հարաւային Լիբանանի մէջ իր ուժերու տեղակայման շարունակելու:
Օրաթերթը կը նշէ, որ իսրայէլեան բանակը մտադիր չէ իր ուժերը Լիբանանէն հեռացնել, եթէ լիբանանեան բանակը չյարգէ համաձայնութիւնը եւ հարաւային Լիբանանը իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ չառնէ:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը Լիբանանի հետ սահմանին վրայ իր պաշտպանական գիծերը կը վերաշինէ, առ ի պատրաստութիւն հիւսիսի բնակիչներուն վերադարձին:
– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա` ընդառաջելով իր սէուտցի պաշտօնակից զօր. Ֆայեատ Պըն Համետ Ռուէյլիի հրաւէրին: Այս մասին բանակը հաղորդեց «Էքս»-ի վրայ:
Պիտի քննարկուի երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը եւ լիբանանեան բանակին աջակցելու կարելիութիւնը, մասնաւորաբար Լիբանանի անվտանգութեան ու կայունութեան պահպանման առաքելութեան գործադրման մէջ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ:
– «ԷՄ.ԹԻ.ՎԻ.»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի` մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նախագահի ընտրութեան:
Ռայի պատրիարքը շեշտած է, որ անհրաժեշտ է 9 յունուարի նիստին նախագահ ընտրել, եւ Պըրրին խոստացած է նախագահական աթոռի դատարկութեան վերջ տալու օգնել:


