Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շիպանի-Պու Հապիպ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Դեկտեմբեր 27, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հեռաձայնած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի: Այս մասին հաղորդեց ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը:

Պու Հապիպ յայտնած է, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կը կանգնի սուրիական նոր կառավարութեան կողքին, եւ շնորհաւորած է սուրիացի ժողովուրդը իր արձանագրած յաղթանակին առիթով:

Շիպանի իր կարգին ընդգծած է սուրիացի եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն միջեւ եղբայրական ու պատմական խոր յարաբերութիւնները եւ զանոնք պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ կը նպաստէ երկու երկիրներու շահերուն:

Երկու նախարարները համաձայնած են աշխուժացնել շրջանին մէջ կայունութիւն ամրապնդելու եւ անոր անվտանգութիւնը պահպանելու ջանքերը:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Պու Հապիպ յաջողութիւն մաղթած է շրջանային եւ միջազգային բեմահարթակներուն վրայ սուրիական դիւանագիտութեան նոր էջ բանալու ջանքերուն:

Ան նշած է, որ Լիբանան կառչած կը մնայ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան ու անվտանգութեան, անկախութեան, անոր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին, ինչպէս նաեւ կը ձգտի լաւագոյն դրացիական յարաբերութիւնները ունենալ Սուրիոյ նոր կառավարութեան հետ:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը փափաք յայտնած է Սուրիա այցելելու:

Երկու նախարարները համաձայնած են յառաջիկայ տարուան սկիզբը հանդիպում ունենալու` քննարկելու համար հասարակաց հարցերը:

 

 

Նախորդը

ՖԻՆԻՒԼ Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Իսրայէլեան Բանակի Բնակելի Շրջաններու Եւ Գիւղատնտեսական Հողատարածքներու Քանդման Շարունակման Նկատմամբ

Յաջորդը

Իսրայէլեան Ուժ Մը Յառաջացաւ Դէպի Քանթարա Եւ Ուատի Հուժէյր

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?