Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզէտտին յայտնեց. «Լիբանանը մարտահրաւէր նետող նախագահ չի հանդուրժեր, եւ միայն ազգային փոխըմբռնումով ու համակեցութեամբ կը կառուցուի, ուստի ընտրութեան (նախագահի, «Ա.») հարցով ազնիւ ու ազատ մրցակցութիւն կ՛ուզենք, եւ ասիկա ոչ ոքի կը վիրաւորէ: Քուէարկութեան տուփ կ՛երթանք, եւ իւրաքանչիւր երեսփոխան կը զետեղէ անունը այն թեկնածուին, որ կը կրէ արժանիքներն ու արժեչափերը, որոնք զինք յարմար կը դարձնեն այս պետութիւնը կառավարելու, բարեկարգելու եւ ձգտելու այն ինչին, որ կը վերաբերի սահմանադրութեան կիրարկման եւ հաստատութիւններու վերականգնման, որոնց մեծապէս կարիքը ունինք` վերաշինութեան աշխատանքին ու քաղաքացիներու կարիքներու բաւարարման համար»:
«Թող ոչ ոք կարծէ, թէ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, Հըզպալլան տկարացուց, այսինքն` միւս կողմերը շրջանցեն երկրի այս հիմնական մէկ տարրը», նշեց ան` աւելցնելով. «Այս երկրին մէջ բացարձակապէս ոչ ոք կրնայ ուրիշ մը ջնջել, եւ չենք ուզեր ոեւէ մէկը ջնջել»:
«Նախագահական մակարդակի վրայ մինչեւ այս պահս չկայ անուն մը, որ ուրիշէն առաջ կ՛անցնի», ըսաւ երեսփոխանը:
«Մենք կը մերժենք, որ լիբանանեան բանակը (իսրայէլեան) խախտումներն ու յարձակումները հաշուող դառնայ, որովհետեւ այս բանակին առաքելութիւնը հայրենիքն ու ժողովուրդը պաշտպանելն է: Իսկ Դիմադրութիւնը, ներկայ զգայուն ու նուրբ կացութեան մէջ, մերժելով հանդերձ այդ յարձակումները նախանձախնդիր է հայրենիքին, ժողովուրդին ու անոնց շահերուն, ուստի կը հետեւի եւ կը սպասէ յարմար պահուն, երբ իր պատասխանը յայտարարելը շահաւէտ է, որովհետեւ իմաստութիւն ունի եւ իր քաջութեամբ ու իմաստութեամբ փաստեց, որ հայրենիքի ու ժողովուրդի շահերուն ապահովման համար կը գործէ», յայտնեց Իզէտտին: