Երեսփոխանական աղբիւրներ, անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան հոլովոյթին, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին. «Տակաւին բանակցութեան նշաձողը բարձրացնելու համար խուսանաւումներու փուլի մէջ ենք (բոլորը իրենց զէնքերուն կառչած են, սակայն նորութիւն չկայ), եւ լուրջ աշխատանքը պիտի սկսի յառաջիկայ շաբաթ»:
Աղբիւրները նաեւ նշած են. «Կը նախատեսուի, որ շարք մը պատուիրակներ, ներառեալ սէուտցի պատուիրակ մը, Պէյրութ այցելեն»:
«Ժատիտ» հաղորդեց, որ չորեքշաբթի օր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի եւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին միջեւ հանդիպումը ձեւական էր, եւ նախագահի ընտրութեան հարցը չէ քննարկուած:
Կայանը նաեւ կը հաղորդէ, որ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի այցելութիւնը տակաւին ի զօրու է, սակայն յառաջիկայ տարուան սկիզբը տեղի պիտի ունենայ:
«Ժատիտ» աւելցուց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը Նոր տարուան սկիզբը պիտի յայտարարէ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին իր թեկնածուն:
Պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երեքշաբթի օր զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան հսկողութեան յանձնախումբին հետ ժողովի ընթացքին յանդիմանական ոճով խօսած է եւ յանձնախումբին կոչ ուղղած է հարցերը վերահսկողութեան տակ առնելու ու հսկելու այն իրողութիւնը, որ այն տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, թէ Իսրայէլին յարձակում գործելու ազատութիւն տրուած է:
«Ժատիտ»-ի համաձայն, յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին նաեւ պիտի լուծուի իսլամական արգելափակեալներու թղթածրարը:
«(Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ) Պըրրի հեռաձայնեց (պատրիարք) Ռայիին` շնորհաւորելով զայն Ս. Ծնունդի տօնին առիթով: Ռային շեշտեց յառաջիկայ նիստին նախագահ ընտրելու կարեւորութիւնը, իսկ Պըրրի անոր խոստացաւ նախագահական աթոռի դատարկութեան վերջ տալու օգնել», նշեց պատկերասփիւռի կայանը: