Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ անհրաժեշտ է, որ «լիբանանեան իմաստութիւնն ու պատասխանատուութիւնը գերակշռեն»` յոյս յայտնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը կը ձեռնարկէ «Սուրիոյ մէջ կազմաւորուող իշխանութեան հետ հաղորդակցութեան լուրջ խողովակներ հաստատելու եւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու փոխադարձ յարգանքի ու քաղաքական նոր իրողութիւններու հիման վրայ»:
Ան վերահաստատեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի այն դիրքորոշումն ու պատմական համոզումը, թէ «մենք չենք ընդունիր եւ չենք ձգտիր արտաքին որեւէ բան օգտագործել ներքին քաղաքականութեան մէջ, եւ Լիբանանի ու Սուրիոյ միջեւ հաստատուելիք յարաբերութիւնները երկու պետութիւններու անկախութեան, երկու պետութիւններու եւ ժողովուրդներու յարգման հիմամբ յարաբերութիւններ են, եւ ոչ թէ միջամտութեան, որ նախապէս տապալած վարչակարգին կողմէ լիբանանեան ներքին խնդիրներուն մէջ կը կատարուէր»:
«Պաշշար Ասատի վարչակարգը տապալեցաւ, եւ իրաւունքի, ազատութեան ու ժողովրդավարութեան դրօշը բարձրացաւ, սուրիացի ժողովուրդը յաղթեց, եւ անոր հետ լիբանանցի ժողովուրդը յաղթեց:
«Քամալ Ժոմպլաթը յաղթեց, Ռաֆիք Հարիրին յաղթեց, եւ յաղթեցին այն նահատակները, որոնք իրենց արիւնը թափեցին ոճրագործ այս վարչակարգի ոճիրներուն պատճառով:
«Տապալեցաւ Ասատի վարչակարգը եւ վեր կանգնեցաւ արդարութիւնը: Սուրիան ազատագրուեցաւ, եւ անոր հետ Լիբանանը պիտի ազատագրուի: Հաստատօրէն այս երկրին մէջ պարտուող չկայ, եւ բոլորս շահաւոր ենք ու յաղթական, որովհետեւ ժողովրդավարական Սուրիոյ ապագան ազատ եւ ժողովրդավարական Լիբանանի ապագան է», նշեց Ապու Ֆաուր:


