Երեսփոխան Ապտելռահման Պըզրի նախատեսեց, որ 9 յունուարին նախատեսուած նախագահի ընտրութեան նիստը գումարուի, հակառակ առաջադրուած թեկնածուներու անուններուն շուրջ տիրող անորոշութեան եւ թեկնածուներուն նկատմամբ պլոքներու դիրքորոշումներուն:
«Զինուորական կամ ապահովական անձնաւորութեան մը ընտրութեան շուրջ համաձայնութեան պարագային հարցը քուէներուն աւելի քան երկու երրորդին կը կարօտի», նշեց ան:
Պըզրի «Սաութ Քուլ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ֆրանսացի պատուիրակին սպասուող այցելութիւնը Լիբանանի նկատմամբ ֆրանսական հետզհետէ աճող հետաքրքրութեան ծիրին մէջ է, եւ նկատի առնուած էր ՖԻՆԻՒԼ-ին մաս կազմող ֆրանսական զօրամասին կացութեան ծանօթացման ծիրին մէջ, սակայն լիբանանեան քաղաքական կողմերու հետ հաղորդակցութիւններէ զուրկ պիտի չըլլայ»:
Ան նշեց, որ զինադադարի համաձայնութեան գործադրման եւ իսրայէլեան առօրեայ ոտնձգութիւնները արգիլելու համար յոյս կը կապէ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի այցելութեան:
«Գլխաւոր քայլը սէուտցի պատուիրակին սպասուող այցելութիւնն է, որ Լիբանանի նկատմամբ սէուտական շարունակուող հետաքրքրութեան ծիրին մէջ է», ըսաւ երեսփոխանը:
«3 յունուարին սէուտական լուրջ եւ իւրայատուկ քայլ մը կը սպասուի, եւ կը նախատեսուի, որ այդ քայլերը նպաստեն խորհրդարանի յառաջիկայ նիստի ընթացքին հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան», շեշտեց Պըզրի:


