Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն Եւ Սիսի Կը Շեշտեն Լիբանանի Մէջ Զինադադարի Ամբողջական Գործադրութեան Կարեւորութիւնը Եւ Կոչ Կ՛ուղղեն Նախագահի Ընտրութեան Շտապելու

December 30, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի նախագահի բանբեր Մոհամետ Շըննաուի յայտարարեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն հեռաձայնած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած են Եգիպտոսի եւ Ֆրանսայի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ անոնց մասնաւորաբար տնտեսական ու ներդրումային ոլորտներու մէջ ամրապնդումը շարունակելու կարեւորութիւնը:

Անոնք նաեւ տեսակէտներու փոխանակում կատարած են շրջանային զարգացումներու շուրջ` ընդգծելով Կազայի մէջ շուտով զինադադար հաստատելու, գերիներու փոխանակում կատարելու եւ մարդասիրական օժանդակութեան հոսքը երաշխաւորելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծուած է շրջանին մէջ մագլցումէ եւ համապարփակ պատերազմէ խուսափելու անհրաժեշտութիւնը:

Մաքրոն գովաբանած է Եգիպտոսի` Կազայի հարցով թափած ջանքերը եւ Ֆրանսայի ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնած:

Երկու նախագահները անդրադարձած են Սուրիոյ զարգացումներուն` շեշտելով Սուրիոյ գերիշխանութիւնը, հողային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կարեւորութիւնը սկսելու քաղաքական համապարփակ հոլովոյթի մը, որ կը ներառէ Սուրիոյ ժողովուրդին բոլոր հատուածները:

Եգիպտոսի եւ Ֆրանսայի նախագահները ընդգծած են Լիբանանի մէջ զինադադարի բոլոր կէտերու գործադրութիւնը ամբողջացնելու, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութեան կարեւորութիւնը, եւ կոչ ուղղած` շարունակելու լիբանանեան բանակի կարողութեան աջակցութիւնն ու ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ արագացնելու Լիբանանի հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան հոլովոյթը, ինչ որ կը նպաստէ երկրին մէջ կայունութեան հաստատման:

 

 

Նախորդը

Խրէյս. «Եթէ Իսրայէլ Մեր Հողերէն Մասերու Վրայ Մնայ, Բնական Է, Որ Դիմադրութիւնը Գործի Լծուի»

Յաջորդը

Ապտալլա Բ. Թագաւոր Եւ Մաքրոն Կոչ Կ՛ուղղեն` Երաշխաւորելու Լիբանանի Մէջ Զինադադարի Յաջողութիւնը

RelatedPosts

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը  Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն  Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»
Լիբանանեան

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»

November 10, 2026
Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք.  Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց,  Որ Մեծ Փոփոխութիւններու  Առջեւ Կանգնած Ենք»
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք. Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց, Որ Մեծ Փոփոխութիւններու Առջեւ Կանգնած Ենք»

November 10, 2026
Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք  Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման  Իրագործման Համար Բանակցութեան»
Լիբանանեան

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման Իրագործման Համար Բանակցութեան»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.