Ամերիկացիներուն հետ կապի մէջ եղող աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, թէ Լիբանանի մէջ պաշտօնական կողմերուն նախնական տեղեկութիւններ հասած են ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի այցելութեան ընթացքին արծարծուելիք նիւթերուն վերաբերեալ: Ամերիկացիները ամբողջովին համամիտ են հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլի կատարածին եւ անոնք յաջորդ փուլին Լիբանանի վրայ ճնշում պիտի բանեցնեն պատերազմին առնչուած պայմաններ պարտադրելու համար:
Աղբիւրները «Ախպար»-ին ըսած են, թէ Ուաշինկթըն եւ Թել Աւիւ մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայեն վերաշինութեան թղթածրարին, որ Դիմադրութիւնը իր գլխաւոր առաջնահերթութիւնը կը նկատէ, եւ երկու կողմերը պատերազմի բանակցութիւններուն ընթացքին կը փորձէին սահմանափակումներ պարտադրել հարաւային Լիբանանի մէջ միջամտող կողմերուն վրայ:
Դիմադրութեան ի նպաստ չեղող, մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումներուն լոյսին տակ, Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը առիթը յարմար կը նկատեն զինուորական ճնշումը քաղաքական ճնշումով ամբողջացնելու: Աղբիւրները նշած են. «Հոքշթայն պիտի հաստատէ այս թղթածրարին մէջ կառավարութեան պատասխանատուութիւնը` արգիլելու համար, որ որեւէ այլ կողմ զայն ղեկավարէ: Ան Լիբանանին պիտի փոխանցէ յստակ պատգամ մը, որ կը մերժէ վերաշինութեան մէջ Իրանի որեւէ ձեւի դերակատարութիւն, ըլլայ այդ իրանեան ընկերութիւններու կամ օգնութիւններու ճամբով, ինչպէս նաեւ պիտի շեշտէ անհրաժեշտութիւնը, որ լիբանանեան պետութիւնը արգիլէ վերաշինութեան որեւէ գործադրողի կողմէ պատրաստ գումարի սպրդումը, «որովհետեւ ատիկա մեծ հետեւանքներ ունի»:


