– ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհանի Լիբանան այցելութիւնը պիտի ըլլայ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամետ Պըն Սալմանի հովանաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ պիտի ըլլայ չափազանց կարեւոր իրադարձութիւն եւ անցնող տարիներէն ետք Սէուտական Արաբիոյ պաշտօնապէս Լիբանան վերադարձի բացումը:
Այցելութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ տարուան առաջին օրերուն` ընկերակցութեամբ դիւանագիտական պատուիրակութեան մը:
«Ժատիտ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն Լիբանան պիտի այցելէ Պըն Ֆարհանի այցելութենէն ետք: Ան հանդիպում պիտի ունենայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ու վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ ու պիտի քննարկէ զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան ու հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան թղթածրարները:
– «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Աքքարի Մըշմոշ գիւղի շարք մը բնակիչներ կանգնեցուցած են փոքր փոխադրակառք մը, որուն նկատմամբ տեղւոյն բնակիչներուն մօտ կասկածներ յառաջացած են:
Մեքենան խուզարկելէ ետք անոր մէջ յայտնաբերուած են Սուրիոյ քաղաքացի 13 անձեր, ներառեալ Սուրիոյ նախկին վարչակարգի բանակէն փախուստ տուած սպաներ ու զինուորներ:


