Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան Պըրժ Պարաժինայի Իմամ Հուսէյն մզկիթին մէջ ուրբաթօրեայ նամազի ընթացքին իր արտասանած խօսքի ընթացքին յայտնեց. «Մեր սկզբունքը հաստատ է, անիկա համաձայնական գործընկերութեան սկզբունքն է, եւ պիտի չընդունինք որեւէ ընտրանք, որ ազգային գործընկերութեան կը հակասէ, մանաւանդ որ Լիբանանը շրջանային քաոսի սրտին մէջ է»:
«Իրենց ազգային պարտականութիւններն ու գերիշխանական խնդիրները լքողներէն չենք», նշեց ան` աւելցնելով. «Իսրայէլ պատերազմին չյաղթեց, եւ Խիամի հերոսապատումը սիոնականներուն քիթը հողին քսեց: Հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան ներթափանցումները կը վտանգեն զինադադարը, եւ համբերութիւնը չափ ու սահման ունի: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի երաշխաւոր կողմերէն կը պահանջուի տէր կանգնիլ իրենց յանձնառութիւններուն, նախքան ուշ ըլլալը»:
Միւֆթի Քապալան լիբանանեան քաղաքական ուժերուն վերյիշեցուց, որ «Լիբանանը գործընկերութեան եւ համախոհութեան երկիր է, եւ անոր ընտանիքը ազգային միասնականութեան մեծագոյն օրինակներէն է: Իսլամական ներկայացուցչութիւնը անարժէք է քրիստոնեայ եղբայրներուն հետ հաւասար ներկայացուցչութեան: Այն քաղաքականութիւնը, որ լիբանանեան ընտանիքը կը պառակտէ, յոռեգոյն դաւաճանութիւնը կը գործէ: Անարժէք է սահմանադրական հոլովոյթ մը, որ կը սպառնայ Լիբանանի համաձայնական տարազին, խորհրդարանը ներկայացուցչական մեծագոյն հաստատութիւնն է, եւ լուծումը անոր խոհանոցին մէջ է»:
Միւֆթի Քապալան իր խօսքը Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն ուղղելով յայտնեց. «Լիբանանի եւ Սուրիոյ կայունութիւնն ու Կազան փրկելը շրջանին պաշտպանութեան համար հրատապ անհրաժեշտութիւն են, եւ այն, որուն կարիքը ունինք, արաբական եւ իսլամական շահերը երաշխաւորող Սէուտական Արաբիան է: Իրանի, Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի համախմբումը անխուսափելի անհրաժեշտութիւն է` շրջանը հրդեհներու փոթորիկէն փրկելու համար»:
Իսկ Դամասկոսին եւ սուրիական նոր ուժերուն ան ըսաւ. «Այն, ինչ որ կ՛ուզենք, եղբայրական յարաբերութիւնները, հասարակաց շահերը եւ երկու երկիրներու միջեւ պատմական յարաբերութիւններու ամբողջական սերտացումն են: Դամասկոսի կայունութիւնը Պէյրութի կայունութենէն կը բխի, եւ հակառակը: Պէտք է զիրար շահինք, որպէսզի մեզ չուտեն միջազգային սադրանքները, որոնք իրարու հետ կը մրցին Լիբանանն ու Սուրիան, ինչպէս նաեւ ամբողջ շրջանը պառակտելու համար»:


