– ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ բանակի միացեալ սպայակոյտը հաղորդեց. «Սպայակոյտի պետը իր իսրայէլացի պաշտօնակիցին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկեց Լիբանանի մէջ զինադադարի հսկողութիւնը»:
«Քննարկեցինք Սուրիոյ մէջ վերջին զարգացումներն ու այլ հարցեր», նշեց սպայակոյտը` աւելցնելով. «Կը շարունակենք Իսրայէլի հետ համակարգումը` բարելաւելու շրջանային անվտանգութիւնն ու Միջին Արեւելքի մէջ մեր ուժերու պաշտպանութիւնը»:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի նախկին պետ Ուզի Տայան յայտնած է. «Պէտք է Լիբանանի մէջ զինուորական մեծ դիրք մը կառուցել Մթըլլէ եւ Միսքաֆամ գիւղերուն հսկող շրջաններուն մէջ»:
«Սուրիոյ մէջ Հերմոն լերան վրայ պէտք է բնակեցման վայր ստեղծենք` վերահսկելու համար Ղաժար եւ Գալիլիոյ շրջանները», աւելցուցած է ան:
– «ՆԱՇՐԱ» հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը հարաւային Լիբանանի Ըտէյսէ եւ Ռուպ Թլաթին գիւղերուն մէջ մեծաթիւ տուներ հրկիզած է:
– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են. «Բանակին բռնագրաւուած գիւղերու մէջ տեղակայման ծրագիրը պիտի արագանայ մինչեւ 18 փետրուար` թշնամիի հեռացման երկարաձգուած պայմանաժամի աւարտը»:
– «ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն. «Այն գլխաւոր խոչընդոտը, որ արգելք կը հանդիսանայ կառավարութեան յայտարարման, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առարկութիւններն են: Անոնք մէկէ աւելի հիմնական նախարարութիւններ կը պահանջեն, եւ բացառուած չէ, որ նշանակեալ վարչապետ Սալամ Սէուտական Արաբիոյ օգնութիւնը խնդրէ անոնց դիրքորոշումը մեղմացնելու համար»:
– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնած են.«Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախագահին ու կառավարութեան վերահսկողութեան տակ պիտի ըլլայ, եւ քաղաքական կողմի մը չի կրնար յանձնուիլ, որովհետեւ իշխանութեան գլուխին բանբերն է»:
– ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Իրանէն Հըզպալլայի գումարներու փոխադրումը պարզապէս իսրայէլեան տարաձայնութիւններ են` Լիբանանի մէջ կառուցումն ու վերաշինութիւնը ուշացնելու նպատակով»:
– ԻՐԱՆԵԱՆ «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Հուսէյն Սալամի յայտնած է. «Հըզպալլան, հակառակ իր ստացած ծանր հարուածներուն, ոտքի մնաց, եւ անոր երիտասարդները ամէնէն հոյակապ տեսարանները ցոյց տուին»:
Անդրադառնալով Սուրիոյ կացութեան` ան նշեց. «Այն ազդակները, զորս թուելու կարիք չկայ, թշնամիներուն արտօնեց կարգ մը կէտեր արձանագրել, սակայն կացութիւնը այսպէս պիտի չմնայ»:
– ԶԱՀԼԷԻ մէջ «Նաշրա» կայքի լրագրողը հաղորդեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ձերբակալած է այն սուրիացին, որ գնդացիրէ կրակ բացած է Մրէյժաթի մէջ հայր Էլի Պաշաալանիի տան վրայ:
Անոր ինքնաշարժն ու գնդացիրը գրաւուած են, եւ անոր հարցաքննութիւնը սկսած է Պեքայի մէջ ընդհանուր դատախազութեան հովանաւորութեամբ: