Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Լիբանանի մէջ նախագահի ընտրութիւնը Եգիպտոսի ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան համար գոհունակութեան մեծ աղբիւր էր, եւ մեծ յոյսեր ունինք նախագահ Աունի իմաստուն ղեկավարութեան նկատմամբ»:
«Մենք վստահ ենք, որ Լիբանանը պիտի վերականգնի եւ պիտի գրաւէ պետութիւններու մէջ իր դիրքը: Նախագահ Աունի հետ հանդիպումիս ընթացքին անոր փոխանցեցի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի նամակը, որ շրջանի ներկայ դժուար ժամանակաշրջանին Եգիպտոսի ամբողջական աջակցութիւնը կը յայտնէ Լիբանանին», շեշտեց Ապտելաթի` աւելցնելով, որ աշխատանք կը տարուի աշխուժացնելու երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները:
«Անհամբեր կը սպասենք միացեալ բարձրագոյն յանձնախումբի աշխատանքի վերականգնման` անմիջապէս, որ կառավարութիւնը կազմուի: Քննարկեցինք Լիբանանի մէջ վերաշինութեան աշխատանքին մէջ եգիպտական դերակատարութիւնը, եւ եգիպտական ընկերութիւնները ի սպաս Լիբանանի են` գործադրելու համար վերականգնման բոլոր ծրագիրները», նշեց Ապտելաթի:
«Քննարկեցինք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը գործադրելու կարեւորութիւնը եւ յայտնեցինք, որ Եգիպտոս նախանձախնդիր է Լիբանանէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացման: Ողջունեցինք բանակին ամբողջ Լիբանանի մէջ տեղակայումը եւ կը յայտնենք, որ Եգիպտոսը պատրաստ է բանակին աջակցելու», նշեց ան:
«Եգիպտոս կը յայտնէ, որ պէտք է յարգել զինադադարի համաձայնութիւնը, եւ այս ծիրին մէջ մնայուն կերպով կապի մէջ ենք արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի, Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի հետ», աւելցուց եգիպտական դիւանագիտութեան պետը:
Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի նախագահ Աունին ուղղուած նամակով վերջինս կը հրաւիրէ ամէնէն մօտիկ առիթին համակարգման ու խորհրդակցութեան համար Եգիպտոս այցելելու:
Սիսի իր նամակին մէջ Եգիպտոսի ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Լիբանանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւնը պատերազմի եւ քանդումի հետեւանքներու շրջանցման մէջ թիկունք կանգնելու եւ Լիբանանի վերաշինութեան գործողութեան մասնակցելու:
«Եգիպտոս յանձնառու է աջակցելու լիբանանեան պետութեան հաստատութիւններուն ու լիբանանեան բանակին, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ լիբանանեան բոլոր հողերուն, ներառեալ հարաւային Լիբանանի մէջ անոր տեղակայումը», գրած է Սիսի:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ եւ անոր փոխանցեց Եգիպտոսի նախագահին ու վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլիի ողջոյններն ու գնահատանքը` «վարչապետի պաշտօնը վարելուն ընթացքին անոր թափած ջանքերուն համար»:
Ապտելաթի մաղթեց, որ «լիբանանեան կառավարութիւնը շուտով կազմուի` կատարելու համար իրմէ պահանջուած պարտականութիւնը Լիբանանի եւ շրջանին դիմագրաւած մեծ մարտահրաւէրներուն նկատմամբ»:
Միքաթի Եգիպտոսին շնորհակալութիւն յայտնեց տարբեր ոլորտներուն մէջ միշտ Լիբանանի կողքին կանգնելու համար` նշելով. «Վստահ եմ, որ կառավարութիւնը շուտով պիտի կազմուի` կատարելու համար մեծ մարտահրաւէրներուն նկատմամբ իր պարտականութիւնը»:
Ապտելաթի նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Լիբանանցի ժողովուրդը լաւատես է, մենք ալ լաւատես ենք ներկայութեամբ երկու ազնիւ ու մեծ անձնաւորութիւններու` նախագահ Ժոզեֆ Աունի` իբրեւ իմաստուն ղեկավարի անձնաւորութիւն, եւ նշանակեալ վարչապետին` նկատի ունենալով անոր բազմաթիւ փորձառութիւնները, որոնք միայն լիբանանեան չեն, այլ նաեւ միջազգային: Վստահ ենք եւ կը յուսանք, որ Լիբանան շուտով կ՛առողջանայ, եւ Աստուած ուզէ իր եւ եղբայրական լիբանանցի ժողովուրդի ձգտումները կ՛իրագործուին, որովհետեւ ժամանակն է, որ այս ժողովուրդը իր ենթարկուած բոլոր տառապանքներէն ետք հանգստանայ»:
Ան նշեց, որ Սալամը հրաւիրած է երկու երկիրներուն միջեւ հասարակաց բարձրագոյն յանձնախումբի նիստին, որ ըստ անոր, կ՛ակնկալուի մօտիկ ապագային գումարել` «վարչապետ Սալամի ղեկավարութեամբ նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք»:
«Անոր փոխանցեցի նաեւ մեր նախանձախնդրութիւնը Լիբանանի եւ անոր կայունութեան նկատմամբ, եւ հարաւային Լիբանանէն ամբողջական ու անթերի հեռացման կարեւորութիւնը, եւ լիբանանեան ազգային բանակին ամբողջական առիթ ընծայելու իր տեղակայումը ամբողջացնելու: Անոր նաեւ փոխանցեցի մեր լիարժէք դատապարտումը հարաւային Լիբանանի մէջ քաղաքայիններու թիրախաւորման, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր եղբայրներուն հարաւ ու Պեքա անվտանգ վերադարձին կարեւորութիւնը», նշեց Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը:
Պատասխանելով լրագրողի մը կառավարութեան կազմութեան շուրջ ուղղուած հարցումի մը` ան շեշտեց. «Սա լիբանանեան ազգային խնդիր է, եւ պէտք չէ որեւէ արտաքին կողմ անոր միջամտէ: Մենք վստահութիւն ունինք Աունի եւ Սալամի իմաստութեան վրայ, եւ Աստուած ուզէ համաձայնութիւն կը գոյանայ եւ շատ շուտով կը կազմուի կառավարութիւն մը, որ ամբողջ Լիբանանը կը ներկայացնէ»:
Ապտելաթի նաեւ այցելեց Այն Թինէ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Պատիւը ունիմ սիրելի Լիբանան այցելելու, եւ կը հաստատենք Գահիրէի եւ Պէյրութի միջեւ խոր յարաբերութիւնները»:
«Պըրրիի հետ հանդիպումը բարեկամական էր, եւ ընդգծեցինք կարեւորութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ կազմելու կառավարութիւն մը` դիմակայելու համար Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները` շրջանային բուռն իրականութեան մէջ», ըսաւ Ապտելաթի: