Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ռազի Հաժ յայտնեց. «Շրջանին ու Լիբանանի մէջ արմատական փոփոխութիւններու փուլէ կ՛անցնինք, եւ մենք նախանձախնդիր ենք յառաջիկայ վեց տարիներուն ընթացքին իշխանութիւնը յաջողցնելու եւ երդումի ճառը իր մանրամասնութեամբ գործադրելու»:
«Եթէ երդման ճառը չգործադրուի, ապա անոր չգործադրուելուն ետին պիտի ըլլան կողմեր, որոնք Ժոզեֆ Աունի նախագահական աթոռին հասնելուն դէմ էին», զգուշացուց Հաժ:
«Նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ բանակցութիւնները մինչեւ այս պահս ընթացքի մէջ են, եւ մենք նախանձախնդիր ենք շրջապատող դժուար պայմաններուն մէջ անոր առաքելութիւնը յաջողցնելուն», ըսաւ ան:
«Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նոր կառավարութեան հետ խնդիրը աթոռներուն կամ բաժիններուն մէջ չէ, այլ հիմնուած է ազգային սկզբունքի եւ Լիբանանի մէջ այսօր իսկական պետութեան գոյացման յարմար իրական առիթը չկորսնցնելու ջանքին վրայ», նշեց ան:
«Եթէ աթոռներու բաժանման մէջ արժեչափերու միութիւն կայ, ապա Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը լիբանանեան խորհրդարանին մէջ մեծագոյն պլոքն է, ուստի ինչո՞ւ անկէ կը վախնան եւ կը փորձեն զայն բացառել կամ լուսանցքայնացնել», հարց տուաւ երեսփոխանը:
«Ելեւմուտքի նախարարութիւնը Ամալ եւ Հըզպալլա երկեակին մօտ պահելը յստակօրէն ցոյց կու տայ իշխանութեան իրողական մեկնարկի ձախողումը, եւ լիբանանցիները կը յուսախաբէ եւ անոնց վստահութիւնը կը ցնցէ», նշեց Հաժ` հարց տալով, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ սպասուած բարեկարգումը կատարել, «երբ ան կը գտնուի կողմի մը մօտ, որ մասնակից է փտածութեան ու մսխումին, որոնցմէ Լիբանանի մէջ կը դժգոհինք»:
«Պետութեան գաղափարը, որուն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը միշտ կոչ ուղղած է, այսօր յաղթեց, ուստի իրաւունք ունինք իշխանութեան մէջ ներկայ ըլլալու, որովհետեւ դիմադրեցինք եւ զոհաբերեցինք` հաստատելու համար հիմերը այս պետութեան, որուն հաստատման համար միշտ ալ պայքարեցանք, եւ ժամացոյցին սլաքները ետեւ պիտի չերթան», յայտնեց երեսփոխանը:
Ան խօսքը Հըզպալլային ուղղելով յայտնեց. «Պէտք է ներկայ հրապարակային հռետորաբանութիւնդ փոխես, այլապէս պիտի չկարենանք քեզ կառավարութեան մէջ հանդուրժել, որովհետեւ դուն շրջուն ական ես, եւ այս ականը կրնայ որեւէ մարտահրաւէրի ժամանակ կառավարութեան մէջ պայթիլ»: