Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ պատկերասփռուած ուղերձի ընթացքին յայտնեց. «Մենք լիբանանեան պետութիւնը պատասխանատու կը նկատենք խստութեամբ ու վճռականութեամբ հետեւելուն, որ զինադադարի հովանաւոր մեծ պետութիւններէն պահանջէ թշնամին յանձնառու դարձնել Լիբանանի մէջ զինադադարին, եւ մենք` իբրեւ Հըզպալլա եւ իսլամական դիմադրութիւն ամբողջ այս շրջանին համբերեցինք, որովհետեւ կ՛ուզենք, որ պետութիւնը իր ժամանակը առնէ զինադադարի համաձայնութեան հետեւելու համար»:
«Մենք բացարձակ յաղթանակի մասին չխօսեցանք` մեկնելով անկէ, որ ճակատամարտին մէջ շահեր ու կորուստներ կան, եւ մեր ժողովուրդը կը գիտակցի, որ տեղ մը յաղթեց եւ ուրիշ տեղ կորսնցուց», նշեց շէյխ Քասեմ:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը յայտարարեց, որ իր նախորդին` սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ սայետ Հիշամ Սաֆիէտտինի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ 23 փետրուարին, առաջինինը` օդակայանի հին ու նոր ճամբուն վրայ, իսկ երկրորդինը անոր ծննդավայր Տէյր Քանուն Նահր գիւղին մէջ:
Անդրադառնալով Պէյրութի Հարաւային արուարձաններէն դուրս մոթորսիքլեթներով երթին` ան նշեց. «Մենք համաձայն չենք տօնակատարութեան երեւոյթներուն շրջաններուն մէջ, ուր հասան, եւ այդ արարքը դատապարտելի է»:


