Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տուէյհի Սալամին. «Կառավարութեան Կազմութեան Ընթացքը Պէտք Է Սրբագրել, Այլապէս Վստահութեան Քուէ Պիտի Չտամ»

February 5, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոփոխութեան դաշինք երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Տուէյհի յայտնեց. «Ես ու ընկերներս բուռն պայքար մղեցինք Նաուաֆ Սալամի վարչապետ նշանակման համար` այն հաստատ համոզումով, թէ ան իր անհատականութեամբ, փորձառութեամբ ու պարկեշտութեամբ կարողութիւնը ունի նպաստելու ճամբու բացմանը նախագահի երդման ճառին, որ լիբանանցիներուն կողմէ մեծ զօրակցութեան արժանացաւ, եւ սկսելու միջազգային որոշումները, ներառեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը եւ զինադադարը գործադրելու, ինչպէս նաեւ ելեւմտական ու տնտեսական բարեկարգումներու աշխատանքի ձեռնարկելու»:

«Բայց եւ այնպէս, ես անձնապէս մասնակից չէի կառավարութեան կազմութեան արժեչափերուն կամ ընթացքին վերաբերեալ քննարկութիւններուն եւ բացարձակապէս չհամոզուեցայ Սալամի նախարարներու ընտրութեան համար որդեգրած ձեւին, ո՛չ ալ քաղաքական իրապաշտութեան կամ խորհրդարանի վստահութիւնը ապահովելու որոնման նշանաբանին տակ իրերայաջորդ զիջումներու ընթացքով: Իմ դիրքորոշումս այս է, եւ զայն որեւէ մէկուն չեմ պարտադրեր, ո՛չ երեսփոխանական պլոքիս, ո՛չ ալ մեզի դաշնակից մէկ այլ պլոքի», ըսաւ երեսփոխանը:

«Որեւէ ձեւով չեմ կրնար ընդունիլ երկակի չափանիշները, մասնաւորաբար ելեւմուտքի նախարարութիւնը ստանձնելու համար շիի երկեակին թեկնածուն նկատի ունենալը եւ նշանակեալ վարչապետին ատիկա ընդունիլը, կարծէք անխուսափելի ճակատագիր է», նշեց ան` աւելցնելով, որ չի կրնար վստահութեան քուէ շնորհել կառավարութեան մը, որուն ելեւմուտքի նախարարը «կը պատկանի խումբի մը, որուն ընտրանքները լիբանանցիներու կեանքի քանդումին յանգեցաւ»:

«Մինչեւ այս պահս, եթէ կառավարութեան կազմը մեր լսածին պէս մնայ, կարիքը չկայ զայն յայտարարելու կամ անոր նախարարական ուղերձին», նշեց Տուէյհի` աւելցնելով, որ կառավարութեան անվստահութիւն պիտի յայտնէ:

Տուէյհի նշանակեալ վարչապետ Սալամին կոչ ուղղեց` կառավարութեան կազմութեան ընթացքը սրբագրելու, այլապէս ինք կառավարութեան վստահութեան քուէ պիտի չտայ:

 

 

Նախորդը

Քանաան. «Որեւէ Կառավարութիւն, Որուն Նախարարական Ուղերձը Համահունչ Չէ Նախագահի Երդման Ճառին, Մեր Վստահութեան Քուէն Պիտի Չստանայ»

Յաջորդը

Պասիլ. «Կառավարութիւնը Պէտք Է Խորհրդարանին Վստահութիւնը Ստանայ, Եւ Կառավարութեան Կազմութեան Ձախողման Նկատմամբ Մտավախութիւն Սկսանք Ունենալ»

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.