– ԹԱՈՒՀԻՏ Արապի կուսակցութեան ղեկավար Ուիամ Ուահապ «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Անհասկնալի է, որ կառավարութեան կազմութեան ղեկավարները առանց քննարկման յանձնուեցան որոշ ուժերու` միեւնոյն ժամանակ թիրախաւորելով քրիստոնեաները եւ փորձելով անոնց նկատմամբ ոտնձգութիւն կատարել:
«Եթէ կարողութեան չափանիշերը յարգուէին` չէինք խօսիր, սակայն խտրականութիւն կը կիրարկուի, ինչ որ անընդունելի է: Քրիստոնէական ներկայութեան ամրապնդումը Լիբանանի համար երաշխիք է»:
– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութենէն աղբիւրներ «Ասաս»-ին յայտնեցին. «Սալամ մեզի հետ որեւէ խնդիր չքննարկեց, ո՛չ իսկ կառավարութեան կազմի եւ նախարարներու նշանակումը:
«Վստահութեան քուէ պիտի չտանք կառավարութեան մը, որուն ընթացքին ու դերին գործընկերներ պիտի չըլլանք, այլ միայն աթոռներուն»:
– ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանքէն աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Նշանակեալ վարչապետին ու Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար Պասիլի միջեւ շուրջ մէկ շաբթուընէ ի վեր որեւէ հաղորդակցութիւն տեղի չէ ունեցած: Պայմաններ չդրինք, պահանջներ չներկայացուցինք, սակայն ատիկա չի նշանակեր, թէ մեր իրաւունքներէն հրաժարող ենք»:
– «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթը գրեց. «Երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ պիտի չմասնակցի կառավարութեան, եւ Ազգային համաձայնութիւն երեսփոխանական պլոքի կառավարութեան վստահութեան քուէ տալը քննարկումի առարկայ է»:
– ՌՈՒՍԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց. «Կը տեսնենք, որ իր կատարած ներթափանցումէն ետք, Իսրայէլ կը ծրագրէ Լիբանան եւ Սուրիա մնալ»:
«Կը տեսնենք, որ Սուրիոյ մէջ նոր իշխանութիւններուն մօտ խնդիրներ կան, եւ ներքին երկխօսութիւնը լաւ կերպով չ՛ընթանար», նշեց Լաւրով:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը Մարժաայունի դաշտին մէջ գտնուող կոյուղիի ջուրերու մշակման գործարանի պայթեցման մեծ գործողութիւն մը կատարեց:
– «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ լիբանանեան բանակը ստանձնած է Իքլիմ Խարրուպի Ուարտանիէ շրջանին մէջ նախապէս Իսրայէլի կողմէ թիրախաւորուած պահեստանոցներու մնացորդ զէնք ու զինամթերքով բեռնաւորուած բեռնակառք մը:
– ԻՐԱՆԻ հիւպատոսական հարցերու արտաքին գործոց փոխնախարար Ուահիտ Ժալալ յայտնեց. «Տակաւին պատրաստ ենք գետնի վրայ գտնուելու` օգնելու համար լիբանանցի ժողովուրդին, երբ լիբանանեան կառավարութիւնը այդ մէկը ուզէ»:
– ՀԸԶՊԱԼԼԱՆ դատապարտեց իր ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմին դէմ Աւստրալիոյ կողմէ պատժամիջոցի հաստատումը` նշելով. «Անիկա մեզ աւելի վճռական պիտի դարձնէ` շարունակելու բռնագրաւողի դիմակայման երթը»:
Աւստրալիան շէյխ Քասեմի դէմ պատժամիջոցներ հաստատած էր` նշելով. «Հըզպալլան պատասխանատու է Լիբանանի, Իսրայէլի եւ Միջին Արեւելքի բոլոր կողմերուն մէջ շարք մը քաղաքայիններու սպանութեան»:
– ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց. «14 փետրուարին (Ռաֆիք Հարիրիիի սպանութեան) 20-ամեակը պիտի ըլլայ առանցքային թուական մը, ուր բոլորին կ՛ըսենք` «մենք կը վերադառնանք, որպէսզի հարցերը վերադառնան իրենց բնականոն հունին, որպէսզի շարունակենք Ռաֆիք Հարիրիի ծրագիրը եւ ազգային հաւասարակշռութեան սիւնը ըլլանք, որովհետեւ մեր բացակայութեան մեծ բաց ստեղծուեցաւ, եւ Ռաֆիք Հարիրիի ազգային ու արաբական սկզբունքներով մեր ներկայութիւնը կը սրբագրէ այդ բացը»:
«Մենք նոր իշխանութեան հետ ենք եւ կը մաղթենք, որ անոր մեկնարկը ճիշդ ձեւով ըլլայ», նշեց ան: