Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սթրիտա Ժահժահ. «Լիբանանը Ոտքի Պիտի Չկանգնի Առանց Բարեկարգչական Կառավարութեան Մը, Որ Երդման Ուղերձը Կ՛որդեգրէ Իբրեւ Իր Նախարարական Ուղերձ»

February 4, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Սթրիտա Ժահժահ յայտնեց. «Լիբանանը ոտքի պիտի չկանգնի առանց բարեկարգչական, գերիշխանական եւ փրկութեան կառավարութեան, որ (նախագահի) երդման ուղերձը կ՛որդեգրէ` իբրեւ իր նախարարական ուղերձ»:

«Եթէ կառավարութեան կազմութեան մէջ հարցերը այսպէս շարունակուին, ապա անիկա շատ հեռու է հերթափոխութեան եւ արժեչափերու միութեան սկզբունքներէն, զորս իր երդման ուղերձին մէջ խոստացաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն», նշեց Ժահժահ:

«Այսօր պայքարը պէտք չէ կուսակցականի եւ անկուսակցականի միջեւ ըլլայ, եւ այդ հարցը երբեք պէտք չէ ըլլայ կառավարութեան կազմութեան մէջ մեր հետաքրքրութեան հարցը, այլ պէտք է ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք ընտրութիւն կատարելու անոր, որ կառչած է սահմանադրութեան ու օրէնքին, կուսակցական ըլլայ ան, թէ անկուսակցական, եւ անոր միջեւ, որ կ՛անտեսէ սահմանադրութիւնն ու օրէնքը, կուսակցական ըլլայ ան, թէ ոչ: Ընտրութիւն կատարենք թափանցիկութեամբ գործողին ու փտածին, նախարարութիւն ստանձնելու տուեալներն ու կարողութիւնը ունեցողին եւ չունեցողին միջեւ, կուսակցական ըլլայ ան, թէ ոչ կուսակցական», նշեց Սթրիտա Ժահժահ:

Ան յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը շուտով կազմուի եւ ըլլայ լիբանանցի ժողովուրդի յոյսերուն ու ձգտումներուն բարձրութեան վրայ, շտապէ պատրաստելու նախարարական ուղերձ մը, որ եւս երկրի ժողովրդային կամքին արտայայտութիւնը ըլլայ, «եւ այս կառավարութեան կազմութիւնը կամ նախարարական ուղերձը, Աստուած չընէ, ցնցիչ եւ մարդոց յուսախաբութիւն պատճառող ըլլայ եւ հարուածէ մեկնարկը խոստմնալից իշխանութեան, որուն բոլորս յոյսով լի կը սպասենք»:

Նշենք, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ուրբաթ օր Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթիի հետ Մեհրապի մէջ ունեցած իր հանդիպումէն ետք յայտնած էր. «Քաղաքական աշխատանքը հիմնուած է կուսակցութիւններու վրայ, եւ կարելի չէ Լիբանանին վնասած կուսակցութեան մը հետ վարուիլ այնպէս, ինչպէս Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ կը վարուին: Բազմաթիւ կուսակցութիւններ չեն կրնար կառավարութեան մէջ ներկայացուած ըլլալ, սակայն կը մերժենք եւ չենք ընդունիր այն տրամաբանութիւնը, թէ իրենք կառավարութեան մէջ որեւէ կուսակցութիւն չեն ուզեր, եւ մենք իբրեւ կուսակցութիւն կ՛ուզենք անոր մաս կազմել»:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Հաժ. «Ելեւմուտքի Նախարարութիւնը Ամալ Շարժում Եւ Հըզպալլա Երկեակին Մօտ Պահելը Յստակօրէն Ցոյց Կու Տայ Իշխանութեան Իրողական Մեկնարկի Ձախողումը»

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.