Լիբանանեան

Պըրրի Փաքիստանի Դեսպանին Հետ Քննարկեց  Լիբանանի Եւ Շրջանի Կացութիւնը

Պըրրի Փաքիստանի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Լիբանանի Եւ Շրջանի Կացութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Փաքիստանի դեսպան Սալման Աթհարը: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ընդհանուր կացութեան ու քաղաքական զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Փաքիստանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն: Խորհրդարանի նախագահը նաեւ ընդունեց սէյիտ Ալի Ֆատլալլան եւ անոր հետ քննարկեց ընդհանուր կացութիւնը, քաղաքական ու դաշտային զարգացումները, ինչպէս նաեւ ազգային հարցեր: Պըրրի նաեւ ընդունեց...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս. «Միութեան անդամ աւելի քան 10 երկիրներ պատրաստ են Լիբանանի մէջ առաքելութեան մասնակցելու»: . «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տուեալներուն համաձայն, «Հռոմի մէջ սեպտեմբերի սկիզբին նախատեսուած Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու երրորդ փուլի թուականը այժմ անորոշ է, որովհետեւ բանակցութիւնները կը տեղափոխուին ամսուան երկրորդ կէս` հաշուի առնելով, որ ամերիկացի միջնորդը մինչեւ հիմա չէ յաջողած յառաջընթացի հասնիլ»: ....

Պըրրի. «Գոյութենական Վտանգները Ոչ Ոքի  Իրաւունք Կու Տան Շրջագծային Համաձայնութեան  Կամ Որեւէ Գաղտնի Յաւելուածներու  Վերնագիրին Տակ Գործել»

Աուն Այցելեց Յունաստան

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան մեկնեցաւ Աթենք, ուր հանդիպում ունեցաւ իր յոյն պաշտօնակից Քոնսթանթինոս Թասուլասի հետ եւ անոր շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին ցուցաբերուած քաղաքական, մարդասիրական ու զինուորական տեւական աջակցութեան համար: «Աշխատանք կը տանինք տարբեր ոլորտներու մէջ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու, ինչ որ կը ծառայէ անոնց հասարակաց շահերուն», յայտարարեց Աուն: «Լիբանանի կայունութիւնը անհրաժեշտ է շրջանի եւ Եւրոպայի կայունութեան համար, եւ...

Պըրրի. «Գոյութենական Վտանգները Ոչ Ոքի  Իրաւունք Կու Տան Շրջագծային Համաձայնութեան  Կամ Որեւէ Գաղտնի Յաւելուածներու  Վերնագիրին Տակ Գործել»

Պըրրի. «Գոյութենական Վտանգները Ոչ Ոքի Իրաւունք Կու Տան Շրջագծային Համաձայնութեան Կամ Որեւէ Գաղտնի Յաւելուածներու Վերնագիրին Տակ Գործել»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման տարեկան ոգեկոչման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ գոյութենական վտանգները ոչ ոքի իրաւունք կու տան շրջագծային համաձայնութեան կամ որեւէ գաղտնի յաւելուածներու տակ գործելու, եւ մերժեց լիբանանեան բանակի դերը կասկածի տակ առնելը: Ան շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ վերաշինութիւնը պետութեան պատասխանատուութիւնն է, եւ հարաւային Լիբանանի աշխարհագրութիւնը գետէն հիւսիս եւ հարաւ մասնատում կամ...

Յունաստան Լիբանանին Մատակարարած Է  Զինուորական Մեքենաներու Երկրորդ Քանակը

Յունաստան Լիբանանին Մատակարարած Է Զինուորական Մեքենաներու Երկրորդ Քանակը

Յունաստան լիբանանեան զինեալ ուժերուն մատակարարած է զինուորական սպառազինութեան երկրորդ քանակը` շարունակելով իր աջակցութիւնը լիբանանեան բանակի գործառնական կարողութիւններուն եւ ապահովութեան: Մատակարարումը տեղի ունեցած է շաբաթ օր, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ: Բեռնափոխադրումը բաղկացած էր տասներեք «Էմ 113» զրահապատ մեքենաներէ եւ տասը ընդհանուր նշանակութեան զինուորական մեքենաներէ, որոնք նկարագրուած են իբրեւ ամբողջովին գործունակ եւ յագեցած: Տրամադրուած են նաեւ մեծ քանակութեամբ պահեստամասեր: Յունաստանի հիւպատոսարանի պետ Իկնաթիոս...

Հմայետ. «Իսրայէլեան Վտանգին Դիմակայումը Կը Պահանջէ Ներքին Միասնութիւն, Որ Հեռու Է  Ստրկամիտ Քաղաքականութենէն»

Հմայետ. «Իսրայէլեան Վտանգին Դիմակայումը Կը Պահանջէ Ներքին Միասնութիւն, Որ Հեռու Է Ստրկամիտ Քաղաքականութենէն»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Այուպ Հմայետ յայտնեց. «Լիբանան կը դիմագրաւէ իսկական վտանգ մը, որ իսրայէլեան բռնագրաւումն ու ախորժակներն են»` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է ամրապնդել ներքին միասնութիւնը եւ կառչիլ ուժի գործօններուն, որոնք հայրենիքը կը պաշտպանեն եւ անոր հողն ու գերիշխանութիւնը կը պահպանեն: «Լիբանան սիոնական ախորժակներուն դիմաց պէտք է անառիկ ըլլայ», նշեց երեսփոխանը: Հմայետ շեշտեց, որ այս վտանգը դիմակայելու համար...

Իզէտտին. «Իշխանութիւնը Շրջագծային  Համաձայնութիւնը Ընդունելով Իսրայէլեան  Բռնագրաւումը Օրինականացուց»

Իզէտտին. «Իշխանութիւնը Շրջագծային Համաձայնութիւնը Ընդունելով Իսրայէլեան Բռնագրաւումը Օրինականացուց»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզէտտին յայտնեց. «Լիբանանի իշխող անիրաւ ու դաւադիր քաղաքական իշխանութեան կողմէ պատուաւոր Դիմադրութեան դէմ ստորագրուած շրջագծային համաձայնագիրը մեզի ամօթ ու անպատուութիւն բերաւ: Թշնամիին հետ ուղիղ բանակցութիւնները չկրցան ապահովել զինադադար, զինուորական գործողութիւններու դադրեցում կամ Իսրայէլի Լիբանանի տարածքէն հեռացում: Աւելի՛ն, այս իշխանութիւնը, որ հիասթափուած է եւ պարտուած իր կամքով ու քաղաքական դիրքորոշումով, այս համաձայնագիրը ընդունելով օրինականացուցած է...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Դիւանագիտական տեղեկութիւններ բացայայտեցին, թէ Թուրքիան աշխատանք կը տանի Ուաշինկթընի եւ Հըզպալլայի մօտ` հաղորդակցութեան կապեր հաստատելու համար Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքքան Ֆիտանի ճամբով, որ երկու կողմերուն միջեւ պատգամներու փոխանցում կը կատարէ»: . ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻՆ մօտիկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Ուաշինկթընի հետ միջնորդներու ճամբով հաղորդակցութիւնը բացառուած չէ, սակայն Թեհրանը դնելով անոր մթնոլորտին մէջ, այսինքն` իրանեան ուղիէն անկախ բանակցութիւններ չկան»: ....

Նախագահ Աուն. «Ներկայ Փուլը Բոլորէն Կը Պահանջէ  Ամբողջական Յանձնառութիւն Ազգային  Պատասխանատուութեան Նկատմամբ Եւ Լիբանանի  Գերագոյն Շահերը Ամէն Բանէ Վեր Դասել»

Աուն. «Հողը Պաշտպանող Զէնքը Միայն Պետութեան Օրինական Զէնքն Է»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներու անհետացման տարելիցին առիթով նշեց. «Սատըրը մերժեց, որ հարաւային Լիբանանը մնայ մոռցուած շրջան կամ բանակցային խաղաքարտ, ան հողը պաշտպանող զէնքը միայն պետութեան օրինական զէնքը նկատեց»: «Աշխատանք կը տանինք իրականացնելու անհետացուած իմամի ուզածը` հզօր ու արդար պետութիւն մը, եւ իր բանակով, անվտանգութեան իր ուժերով, իր ժողովուրդով եւ դիմադրողականութեամբ պաշտպանուած Հարաւ մը», շեշտեց...

Շէյխ Քասեմ. «Որեւէ Դիմադրողականութիւն,  Ինչ Ալ Ըլլայ Անոր Գինը, Թշնամիին Յառաջխաղացքը  Կը Կանգնեցնէ Եւ Մեզի Համար Ճամբայ Կը Հարթէ`  Հետագային Մեր Դիրքը Վերականգնելու»

Շէյխ Քասեմ. «Որեւէ Դիմադրողականութիւն, Ինչ Ալ Ըլլայ Անոր Գինը, Թշնամիին Յառաջխաղացքը Կը Կանգնեցնէ Եւ Մեզի Համար Ճամբայ Կը Հարթէ` Հետագային Մեր Դիրքը Վերականգնելու»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ Իսլամական միասնականութեան շաբթուան առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Իսլամներուն միջեւ տարակարծութիւնները պէտք չէ ներքին ճակատներ բանան եւ մեզի մեր հիմնական թշնամին մոռցնել տան»: «Այս միասնականութիւնն է, որ Լիբանանի մէջ մարմնաւորուեցաւ Հըզպալլայի, Ամալ Շարժումի եւ Իսրայէլը մերժող եւ ազատագրուիլ ուզող բոլոր քաղաքական ուժերուն միջոցով», ըսաւ ան: «Այսօր Ամերիկան իբրեւ ժողովուրդներու թշնամի կը գործէ եւ...

Ռայի Պատրիարք. «Զէնքը Պետութեան  Մենաշնորհը Դարձնելու Հարցը Պէտք Չէ  Լիբանանցիներուն Միջեւ Ճակատումի Վերածուի»

Ռայի Պատրիարք. «Զէնքը Պետութեան Մենաշնորհը Դարձնելու Հարցը Պէտք Չէ Լիբանանցիներուն Միջեւ Ճակատումի Վերածուի»

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ Ս. պատարագի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու հարցը պէտք չէ լիբանանցիներուն միջեւ ճակատումի վերածուի, ո՛չ խումբի մը կողմէ մէկ այլ խումբի դէմ օգտագործուող նշանաբանի, ո՛չ ալ փողոցը հրահրելու եւ համայնքային պառակտում յառաջացնելու նիւթի: Անիկա ինքնին պետութեան կանգման, անոր միութեան ու հեղինակութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանցիները մէկ օրինականութեան ու մէկ հաստատութեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթ. «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները դռնփակ նիստի ընթացքին մերժած են Իսրայէլի փորձերը` խաթարելու կամ չեղեալ նկատելու թիւ 1701 որոշումը` Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերու` ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան լրացուցիչ, թէեւ կարճատեւ, երկարաձգման վերաբերեալ Լիբանանի պահանջներու եւ Միացեալ Նահանգներու, Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ եռակողմ շրջագիծի «ՄԱԿ-եան աջակցող դեր»-ի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի յստակ փափաքի լոյսին տակ»: ....

Ռիտայի. «Անկասկած, Լիբանանի  Հարցը Յառաջիկային Պիտի Վճռուի»

Ռիտայի. «Անկասկած, Լիբանանի Հարցը Յառաջիկային Պիտի Վճռուի»

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Մոհսեն Ռիտայի նշեց. «Լիբանանցի ժողովուրդին հետ մեր յարաբերութիւնները պատմական են ու խոր արմատներ ունին, եւ մենք ամբողջ ուժով կը պաշտպանենք Լիբանանը եւ անոր կ՛աջակցինք»: Ան այս մասին յայտնեց «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Ռիտայի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ փոխըմբռնման յուշագիրի պայմաններէն մէկը այն էր, որ Միացեալ Նահանգներ վերջ տան արեւմտեան Ասիոյ, մասնաւորաբար...

Լիբանանեան Պատասխանատու Աղբիւր Մը` «Ժազիրա»-ին.  «Հըզպալլան Կրնայ Լուծման Մաս Կազմել,  Եթէ Խնդիրը Լուծող Լիբանանեան Լեզուով Խօսի»

Լիբանանեան Պատասխանատու Աղբիւր Մը` «Ժազիրա»-ին. «Հըզպալլան Կրնայ Լուծման Մաս Կազմել, Եթէ Խնդիրը Լուծող Լիբանանեան Լեզուով Խօսի»

Լիբանանեան պատասխանատու աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, թէ իսրայէլեան ընտրութիւններուն իբրեւ հետեւանք ժամանակի վատնում ու բանակցային հոլովոյթը ուշացնելու փորձ գոյութիւն ունի` նշելով, որ ստուգման մեքանիզմի եւ անոր մասնակիցներու ճշդման ուշացում գոյութիւն ունի: «Փորձնական շրջաններու ձախողութեան մասին իսրայէլեան խօսակցութիւնները ժամանակ շահելու համար ձգձգումի մարտավարութիւն են», ընդգծեց ան` աւելցնելով. «Մեր կողմէ բանակցութիւններու հոլովոյթը դադրեցնելը հեռաւոր կարելիութիւն է»: «Փորձեցինք Ալի Թահեր...

Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Պաշտօնատար Մը «Հուրրա»-ին. «ՖԻՆԻՒԼ»-ը Ձախողեցաւ, Անոր Առաքելութեան Երկարաձգման Դէմ Ենք»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Հուրրա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Միացեալ Նահանգները չեն զօրակցիր ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան 31 դեկտեմբեր 2026-ին անոր աւարտէն անդին երկարաձգման»` աւելցնելով. «Մենք ՖԻՆԻՒԼ-ը ձախողած կը նկատենք»: «Ներկայիս կը գտնուինք տարբեր կացութեան մէջ` եռակողմ շրջագիծի լոյսին տակ, որ կ՛ուրուագծէ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ կայուն անվտանգութեան եւ խաղաղ յարաբերութիւններու յանգեցնող որոշակի պայմաններու կատարման վրայ հիմնուած ուղի: ՖԻՆԻՒԼ-ի...

Պայրագտարեան Շնորհաւորեց Լիբանանի  Պասքեթպոլի Ազգային Խումբը

Պայրագտարեան Շնորհաւորեց Լիբանանի Պասքեթպոլի Ազգային Խումբը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան շնորհաւորեց Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբը ՖԻՊԱ-ի պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան ասիական զտումի մրցումներուն ընթացքին 93-74 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակին առիթով: Մրցումին ներկայ էր հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը, որուն ներկայութիւնը յատուկ ոգի ներշնչեց եւ լիբանանցի մարզիկներուն բարոյական մղում ապահովեց արժանի յաղթանակի իրագործման համար: Նախարար Պայրագտարեան նաեւ գնահատեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ջանքերը զարգացնելու, բարելաւելու եւ գործադրելու նախաձեռնութիւններ,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին հաստատած են Ուաշինկթընի յանձնառութիւնը Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք բանակցութիւններուն նկատմամբ: Անոնք բանակցութիւններու 8-րդ փուլի թուականի ճշդման յետաձգումը բացատրած են փորձնական շրջաններուն ցանկալի արդիւնքներ չտալուն ու երեք կողմերու` Լիբանանի, Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ փորձնական շրջաններու պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ստուգման համար պատասխանատու վերջնական մարմինի, ատոր դերի եւ գործառնական...

Իսրայէլեան Իրերայաջորդ Յարձակումներ  Հարաւային Լիբանանի Վրայ.  «Հըզպալլան Ալի Թահեր Բլուրին Վրայ  Մեր Ուժերը Թիրախաւորեց»  Կը Պնդէ Իսրայէլեան Բանակը

Իսրայէլեան Իրերայաջորդ Յարձակումներ Հարաւային Լիբանանի Վրայ. «Հըզպալլան Ալի Թահեր Բլուրին Վրայ Մեր Ուժերը Թիրախաւորեց» Կը Պնդէ Իսրայէլեան Բանակը

Իսրայէլեան բանակը պնդեց, թէ Հըզպալլան չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշեր ականուած երկու անօդաչու թռչող սարքերով թիրախաւորած է հարաւային Լիբանանի Ալի Թահեր բլուրի շրջանին մէջ գտնուող իր ուժերը, որոնց շարքերուն մէջ վնասներ չեն արձանագրուած: Իսրայէլեան բանակը ըսաւ, թէ իր ուժերը յաջողած են երկու անօդաչու թռչող սարքերէն մէկը վնասազերծել, իսկ միւսը կորսուած է` աւելցնելով, որ «ներկայիս իսրայէլեան բանակը ուժգին կերպով կը գործէ եւ...

Պայրագտարեան Ողիմպիական Խորհուրդի  Ասիոյ Գրասենեակի Պետին Հետ Այցելեց  Նախագահ Աունին Եւ Վարչապետ Սալամին

Պայրագտարեան Ողիմպիական Խորհուրդի Ասիոյ Գրասենեակի Պետին Հետ Այցելեց Նախագահ Աունին Եւ Վարչապետ Սալամին

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Ասիոյ Ողիմպիական խորհուրդի Ասիոյ գրասենեակի նախագահ եւ խորհուրդին մէջ միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի տնօրէն շէյխ Ֆայսալ Ահմետ Ալի Ալ Թանին, որուն կ՛ընկերակցէին Լիբանանի մէջ Քաթարի հիւպատոս ու դեսպանատան գործավար Սէյֆ Մաժետ Մանսուրին ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի եւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Սէուտ Պըն Ապտուլռահման Ալ...

Իսա. «Իսրայէլին Կոչ Կ՛ուղղենք`  Դադրեցնելու Եւ Մեղմացնելու  Իր Հարուածները»

Իսա. «Իսրայէլին Կոչ Կ՛ուղղենք` Դադրեցնելու Եւ Մեղմացնելու Իր Հարուածները»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսա երէկ այցելեց տիւրզիներու հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունային, որուն հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Լիբանանցիները համաձայն են, որ Հըզպալլան պէտք է զէնքը յանձնէ»: «Կը կարծեմ, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ Հըզպալլայի միջեւ ուղղակի կամ անուղղակի հաղորդակցութիւն գոյութիւն ունի», ըսաւ ան: «Մենք տեւաբար Իսրայէլին կոչ կ՛ուղղենք դադրեցնելու եւ մեղմացնելու իր հարուածները, սակայն ատոր...

Page 12 of 985 1 … 11 12 13 … 985

Արխիւներ