Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 13, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ԷՄ.ԹԻ.ՎԻ.»-Ի տեղեկութեան համաձայն, Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտելռահման պըն Ժասեմ Ալ Թանի հինգշաբթի օր պիտի ժամանէ Պէյրութ եւ ուրբաթ օր հանդիպումներ պիտի ունենայ շարք մը պաշտօնատարներու հետ:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պաշտօնական աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Ցարդ 20 հոկտեմբերը չէ հաստատուած իբրեւ ամերիկեան միջնորդութեամբ, Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու 8-րդ փուլի թուական, եւ անիկա փուլ մըն է, որ պէտք էր զինուորական բնոյթ ունենար, եւ նախապէս հաղորդուեցաւ, որ Թամփա-Ֆլորիտայի մէջ պիտի գումարուի»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Միացեալ Նահանգներ սկզբունքային կերպով մերժեցին Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլասի ներկայացուցած առաջարկը, որ կը վերաբերի 100 զինուորներէ բաղկացած եւրոպական նոր առաքելութեան մը ստեղծման:

«Ուաշինկթըն սկզբունքային մերժում արտայայտեց եւրոպական առաքելութեան, որովհետեւ չ՛ուզեր ՖԻՆԻՒԼ-ի փորձառութիւնը կրկնել կամ հաստատել միջազգային զինուորական նոր դասաւորումներ, որոնք կրնան խոչընդոտել այն մօտեցումը, որ Միացեալ Նահանգներ կը փորձեն Հարաւի մէջ ամրագրել»:

. «ԱՍԱՍ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Ռուպիոն վարչապետ Սալամին առջեւ կրկնեց նախապէս նախագահ Աունին փոխանցած դիրքորոշումը` նախքան օտար պետութիւններէն յաւելեալ քայլեր պահանջելը, լիբանանեան պետութիւնը պէտք է զէնքի թղթածրարին մէջ իրմէ պահանջուածը գործադրելու սկսի»:

. «ԱՍԱՍ ՄԻՏԻԱ» կը գրէ. «Դիւանագիտական աղբիւրներ կը զգուշացնեն «Նոր Մաժտալ Շամս»-է մը, ինչ որ ալ ըլլայ անոր բնոյթը` ապահովական, քաղաքական կամ ընկերային, որովհետեւ իրականութիւնները կը կուտակուին այն պահուն, երբ Իսրայէլ Լիբանանի վրայ ճնշում կը գործադրէ` Հըզպալլան զինաթափելու համար, մինչդեռ պետութեան առանց ներքին բախումի այս ուղղութիւնը պարտադրելու կարողութիւնը կարծէք, քննութեան կ՛ենթարկուի»:

. «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» կը հաղորդէ, որ արեւմուտքցի պաշտօնատար մը լիբանանցի այցելուներու առջեւ յայտնած է. «Իսրայէլեան որեւէ զինուորական քայլ, ինչ բնոյթի ալ ըլլայ, չի կրնար առանց ամերիկեան ծածկոյթի ապահովման տեղի ունենալ, եւ Ուաշինկթըն, ինչպէս կ՛երեւի, մինչեւ հիմա զինուորական որեւէ նոր քայլ չի քաջալերեր, եւ չի փափաքիր, որ Լիբանանի կացութեան մէջ մեծ մագլցում արձանագրուի»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի մօտ հրաժարելու լուրջ ուղղուածութիւն գոյութիւն ունի` նկատի ունենալով, որ կառավարութիւնը չ՛ընդառաջեր իր իրերայաջորդ պահանջներուն, մասնաւորաբար անոնց, որոնք կը վերաբերին ելեկտրականութեան մատակարարման ժամերու յաւելման»:

. ԴԻՏՈՐԴ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Երեսփոխան Ֆատլալլայի վերջին յայտարարութիւնները կը հաստատեն, որ Հըզպալլան տակաւին հողի ազատագրման ու իսրայէլեան ոտնձգութիւններու դադրեցման համար դիւանագիտութեան առիթ չի տար, եւ այստեղ կը խօսինք իրանեան դիւանագիտութեան մասին, որուն զուգահեռ Թեհրան զինուորական ճնշում կը բանեցնէ` անոր յաջողութիւնը երաշխաւորելու համար»:

. «ԱՍԱՍ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Քլէյաաթի օդակայանի անվտանգութեան ծառայութեան գլխաւորման համար այլ սպայ մը նշանակելու քաղաքական որոշում գոյութիւն չունի: Կը նշուի, թէ կարելի է ենթադրել, որ բանակի սպաներէն գնդապետ-զօրավար Քֆուրին պիտի ղեկավարէ անվտանգութիւնը օդակայանին, որ Պէյրութի օդակայանէն 130 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի: Շրջանցուեցաւ  այլ սպայի մը նշանակումը, նոյնիսկ եթէ ան բանակէն ու քրիստոնէական համայնքէն է:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի յառաջիկայ ամսուան սկիզբը պիտի մասնակցի Պոլսոյ մէջ քաղաքական խորհրդաժողովի մը, որուն պիտի մասնակցին շրջանի շարք մը ղեկավարներ, եւ առիթ պիտի ըլլայ անոնցմէ քանի մը հոգիին հետ, մասնաւորաբար Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ նախագահներուն հետ հանդիպելու»:

 

Նախորդը

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպում Ունեցան Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Եւ Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութեան Ղեկավարին Հետ

Յաջորդը

Դեսպան Բաղդասարեան Հանդիպում Ունեցաւ Դեսպան Ասաֆի Հետ

RelatedPosts

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով  Բեռցուած Բեռնատարին.  «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային  Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը  Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք»  Հաստատեց Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով Բեռցուած Բեռնատարին. «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք» Հաստատեց Սալամ

October 13, 2026
Ժահժահ. «Ելեկտրականութեան Տագնապը  Պետութիւնն Ու Կառավարութիւնը Կը Դնէ  Քննութեան Առջեւ Ախտաճանաչումէն Գործադրութիւն Անցնելու»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Ելեկտրականութեան Տագնապը Պետութիւնն Ու Կառավարութիւնը Կը Դնէ Քննութեան Առջեւ Ախտաճանաչումէն Գործադրութիւն Անցնելու»

October 13, 2026
Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Փոփոխութեան Որեւէ Նիստ Պիտի Չհրաւիրեմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Բոլոր Տագնապներու Լուծման Մեր Զէնքը Ազգային Միասնականութիւնն Է»

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.