Արայայի Մաքասետի սկաուտական ճամբարին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Լեպանիզ ռովըր մութ 2026 տը ֆիրսթ» ազգային ճամբարին` հովանաւորութեամբ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին:
Երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան այս առիթով ներկայացնելով վարչապետ Սալամը, արտասանեց խօսք մը` յայտնելով. «Այս ճամբարը կը ներկայացնէ ազգային տարածք, ուր երիտասարդներու ներուժը կը մէկտեղուի պատկանելութեան, ծառայութեան, կարգապահութեան եւ պատասխանատուութեան արժէքներու շուրջ»:
«Գիտեմ, որ Լիբանանը անցած է եւ կ՛ացնի դժուար պայմաններէ, եւ որ լիբանանցի երիտասարդներու սերունդ մը մեծցած է իրերայաջորդ ճգնաժամերու մէջ եւ մեծ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելով: Սակայն կը կարծեմ, թէ ճգնաժամերը պէտք չէ որոշեն երիտասարդներուն ապագան: Դուք ճգնաժամի սերունդ չէք, դուք այն սերունդն էք, որ կրնայ ստեղծել ճնգաժամէն ետք գալիքը: Դուք այն սերունդն էք, զոր մենք կ՛ուզենք, որ յառաջ տանի Լիբանանը եւ պահպանէ անոր բազմազանութիւնը, անոր հորիզոնին բաց ըլլալը եւ մէկ հայրենիքի շուրջ իր զաւակները հաւաքելու անոր կարողութիւնը», ըսաւ նախարարը:
«Երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարարութիւնը պիտի շարունակէ աշխատիլ, որպէսզի երիտասարդները ազգային կեանքի մէջ իսկական տեղ ունենան, եւ մարմնակրթութիւնը, սկաուտութիւնն ու երիտասարդական աշխատանքը միջոցներ ըլլան կառուցելու հաւասարակշռուած, ինքնավստահ, պատասխատու եւ գործընկերութեան կարող սերունդ մը: Եզրափակելով, ձեզի կը փոխանցեմ վարչապետին ուղերձը, եւ անոր եւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարարութեան անունով կ՛ըսեմ` Լիբանանը յոյսը ձեր վրայ կը դնէ: Արժանի եղէ՛ք այս վտսահութեան: Երազեցէ՛ք աւելի լաւ Լիբանանի մասին եւ աշխատեցէ՛ք այդ երազը իրականութեան վերածելու համար», յայտնեց Պայրագտարեան:


