Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամըս Փիկըթ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին յայտնեց. «Հըզպալլան Իրանէն 200 միլիոն տոլար չստացաւ, որովհետեւ անոր ֆինանսաւորման աղբիւրները ցամքեցան»:
Նշենք, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը ուրբաթ օր յայտարարեց. «Հըզպալլան մեր գաղթական ու տեղահանուած ժողովուրդի պատսպարման օժանդակութիւններու վճարման համար նոր քայլի գործադրութեան մօտ է»: Նախքան այդ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նաաիմ Քասեմ եւս յայտարարեց պատսպարման մօտալուտ ծրագիրի մը մասին: Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա իր կարգին շաբաթ օր յայտարարեց. «Ունինք գաղթականներու համար ծրագիր մը, որ յառաջիկայ շաբաթ պիտի յայտարարուի, անիկա քաղաքացիներուն համար է, եւ որեւէ այլ բանի չի վերաբերիր»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը «Ժազիրա»-ին յայտնեց. «Տեսանք Հըզպալլան, որ լիբանանցի ժողովուրդը իրերայաջորդ կերպով հակամարտութեան մղեց Իրանի դրդումով»:
«Մեր գործընկերներուն հետ գործակցաբար աշխատանք կը տանինք Լիբանանի վերաշինութեան համար միլիառաւոր տոլարներ կեանքի կոչելու, եւ անոնց հետ կ՛աշխատինք Լիբանանի կառավարութեան աջակցելու եւ շրջագծային համաձայնութեան ճամբով խաղաղութեան հոլովոյթ մշակելու», ըսաւ ան:
«Կը կտրենք իրանեան վարչակարգին ելեւմտական կեանքին մնացած երակները եւ զայն կը մեկուսացնենք իր գործակատարներէն: Հըզպալլան պէտք է իր զինաթափումը ընդունի եւ իրանեան վարչակարգին հետ իր կապը խզէ», յայտնեց Փիկըթ` նշելով. «Հըզպալլան, եթէ կ՛ուզէ գաղթականներուն օգնել, պէտք է դադրի սուտեր հրապարակելէ»:


