Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 9, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Շրջանի կացութիւնը վտանգաւոր է: Այս է պատկերը: Բայց եւ այնպէս ոչ ոք կրնայ անոր ուղղութիւնը ճշդել: Սակայն ատկէ անկախ, Լիբանան շրջանին մաս կը կազմէ, եւ այն, ինչ որ շրջանին վրայ կ՛ազդէ, անոր վրայ ալ կ՛ազդէ: Ամէնէն կարեւորը Լիբանանը շրջանի հաւանական իրադարձութիւններէն հեռու պահելու ջանքն է»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Լիբանանցի պաշտօնատար մը ստացաւ ամերիկեան ուղղակի զգուշացում մը, թէ Հըզպալլայի զինաթափ չըլլալը դուռ պիտի բանայ իսրայէլեան լայնածաւալ զինուորական գործողութեան մը, որ Պէյրութ կը հասնի»:

. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «բանակցութիւններու փուլ չի սպասուիր, եւ ամբողջ թղթածրարը յետաձգուած է մինչեւ ամերիկեան ընտրութիւններէն ետք, ինչ որ յաւելեալ հարցականներ կը յառաջացնէ հեռանկարներուն մասին յաջորդ փուլին, որ կ՛ենթարկուի դաշտային լուրջ զարգացումներու` Դեղին գիծի եւ «Նեթանիահուի թագաւորութիւն» անունով յայտնի տարածքի ընդլայնումով»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Ուաշինկթըն կ՛ուղղուի գործնական աջակցութիւն ցուցաբերելու հարաւային Լիբանանի մէջ փորձնական շրջաններու գաղափարին, մինչ Ֆլորիտայի մէջ լիբանանեան-իսրայէլեան զինուորական ժողով պիտի գումարուի` անոր գործադրութեան եւ ստուգման մեքանիզմ մշակելու համար»:

. ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հըզպալլայի Իրանէն միլիոնաւոր տոլարներ ստացած ըլլալու պնդումները իրականութեան չեն համապատասխաներ»:

. ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ  արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Կը շարունակենք հարաւային Լիբանանի վերաշինութեան համար լիբանանեան կառավարութեան աջակցիլ, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակենք պատժամիջոցներու միջոցով Հըզպալլան ֆինանսապէս խեղդել»:

. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Գլխաւոր առաջնահերթութիւնը համակեցութեան եւ ներքին միասնականութեան պահպանումն է, սադրանքի մէջ ներքաշուելէ խուսափիլը եւ անոր զուգահեռ աշխարհին հասկցնելը, թէ Իսրայէլ բոլոր համաձայնագիրները կը խախտէ ու անսահմանափակ կերպով կը քանդէ, եւ միջազգային ճնշումը պէտք է նախ եւ առաջ կեդրոնանայ զայն հեռանալու մղելուն վրայ, որպէսզի բանակը կարենայ իր պարտականութիւնները կատարել»:

. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Մասնաւորաբար ամերիկացիներուն հետ մեր հանդիպումներուն ընթացքին կը փորձենք յստակացնել պատկերը, թէ իսրայէլացին է բանակին տեղակայման առաջին խոչընդոտը, եւ ոչ միայն այդ, այլ կան զինուորական իրավիճակէն դուրս գործօններ, որոնք բանակին կը խոչընդոտեն եւ չեն արտօներ, որ իր պարտականութիւնները կատարէ»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ բարձրաստիճան աղբիւր մը «Ախպար» օրաթերթին. «Բանակի հրամանատարութիւնը կ՛ենթարկուի լիբանանեան պաշտօնական ու կուսակցական ուժերէ վերանորոգ արշաւի մը, որուն վտանգաւորութիւնը համահունչ ըլլալն է բանակի դերակատարութեան ու Հըզպալլայի զէնքի թղթածրարին մէջ պարտականութեան մասին ամերիկեան թեզին, որ վերջերս վերստին ի յայտ եկաւ»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Միջազգային դրամական ֆոնտը Ուաշինկթընի մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի գլխաւորած լիբանանեան պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին արծարծած է ելեկտրականութեան շարժական սակագինի հարցը` զայն նկատելով անհրաժեշտ բարեփոխումներէն մէկը: Ատիկա պատուիրակութեան ստիպած է ուժանիւթի նախարար Ճօ Ստիի պահանջածին նկատմամբ ճկուն դիրքորոշմամբ վերադառնալ: Սակայն, հակառակ այդ իրողութեան, երկուշաբթի օր վարչապետարանին մէջ հանդիպումի ժամանակ առաջարկուածին համաձայն, կառավարութենէն տակաւին կանաչ լոյս չկայ շարժական սակագինի որդեգրման համար»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Պաապտայի պալատը ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարար Ճօ Ստիի նախարարաց խորհուրդի նիստերուն մասնակցութեան առկախման տագնապին վերջ տալու վրայ կը պնդէ, եւ լուծումները կրնան յառաջիկայ ժամերուն ի յայտ գալ»:

. «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութեան համաձայն, «խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ համաձայնութիւն գոյացուցին կառավարութեան կայունութեան պահպանման շուրջ, մանաւանդ որ կառավարութիւնը տակաւին շրջանային ու միջազգային ծածկոյթ կը վայելէ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրի վարչապետ Սալամի ոտքին տակ ուժգին ական մը զետեղեց, որովհետեւ վարչապետը չի կրնար իր դիրքի իրաւասութեան ծիրին մէջ նկատուող կրօնական չափազանց զգայուն հարցի մը մէջ միջամտութիւն մը անտեսել»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «խորհրդարանի նախագահ Պըրրին վարչապետ Սալամէն խնդրեց լուրջ, թէկուզ սկզբնական քայլերու ձեռնարկել` հարաւցիներուն կառավարութեան խոստումներու լրջութիւնը զգացնելու համար, ինչպէս նաեւ Հարաւի խորհուրդին յանձնարարեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղահանուած անձերու բոլոր թղթածրարներուն հետեւիլ եւ անոնց համար յարմար ապաստան ապահովել»:

. ԱՅՆ Թինէի աղբիւրները «Մուտուն»-ին. «Վերաշինութեան արհեստանոցի առաջին շինարարական քայլերը սկսան Մսայլեհի մէջ տեղի ունեցած նախապատրաստական հանդիպումով, որուն յաջորդեցին աւերակներու հեռացման աշխատանքները իրականացնելու համար Միջազգային դրամատան կողմէ տրամադրուած վարկերը, ինչպէս նաեւ վարչապետարանին մէջ գումարուող նախարարական ժողովները»:

. ԶԲՕՍԱՇՐՋԱԿԱՆ սենտիքաներու եւ պանդոկներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Փիեռ Աշքար զգուշացուց Պէյրութի մէջ պանդոկներու գործարկման գինի մեծ աճի հետեւանքներէն` նշելով. «Պանդոկներու շարք մը սեփականատէրեր, գործերու նահանջին եւ ելեւմտական բեռերու բարձրացման լոյսին տակ, կը փափաքին իրենց հաստատութիւնները ժամանակաւորապէս փակել»:

. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Քարամէ «Սաութ Քուլ Լուպնան»-ին. «Հիւսիսային Լիբանանի շրջանը կարող է տնտեսապէս ոտքի կանգնիլ եւ Քլէյաաթի, նաւահանգիստի, սեփական տնտեսական շրջանի թղթածրարներուն եւ «Ռաշիտ Քարամէ» ցուցասրահին դրամներ ապահովելու հարցով յառաջ ընթանալ»:

 

Նախորդը

Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան Զինուորական Աջակցութիւնը

Յաջորդը

Դեսպան Պաղտասարեան Ընդունեց «Գարակէօզեան» Հիմնադրամի Ղեկավար Կազմը

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.