Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԵՒՐՈՊԱՑԻ դիւանագէտ մը «Հատաս»-ին. «Եւրոպական ապահովական առաքելութեան յառաջապահ ստորաբաժանումը, որ բաղկացած է հարիւրէ աւելի զինուորներէ, տարեվերջին պիտի հասնի Պէյրութ: Անոնք պիտի աջակցին լիբանանեան բանակին ու ապահովական ուժերուն, եւ հարաւային Լիբանանի մէջ պիտի չտեղակայուին: Ֆրանսան, Իտալիան ու Սպանիան մաս կը կազմեն Լիբանանի մէջ եւրոպական առաքելութեան ուժին»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Պաապտայի պալատը մինչեւ երէկ գիշեր սպասուող բանակցութիւններու թուականէն չտեղեկացուեցաւ, հակառակ Ուաշինկթընի անոնց կայացումը հաստատելուն ու անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանքներուն ձեռնարկելուն»:

. «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Ամերիկեան կողմին մէջ կան ոմանք, որոնք կը նախընտրեն Թամփայի ժողովը իսրայէլեան ընտրութիւններէն ետք յետաձգել, որովհետեւ Թամփայի մէջ բանակցութիւններուն ընթացքին գործնական արդիւնքներու հասնիլը երաշխաւորուած չէ»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Թամփայի մէջ սպասուող բանակցութիւններու փուլը Լիբանանի համար վճռական ջրբաժան պիտի ըլլայ. արաբական ու միջազգային խիստ աջակցութեամբ կը յաջողի պետութեան եւ բանակի ներկայութիւնը ամրագրել եւ գերիշխանութիւնն ու սահմանները պահպանող պաշտպանութեան այլընտրանքային համակարգ ստեղծել, կա՛մ ալ իսրայէլեան կատարուած իրողութիւնը իր պայմանները կը պարտադրէ»:

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Շարունակուող բանակցութիւնները «ժամանակ շահելու» ծիրին մէջ են` սպասելով Իրանի հետ զինուորական ճակատումի վճռումին ու յառաջիկայ փուլի տուեալներու յստակացման»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին յայտնած է, որ այն, ինչ որ լսած է արեւմտեան մայրաքաղաքներէն մէկուն մէջ, լաւ բան չի խոստանար, եւ այն, որուն Լիբանանը նոյեմբերին ականատես պիտի դառնայ, կրնայ փոխել գոյութիւն ունեցող սթաթիւս քոյի մեծ մասը:

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «ՖԻՆԻՒԼ-ը անցեալին կը պատկանի, եւ Ուաշինկթըն որեւէ ձեւաչափով անոր վերարտադրումը պիտի չընդունի, նոյնիսկ ի պահանջել հարկին Ապահովութեան խորհուրդին մէջ վեթօ կիրարկելով»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ կողմի մը մէջ պաշտօնատար մը «Ախպար» օրաթերթին. «Այն, ինչ որ եւրոպական կողմը կ՛առաջարկէ, խորքին մէջ իսրայէլեան պահանջներուն չի հակասեր: Մարզումի առաքելութիւնը Հարաւային Լիբանանը չի ներառեր եւ Եւրոպական Միութեան չ՛արտօներ Լիթանի գետէն հարաւ տեղակայուիլ, այլ կը կեդրոնանայ Սուրիոյ հետ արեւելեան ու հիւսիսային սահմաններուն վրայ»:

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամները վարչապետ Սալամի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին յղեցին կարծր ու բարձր նշաձողի պատգամ մը, որ լիբանանեան պետութեան գործունէութեան վերաբերեալ ամերիկեան վարչակազմին դիրքորոշումը կ՛արտացոլէ»:

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանցի շարք մը բարձրաստիճան սպաներու դէմ պիտի հաստատուին նոր պատժամիջոցներ, որոնք բանակով կամ ընդհանուր ապահովութեան ուժերով պիտի չսահմանափակուին, այլ պիտի ներառեն այլ մարմիններ, ինչպէս նաեւ անհատներ, ընկերութիւններ եւ լումայափոխութեան ընկերութիւններ»:

Աղբիւրները պատժամիջոցներու թիրախ եղող անձերուն անունները կամ որդեգրուելիք քայլին յայտարարման ժամկէտը չեն ճշդած:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Դիւանագիտական զեկուցում մը զգուշացուց Սուրիոյ մէջ ընկերային հաւանական մեծ պայթումէ մը, որ անխուսափելիօրէն պիտի տարածուի դէպի Լիբանան` սահմաններու, տնտեսութեան ու բնակչութեան տեղաշարժի միջոցով, ինչ որ Լիբանանի կայունութիւնը ուղղակիօրէն կը կապէ Դամասկոսի` իր ներքին ճգնաժամը զսպելու կարողութեան հետ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի նախարարաց խորհուրդի նիստերուն մասնակցութեան առկախման շուրջ ստեղծուած ճգնաժամին մէջ դրական յառաջընթացի նշաններ կան, որովհետեւ նախագահ Աունի միջնորդութեամբ ապահովուած է ֆինանսաւորում, որ կ՛արտօնէ վճարել կառավարական գերատեսչութիւններուն Լիբանանի Ելեկտրականութեան ընկերութեան ունեցած պարտքերու մէկ մասը»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութենէն աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը տկարացնել ամէնէն շատ ուզող կողմը շիի երկեակն է, ինչպէս նաեւ խոր պետութեան կարգ մը նախարարները, որոնք ապրուստի թղթածրարներուն մէջ խոչընդոտներ չեն դիմագրաւեր, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի զէնքի հարցը չեն դիմակայեր»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութենէն աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Կառավարութիւնը ծածկոյթ կը տրամադրէ ելեւմուտքի նախարարի դիրքորոշումին ու վարմունքին, եւ ան է, որ կը մերժէ Լիբանանի Ելեկտրականութեան ընկերութեան գումարները վճարել, մինչ անոր պատկանելիութիւնն ու հեղինակութիւնը ծանօթ են, ու այս հարցին մէջ գաղտնիքներ չկան»:

. ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ հետեւող աղբիւրներ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին մտավախութիւն կը յայտնեն, որ որոշ ընտանիքներ տաքնալու համար պիտի վերադառնան հին հագուստ եւ անիւներ այրելուն, ինչպէս ատիկա տեղի ունեցած էր նախորդ եղանակներուն` մազութի եւ վառելափայտի գիներու զգալի աճին պատճառով, հակառակ առողջութեան վերաբերեալ գոյութիւն ունեցող վտանգին:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Արհեստական բանականութեան նախարարութեան ստեղծման օրինագիծը կը դիմագրաւէ խոչընդոտներ, զորս ապահովական մտավախութիւններէ մղուած կը ստեղծեն Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի երեսփոխանները:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Լաւատեղեակ աղբիւրներ հաղորդեցին, որ ամերիկացիները վերստին սկսած են լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ քննարկել Հըզպալլայի գումարներ հասնիլը արգիլելու աւելի յաջող քայլերը»:

. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 23000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.802.000 լ.ո.-ի եւ 2.820.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 78000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.614.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.383.000 լ.ո.:

 

Նախորդը

Նշմար. Երազ, Աշխատանք, Արդիւնք

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.