Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի «Դէպի պետութիւն ուղին» խորհրդաժողովի ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Լիբանան վերադարձաւ իր հունին, սակայն անկէ կը պահանջուի շարք մը բաներ ընել, եւ մենք արաբական պետութիւններէն դրամ չենք ուզեր, այլ` լաւ յարաբերութիւններ եւ գործընկերութիւններու հաստատում»:
«Չենք ուզեր, որ ոեւէ մէկը մեր ներքին հարցերուն միջամտէ կամ որեւէ պետութեան հարցերուն միջամտենք: Առաջին անգամ ըլլալով Սուրիոյ մէջ ներկայ վարչակարգը Լիբանանը իբրեւ պետութիւն ճանչցաւ, եւ միջազգային կողմերու հետ կը բանակցինք սուրիացի գաղթականներու տունդարձին շուրջ», նշեց Ռաժժի:
«Իրանի մէջ ներկայ վարչակարգի գոյատեւման հետ կապ չունինք: Մէկ բան կ՛ուզենք` Լիբանանի գերիշխանութեան յարգումը», շեշտեց լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը:
Ինչ կը վերաբերի պաղեստինեան գաղթակայաններու զինաթափման, Ռաժժի ըսաւ. «Ատիկա բացառապէս ապահովական-զինուորական թեքնիք հարց է»:
«Կը փորձենք դիւանագիտութեան եւ բարեկամական կապերու ճամբով Իսրայէլը Լիբանանէն հեռացնել», ըսաւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը:
«Ազդու պետութեան մը ստեղծման եւ օտար երկիրներու այստեղ չմիջամտելուն ճամբով երկրի կայունութիւնը կը բխի Ուաշինկթընի շահերէն», աւելցուց Ռաժժի:


